ԵԶԵԿԻԷԼԻ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48


Գլուխ 40

Մեր գերութեան քսանըհինգերորդ տարուան, առաջին ամսուան տասներորդ օրը, քաղաքին զարնուելուն տասնըչորրորդ տարին, նոյն օրը Տէրոջը ձեռքը իմ վրաս եղաւ ու զիս հոն տարաւ։
2 Զիս Աստուծոյ տեսիլքներով Իսրայէլի երկիրը տարաւ եւ խիստ բարձր լերան մը վրայ դրաւ։ Հոն՝ հարաւային կողմը՝ քաղաքի մը նման շինուածք մը կար։
3 Երբ զիս հոն տարաւ, մարդ մը ելաւ, որուն երեւոյթը պղնձի պէս էր եւ որուն ձեռքը քթանէ լար մը ու չափելու համար եղէգ մը կար։ Անիկա դուռը կայներ էր։
4 Այն մարդը ինծի ըսաւ. ‘Որդի՛ մարդոյ, աչքերովդ տե՛ս ու ականջներովդ լսէ՛ ու բոլոր ցուցուցածներուս ուշադրութիւն ըրէ՛, վասն զի դուն հոս բերուեցար որպէս զի այս բաները քեզի ցուցնեմ, որ տեսածդ Իսրայէլի տանը պատմես’։
5 Դուրսէն տանը շուրջը պարիսպ մը կար։ Այն մարդուն ձեռքը չափելու համար վեց կանգուն երկայն եղէգ մը կար (կանգունը մէկ կանգուն ու չորս մատնաչափ հաշուելով)։ Երբ չափեց պարիսպին լայնութիւնը՝ եղէգ մը ու բարձրութիւնը եղէգ մըն էր։
6 Անիկա դէպի արեւելք նայող դուռը եկաւ ու աստիճաններուն վրայ ելաւ։ Դրանը մէկ սեմը եղէգ մը լայն էր։
7 Ամէն մէկ խուցը եղէգ մը երկայն ու եղէգ մը լայն էր ու խուցերուն միջոցը հինգ կանգուն էր։ Դրանը սրահին քով եղող դրանը սեմը ներսէն մէկ կանգուն էր։
8 Անիկա դրանը սրահը ներսէն մէկ եղէգ չափեց։
9 Դրանը սրահը ութը կանգուն չափեց ու անոր դրանդիքը երկու կանգուն էր ու դրանը սրահը ներսի կողմէն էր։
10 Արեւելեան դրանը խուցերը՝ մէկ կողմէն երեք ու միւս կողմէն երեք հատ էին, երեքին չափը նոյնն էր եւ դրանդիքներուն չափը մէկ կողմէն ու միւս կողմէն նոյնն էր։
11 Դրանը մուտքին լայնութիւնը տասը կանգուն չափեց, դրանը երկայնութիւնը՝ տասներեք կանգուն։
12 Խուցերուն առջեւ մէկ կողմէն մէկ կանգունի բացուածք ու միւս կողմէն մէկ կանգունի բացուածք մը կար։ Խուցերը մէկ կողմէն՝ վեց կանգուն ու միւս կողմէն վեց կանգուն էին։
13 Դուռը չափեց՝ մէկ խուցին տանիքէն մինչեւ միւսին տանիքը՝ լայնութիւնը տասնըհինգ կանգուն էր։ Մուտքերը իրարու դէմ էին։
14 Դրանդիքը վաթսուն կանգուն չափեց մինչեւ դրան շուրջի գաւիթին դրանդիքը։
15 Մուտքի դրան ճակատէն մինչեւ ներքին գաւիթը յիսուն կանգուն էր։
16 Խուցերուն եւ անոնց դրանդիքներուն քով, դրանը ներսի կողմէն կլոր վանդակապատ պատուհաններ ունէին։ Սրահներն ալ այսպէս էին։ Ներսի կողմէն կլոր պատուհաններ ունէին եւ դրանդիքներուն վրայ արմաւենիներ կային։
