ԵԶԵԿԻԷԼԻ
Գլուխ 46
Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ներքին գաւիթին դէպի արեւելք նայող դուռը գործի վեց օրերը գոց պիտի ըլլան. միայն շաբաթ օրն ու ամսագլխուն պիտի բացուի։
2 Իշխանը այս դրանը դուրսէն սրահին ճամբայէն պիտի մտնէ, դրանը դրանդիքներուն քով պիտի կայնի։ Քահանաները անոր ողջակէզն ու խաղաղութեան զոհերը պիտի մատուցանեն։ Անիկա դրանը սեմին վրայ երկրպագութիւն պիտի ընէ ու ելլէ։ Այն դուռը մնչեւ իրիկուն պիտի չգոցուի։
3 Ու երկրին ժողովուրդը շաբաթ օրերը ու ամսագլուխները Տէրոջը առջեւ այս դրանը մուտքին մէջ երկրպագութիւն պիտի ընեն»։
4 Իշխանին շաբաթ օրը Տէրոջը մատուցանելու ողջակէզը վեց անարատ գառ ու մէկ անարատ խոյ ըլլալու է։
5 Եւ խոյին համար իբր հացի ընծայ մէկ արդու ու գառներուն համար իբր հացի ընծայ ձեռքէն եկածը եւ ամէն մէկ արդուի համար մէկ հիմէն իւղ մատուցանելու է։
6 Ու ամսագլխուն՝ արջառներէն մէկ անարատ զուարակ ու վեց գառ ու մէկ խոյ, որոնք անարատ պէտք է ըլլան։
7 Եւ զուարակին համար մէկ արդու եւ խոյին համար մէկ արդու հացի ընծայ մատուցանելու է ու գառներուն համար՝ ինչ որ ձեռքէն կու գայ եւ ամէն մէկ արդուի համար՝ մէկ հիմէն իւղ։
8 Երբ իշխանը գայ՝ դրանը սրահին ճամբէն պէտք է մտնէ եւ նոյն ճամբէն ելլէ։
9 Երկրին ժողովուրդը, եթէ հանդիսաւոր օրերու մէջ երկրպագութիւն ընելու համար Տէրոջը առջեւ գան, հիւսիսային դրանը ճամբայէն մտնողը հարաւային դրանը ճամբայէն պէտք է ելլէ ու հարաւային դրանը ճամբայէն մտնողը հիւսիսային դրանը ճամբայէն պէտք է ելլէ։ Մտած դրանը ճամբայէն թող չդառնան, հապա անոր դիմացի դռնէն ելլեն։
10 Իշխանը անոնց մտած ատենը անոնց հետ թող մտնէ ու անոնց ելած ատենը անոնց հետ թող ելլէ։
11 Տօներու մէջ ու հանդիսաւոր օրերու մէջ հացի ընծան ամէն զուարակի համար արդու մը եւ ամէն խոյի համար արդու մը պիտի ըլլայ, իսկ գառներուն համար՝ ձեռքէն եկածը։ Ամէն մէկ արդուի համար մէկ հիմէն իւղ ըլլալու է։
12 Եթէ իշխանը կամաւոր ողջակէզ մը կամ կամաւոր խաղաղութեան զոհ մը Տէրոջը մատուցանելու ըլլայ, դէպի արեւելք նայող դուռը թող բանան։ Անիկա իր ողջակէզն ու խաղաղութեան զոհը պէտք է մատուցանէ՝ ինչպէս շաբաթ օրը կը մատուցանէ ու ապա ելլէ եւ անոր ելլելէն ետքը դուռը պէտք է գոցեն։
13 Ամէն օր մէկ տարեկան անարատ գառնուկ մը Տէրոջը ողջակէզ մատուցանէ
14 Եւ անոր հետ ամէն առտու արդուին մէկ վեցերորդ մասը հացի ընծայ մատուցանէ՛ ու հիմէնին մէկ երրորդ մասը իւղ՝ նաշիհին հետ խառնելու համար. ասիկա յաւիտենական կանոնով Տէրոջը մշտնջենաւոր հացի ընծայ պիտի ըլլայ։
15 Գառնուկն ու հացի ընծան ու իւղը ամէն առտու պէտք է մատուցանեն, որպէս մշտնջենական ողջակէզ։
16 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Երբ իշխանը իր որդիներէն մէկուն պարգեւ տայ, այդ անոր որդիներուն ժառանգութիւն պիտի ըլլայ. անիկա ժառանգական կալուած մը պիտի ըլլայ անոնց։
17 Իսկ երբ ժառանգութենէն իր ծառաներէն մէկուն պարգեւ տայ, այն ատեն անիկա մինչեւ թողութեան տարին անորը պէտք է ըլլայ, բայց ետքը իշխանին պէտք է դառնայ, վասն զի իշխանին ժառանգութիւնը միայն իր որդիներուն պիտի ըլլայ։
18 Իշխանը ժողովուրդին ժառանգութենէն բան մը կտրելու չէ, զանոնք իրենց կալուածէն զրկելով։ Ան իր սեփական կալուածէն տալու է իր որդիներուն ժառանգութիւնը, որպէս զի իր ժողովուրդէն ոեւէ մէկը իր կալուածէն չզրկուի»։
19 Ապա զիս դրանը քով եղող մուտքէն քահանաներուն դէպի հիւսիս նայող սուրբ սենեակները տարաւ։ Հոն ետեւէի կողմերը դէպի արեւմուտք տեղ մը կար
20 Ու ինծի ըսաւ. «Ասիկա այն տեղն է, ուր քահանաները յանցանքի պատարագին ու մեղքի պատարագին միսը պիտի խաշեն ու հոն հացի ընծան պիտի եփեն, որ չըլլայ թէ դուրսի գաւիթը հանեն ու ժողովուրդը սրբեն»։
21 Յետոյ զիս դուրսի գաւիթը հանեց ու գաւիթին չորս անկիւններէն անցուց։ Գաւիթին ամէն մէկ անկիւնը մէկմէկ գաւիթ կար։
22 Գաւիթին չորս անկիւններուն մէջ քառասուն կանգուն երկայնութեամբ ու երեսուն՝ լայնութեամբ բոլորակաձեւ գոցուած՝ ՝ գաւիթներ կային. չորսին չափը մէկ էր։
23 Անոնց չորսին ալ բոլորտիքը, շէնքերու շարք մը կար ու այն շարքին տակ բոլորակաձեւ կրակարաններ շինուած էին։
24 Ու ինծի ըսաւ. «Ասոնք խոհանոցներն են, ուր տաճարին պաշտօնեաները ժողովուրդին զոհը պիտի եփեն»։