ԵԶԵԿԻԷԼԻ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48


Գլուխ 2

Երբ տեսայ, երեսիս վրայ ինկայ ու ձայն մը լսեցի. Ան ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, ոտքերուդ վրայ կայնէ՛, որ քեզի հետ խօսիմ»։
2 Երբ ինծի հետ կը խօսէր, Հոգին իմ վրաս եկաւ եւ զիս ոտքերուս վրայ վերցուց ու ինծի հետ խօսողին ձայնը լսեցի,
3 Որ ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, ես քեզ Իսրայէլի որդիներուն, ինծի դէմ ապստամբող ազգին՝ կը ղրկեմ, որոնք՝ թէ՛ իրենք եւ թէ՛ իրենց հայրերը՝ մինչեւ այսօր ինծի դէմ յանցաւոր գտնուեցան։
4 Անոնք պնդերես եւ խստասիրտ որդիներ են։ Ես քեզ անոնց կը ղրկեմ, որ անոնց ըսես. ‘Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ’։
5 Եւ անոնք թէ՛ լսեն եւ թէ՛ զանց ընեն (քանզի անոնք ապստամբներու տուն են), պիտի գիտնան թէ իրենց մէջ մարգարէ մը կայ։
6 «Բայց դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, անոնցմէ մի՛ վախնար եւ անոնց խօսքերէն ալ մի՛ վախնար. թէեւ քու քովդ կամակոր ու ծուռ մարդիկ՝ ՝ կան եւ կարիճներու քով կը բնակիս, անոնց խօսքերէն մի՛ վախնար եւ անոնց երեսէն մի՛ զարհուրիր, թէեւ անոնք ապստամբներու տուն են։
7 Անոնց իմ խօսքերս ըսէ՛, լսեն կամ զանց ընեն, քանզի անոնք ապստամբ են։
8 «Իսկ դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, քեզի ըսածս լսէ՛, այն ապստամբ տանը պէս ապստամբ մի՛ ըլլար. բերանդ բաց ու քեզի տուածս կեր»։
9 Նայեցայ եւ ահա տեսայ ինծի երկնցած ձեռք մը, որուն մէջ տոմս մը կար։
10 Զանիկա իմ առջեւս բացաւ։ Անոր առջեւն ու ետեւը գրուած էր։ Անոր վրայ ‘Ողբեր, հառաչանք ու վա՜յ’ գրուած էին։