17 Զիս դուրսի գաւիթը մտցուց եւ հոն ալ սենեակներ ու գաւիթին համար շինուած կլոր սալայատակ մը կար. սալայատակին շուրջը երեսուն սենեակ կար։
18 Դռներուն քովի սալայատակը դռներուն երկայնութեանը դէմ եղող վարի սալայատակն էր։
19 Ու անիկա վարի դրանը առջեւէն մինչեւ ներքին սրահին առջեւ դուրսէն՝ դէպի արեւելք ու հիւսիս՝ լայնութիւնը հարիւր կանգուն չափեց։
20 Եւ դուրսի գաւիթին դէպի հիւսիս նայող դրանը երկայնութիւնը ու լայնութիւնը չափեց։
21 Մէկ կողմը երեք խուցեր ունէր ու երեք հատ ալ միւս կողմը։ Անոր դրանդիքներն ու սրահները առաջին դրանը չափովն էին։ Անոր երկայնութիւնը՝ յիսուն կանգուն ու լայնութիւնը քսանըհինգ կանգուն էր։
22 Պատուհաններն ու սրահները ու արմաւենիները դէպի արեւելք նայող դրանը չափովն էին։ Եօթը աստիճանով կ’ելլէին այն դուռը, որուն առջեւ էին սրահները։
23 Ներսի գաւիթը դուռ մը ունէր՝ հիւսիսային դրանը ու արեւելեան դրանը դէմ։ Մէկ դռնէն մինչեւ միւս դուռը հարիւր կանգուն չափեց։
24 Ապա զիս հարաւային կողմը տարաւ։ Հոն ալ դուռ մը կար։ Անոր դրանդիքներն ու սրահները չափեց, որոնք նոյն չափերը ունէին։
25 Անոր սրահներուն շուրջը նոյն պատուհաններուն պէս պատուհաններ ունէին։ Անոր երկայնութիւնը՝ յիսուն կանգուն ու լայնութիւնը քսանըհինգ կանգուն էր։
26 Այն դուռը ելլելու համար եօթը աստիճան կար։ Անոր սրահները անոնց առջեւ էին։ Անոր դրանդիքներուն վրայ մէկ կողմէն ու միւս կողմէն արմաւենիներ կային։
27 Ներսի գաւիթը դուռ մը ունէր՝ դէպի հարաւ։ Մէկ դռնէն մինչեւ միւս դուռը՝ դէպի հարաւ՝ հարիւր կանգուն չափեց։
28 Զիս հարաւային դռնէն ներսի գաւիթը մտցուց։ Հարաւային դուռը չափեց, որ նոյն չափերուն համեմատ էր։
29 Անոր խուցերն ու դրանդիքներն ու սրահները նոյն չափերը ունէին։ Անոր ու անոր սրահներուն շուրջը պատուհաններ կային։ Անոր երկայնութիւնը յիսուն կանգուն ու լայնութիւնը քսանըհինգ կանգուն էր։
30 Շուրջի սրահները քսանըհինգ կանգուն երկայն ու հինգ կանգուն լայն էին։
31 Սրահները դէպի դուրսի գաւիթն էին։ Դրանդիքներուն վրայ արմաւենիներ կային։ Այն դուռը ելլելու համար ութը աստիճան կար։
32 Զիս ներսի գաւիթը տարաւ դէպի արեւելք ու դուռը չափեց, որ նոյն չափերը ունէր։
33 Անոր խուցերն ու դրանդիքներն ու սրահները նոյն չափերը ունէին։ Անիկա ու անոր սրահները շուրջանակի պատուհաններ ունէին. անոր երկայնութիւնը՝ յիսուն կանգուն ու լայնութիւնը քսանըհինգ կանգուն էր։
