Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36


Գլուխ 1

Դաւիթին որդին՝ Սողոմոն՝ իր թագաւորութեանը մէջ զօրացաւ ու իր Տէր Աստուածը իր հետն էր ու Աստոած զինք խիստ մեծցուց։
2 Սողոմոն բոլոր Իսրայէլի, այսինքն հազարապետներուն, հարիւրապետներուն, դատաւորներուն ու բոլոր Իսրայէլի տոհմապետներուն, խօսեցաւ։
3 Սողոմոն ու բոլոր ժողովուրդը իր հետ Գաբաւոնի բարձր տեղը գացին. քանզի Տէրոջը ծառային՝ Մովսէսին անապատին մէջ շինած՝ Աստուծոյ վկայութեան խորանը հոն էր.
4 Միայն թէ Դաւիթ Աստուծոյ տապանակը Կարիաթարիմէն իր պատրաստած տեղը տարեր էր. քանզի Երուսաղէմի մէջ անոր վրան մը կանգներ էր,
5 Սակայն Ովրեան Ուրիին որդիին Բեսելիէլին շինած պղնձէ սեղանը Տէրոջը խորանին առջեւն էր եւ Սողոմոն ու ժողովուրդը զանիկա փնտռեցին։
6 Սողոմոն հոն Տէրոջը առջեւ վկայութեան խորանին պղնձէ սեղանին քով ելաւ՝ ՝ ու անոր վրայ հազար ողջակէզ մատուցանեց։
7 Այն գիշեր Աստուած Սողոմոնին երեւցաւ ու ըսաւ. «Խնդրէ՛, քեզի ի՞նչ տամ»։
8 Սողոմոն Աստուծոյ ըսաւ. «Դուն իմ հօրս Դաւիթին մեծ ողորմութիւն ըրիր ու զիս անոր տեղ թագաւոր ըրիր։
9 Հիմա, ո՛վ Տէր Աստուած իմ հօրս Դաւիթին ըրած խոստումդ հաստատ թող մնայ. քանզի դուն զիս երկրի հողին չափ շատ ժողովուրդի վրայ թագաւոր ըրիր։
10 Ինծի իմաստութիւն ու գիտութիւն տուր, որպէս զի այս ժողովուրդին առջեւ ելլեմ ու մտնեմ. վասն զի այս քու մեծ ժողովուրդդ ո՞վ կրնայ դատել»։
11 Աստուած Սողոմոնին ըսաւ. «Որովհետեւ քու սրտիդ մէջ այս փափաքը ունեցար ու հարստութիւն, ստացուածք, փառք եւ քու թշնամիներուդ հոգին կամ երկար կեանք չխնդրեցիր, հապա քեզի իմաստութիւն ու գիտութիւն խնդրեցիր, որպէս զի դատես իմ ժողովուրդս՝ որուն վրայ քեզ թագաւոր ըրի,
12 Ուրեմն իմաստութիւն ու գիտութիւն պիտի տրուի քեզի եւ հարստութիւն, ստացուածք ու փառք ալ պիտի տամ քեզի։ Այնպէս որ քեզմէ առաջ եղող թագաւորներուն այնպէս եղած չէ, որ քեզմէ ետքը եկողներուն ալ այնպէս պիտի չըլլայ»։
13 Սողոմոն Գաբաւոնին բարձր տեղէն՝ վկայութեան խորանին առջեւէն Երուսաղէմ դարձաւ ու Իսրայէլի վրայ թագաւորութիւն ըրաւ։
14 Սողոմոն կառքեր ու ձիաւորներ հաւաքեց ու անիկա հազար չորս հարիւր կառք ու տասներկու հազար ձիաւոր ունեցաւ։ Զանոնք կառքի քաղաքներուն մէջ ու թագաւորին քով Երուսաղէմի մէջ տեղաւորեց։
15 Թագաւորը Երուսաղէմի մէջ արծաթն ու ոսկին քարերու պէս ըրաւ ու եղեւնափայտը շատութենէն՝ դաշտի մէջ եղող մոլաթզենիներուն պէս ըրաւ։
16 Սողոմոնին ձիերը Եգիպտոսէն կու գային ու թագաւորին վաճառականներուն կարաւանը որոշուած գնով մը ձիերու երամակներ ծախու կ’առնէին։
17 Եգիպտոսէն կառք մը վեց հարիւր արծաթով դուրս կը հանէին ու մէկ ձին՝ հարիւր յիսուն արծաթով։ Քետացիներուն բոլոր թագաւորներուն համար եւ Ասորիներուն բոլոր թագաւորներուն համար ալ՝ անոնց ձեռքով կ’արտածէին։