ԵԶԵԿԻԷԼԻ
Գլուխ 43
Զիս դէպի արեւելք նայող դուռը տարաւ։
2 Ահա արեւելեան ճամբայէն Իսրայէլի Աստուծոյն փառքը կու գար ու անոր ձայնը շատ ջուրերու ձայնին պէս էր ու երկիրը անոր փառքէն լուսաւորուեցաւ։
3 Տեսած տեսիլքս նման էր այն տեսիլքին, որ տեսայ երբ քաղաքը կործանելու եկայ։ Այս տեսիլքները Քոբար գետին քով տեսած տեսիլքիս պէս էին։ Երեսիս վրայ ինկայ
4 Եւ Տէրոջը փառքը դէպի արեւելք նայող դրանը ճամբայէն տունը մտաւ։
5 Հոգին զիս վերցուց եւ ներքին գաւիթը տարաւ։ Տէրոջը փառքը տունը լեցուցեր էր։
6 Ձայն մը լսեցի, որ տաճարէն ինծի կը խօսէր (ու իմ քովս մարդ մը կայներ էր)
7 Ու ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի որդիներուն մէջ յաւիտեան բնակելու աթոռիս տեղը եւ իմ ոտքերուս գարշապարներուն տեղը ասիկա է։ Իսրայէլի տունը իրենք ու իրենց թագաւորները, իրենց պոռնկութիւններովը ու իրենց թագաւորներուն դիակներովը իրենց բարձր տեղերուն մէջ ա՛լ իմ սուրբ անունս պիտի չպղծեն։
8 Վասն զի իրենց սեմերը իմ սեմերուս ու իրենց դրանդիքը իմ դրանդիքներուս մօտ դրին, այնպէս որ իմ ու անոնց մէջտեղ միայն պատ մը մնաց։ Իրենց ըրած գարշութիւններովը իմ սուրբ անունս պղծեցին. ես ալ իմ բարկութիւնովս խորտակեցի զանոնք։
9 Հիմա թող իրենց պոռնկութիւնը ու իրենց թագաւորներուն դիակները ինծմէ հեռացնեն, այն ատեն յաւիտեան անոնց մէջ պիտի բնակիմ»։
10 «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի տանը նկարագրէ՛ այս տաճարը, անոր երեւոյթը եւ յատակագիծը, որպէս զի ամչնան իրենց անօրէնութիւններէն։
11 Եթէ իրենց բոլոր ըրածներէն ամչնան, այն ատեն նկարագրէ՛ տաճարը, անոր կարգն ու սարքը, անոր մուտքն ու ելքը ու բոլոր ձեւերը եւ ծանօթացուր բոլոր կանոններն ու օրէնքները եւ գրէ՛ անոնց աչքերուն առջեւ, որպէս զի պահեն ու կատարեն զանոնք։
12 Այս է տաճարին օրէնքը։ Անոր բոլոր սահմանը շրջանակաձեւ լերանը գլխուն վրայ ամենասուրբ պիտի ըլլայ. ահա տաճարին օրէնքը ասիկա է։
13 Ասոնք են սեղանին չափերը կանգունով (կանգունը մէկ կանգուն ու չորս մատնաչափ է). խոր տեղը մէկ կանգուն, անոր լայնութիւնը մէկ կանգուն եւ անոր սահմանը՝ անոր եզերքին վրայ՝ շուրջանակի մէկ թիզ պիտի ըլլայ։ Այս պիտի ըլլայ սեղանին հիմը։
14 Ու գետնին խոր տեղէն մինչեւ վարի շրջանակը երկու կանգուն, անոր լայնութիւնը մէկ կանգուն պիտի ըլլայ։
15 Կրակարանը չորս կանգուն բարձր պիտի ըլլայ։ Կրակարանէն վեր չորս եղջիւր պիտի ըլլայ։
16 Կրակարանը տասներկու կանգուն երկայն ու տասներկու կանգուն լայն, չորս կողմն ալ հաւասար ըլլալով՝ քառակուսի պիտի ըլլայ։
17 Անոր բոլորտիքը եղող շրջանակը տասնըչորս կանգուն երկայն ու տասնըչորս կանգուն լայն պիտի ըլլայ։ Բոլորտիքը եղող սահմանը կէս կանգուն ու խոր տեղը շուրջանակի մէկ կանգուն պիտի ըլլայ։ Անոր աստիճանները դէպի արեւելք պիտի ըլլան»։
18 Ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ասոնք պիտի ըլլան սեղանին կանոնները՝ այն օրը որ զանիկա շինեն անոր վրայ ողջակէզներ մատուցանելու ու արիւն սրսկելու համար։
19 Սադովկի սերունդէն եղող Ղեւտացի քահանաներուն, որոնք ինծի ծառայութիւն ընելու համար ինծի պիտի մօտենան, դուն անոնց մեղքի պատարագի համար արջառներէն զուարակ մը պիտի տաս։
20 Անոր արիւնէն պիտի առնես ու սեղանին չորս եղջիւրներուն վրայ ու շրջանակին ու անոր սահմանին վրայ պիտի դնես։ Զանիկա պիտի սրբես եւ անոր համար քաւութիւն պիտի ընես։
21 Մեղքի պատարագին զուարակը պիտի առնես եւ սրբարանէն դուրս՝ տաճարին որոշուած տեղը պիտի այրես։
22 Ու երկրորդ օրը մեղքի պատարագի համար այծերէն անարատ նոխազ մը պիտի մատուցանես։ Սեղանը պիտի սրբես՝ ինչպէս զուարակով սրբեցիր։
23 Երբ սրբելը լմնցնես, արջառներէն անարատ զուարակ մը ու ոչխարներէն անարատ խոյ մը պիտի մատուցանես։
24 Զանոնք Տէրոջը առջեւ պիտի մօտեցնես ու քահանաները անոնց վրայ աղ պիտի ցանեն ու զանոնք Տէրոջը իբր ողջակէզ պիտի ընեն։
25 Եօթը օր մեղքի պատարագի համար՝ օրը մէկմէկ նոխազ պիտի մատուցանես։ Նաեւ արջառներէն զուարակ մը ու ոչխարներէն խոյ մը պիտի մատուցանես, որոնք անարատ պէտք է ըլլան։
26 Եօթը օր սեղանին քաւութիւն պիտի ընես եւ զանիկա սրբես ու նուիրես։
27 Երբ այն օրերը լմննան, ութերորդ օրը քահանաները սեղանին վրայ ձեր ողջակէզները ու ձեր խաղաղութեան զոհերը պիտի մատուցանեն եւ ես ձեզ պիտի ընդունիմ’», կ’ըսէ Տէր Եհովան։