34 Անոր սրահները դէպի դուրսի գաւիթն էին։ Անոր դրանդիքները մէկ կողմէն ու միւս կողմէն արմաւենիներ ունէին։ Այն դուռը ելլելու համար ութը աստիճան կար։
35 Զիս հիւսիսային դուռը տարաւ ու նոյն չափերուն համեմատ չափեց
36 Խուցերը, դրանդիքներն ու սրահները, որոնց շուրջ պատուհաններ կային։ Անոր երկայնութիւնը՝ յիսուն կանգուն ու լայնութիւնը քսանըհինգ կանգուն էր։
37 Անոր դրանդիքները դէպի դուրսի գաւիթն էին ու դրանդիքները մէկ կողմէն ու միւս կողմէն արմաւենիներ ունէին։ Այն դուռը ելլելու համար ութը աստիճան կար։
38 Սենեակ մը կար, որուն մուտքը դռներուն քովի դրանդիքներուն մօտ էր։ Ողջակէզը հոն կը լուային։
39 Դրանը սրահին մէջ մէկ կողմէն՝ երկու սեղան ու միւս կողմէն երկու սեղան կար, որպէս զի անոնց վրայ ողջակէզն ու մեղքի պատարագն ու յանցանքի պատարագը մորթեն։
40 Եւ հիւսիսային մուտքի դրան դուրսի կողմը՝ երկու սեղան ու միւս կողմը եղող դրանը սրահին մէջ երկու սեղան կար։
41 Դրանը քով մէկ կողմէն չորս սեղան ու միւս կողմէն չորս սեղան կար, բոլորը ութը սեղան։ Անոնց վրայ կը մորթէին։
42 Չորս սեղանները, որոնք ողջակէզի համար էին, տաշուած քարէ մէկ ու կէս կանգուն երկայն ու մէկ ու կէս կանգուն լայն ու մէկ կանգուն բարձր էին։ Ողջակէզն ու զոհը մորթելու գործիքները անոնց վրայ կը դնէին։
43 Ներսէն կլոր չորս մատնաչափ եզերք մը՝ ՝ շինուած էր ու սեղաններուն վրայ զոհին միսը կը դրուէր։
44 Ներսի դրանը դուրսի կողմը, հիւսիսային դրանը քով եղող ներսի գաւիթին մէջ, երգողներուն համար սենեակներ կային։ Անոնց երեսը դէպի հարաւ էր։ Մէկը արեւելեան դրանը քով էր ու երեսը դէպի հիւսիս էր։
45 Ինծի ըսաւ. «Այն սենեակը, որ դէպի հարաւ կը նայի, տանը պահպանութիւնը ընող քահանաներուն համար է։
46 Այն սենեակը, որ դէպի հիւսիս կը նայի, սեղանին պահպանութիւնը ընող քահանաներուն համար է։ Անոնք Սադովկի որդիներն են, որոնք Ղեւիի որդիներէն Տէրոջը կը մօտենան՝ անոր ծառայութիւն ընելու համար։
47 Գաւիթը չափեց, որուն երկայնութիւնը՝ հարիւր կանգուն ու լայնութիւնը հարիւր կանգուն էր։ Անիկա քառակուսի էր։ Սեղանը տանը առջեւ էր։
48 Զիս տանը սրահը տարաւ։ Սրահին դրանդիքները չափեց՝ հինգ կանգուն մէկ կողմէն ու հինգ կանգուն միւս կողմէն էր։ Դրանը լայնութիւնը մէկ կողմէն երեք կանգուն ու միւս կողմէն երեք կանգուն էր։
49 Սրահին երկայնութիւնը՝ քսան կանգուն ու լայնութիւնը տասնըմէկ կանգուն էր։ Հոն [տասը] աստիճաններով կ’ելլէին։ Դրանդիքներուն քով երկու սիւներ կային։ Մէկը՝ մէկ կողմէն, միւսն ալ՝ միւս կողմէն։