Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36


Գլուխ 19

Յուդայի Յովսափատ թագաւորը խաղաղութեամբ Երուսաղէմ իր տունը դարձաւ։
2 Անանիին որդին Յէու տեսանողը անոր դէմ ելաւ ու Յովսափատ թագաւորին ըսաւ. «Պէ՞տք էր որ մեղաւորին օգնէիր ու Տէրը ատողները սիրէիր։ Ահա ասոր համար Տէրը քեզի դէմ բարկացած է։
3 Բայց քու վրադ բարի բաներ գտնուեցան. քանզի Աստարովթին կուռքերը երկրէն բնաջինջ ըրիր ու քու սիրտդ Աստուած փնտռելու պատրաստեցիր»։
4 Յովսափատ Երուսաղէմի մէջ կը բնակէր ու նորէն ելաւ ժողովուրդին մէջ պտըտեցաւ, Բերսաբէէէն մինչեւ Եփրեմին լեռը ու զանոնք իրենց հայրերուն Տէր Աստուծոյն դարձուց։
5 Երկրին մէջ բոլոր քաղաքներուն դատաւորներ դրաւ, նոյնպէս Յուդային բոլոր պարսպապատ քաղաքներուն մէջ։
6 Դատաւորներուն ըսաւ. «Նայեցէ՛ք թէ ի՛նչ կ’ընէք, քանզի ձեր դատաստանը մարդու չվերաբերիր, հապա Տէրոջը, որ դատաստանի մէջ ձեզի հետ է։
7 Ուրեմն Տէրոջը վախը ձեր վրայ ըլլայ, զգուշութեամբ գործեցէք. քանզի մեր Տէր Աստուծոյն քով անիրաւութիւն, աչառութիւն ու կաշառք չկայ»։
8 Յովսափատ Երուսաղէմի մէջ ալ որոշ թուով Ղեւտացիներ ու քահանաներ ու Իսրայէլէն նահապետներ որոշեց՝ Տէրոջը դատաստանին եւ վիճելի հարցերը վճռելու համար։ Անոնք Երուսաղէմ դարձան։
9 Անոնց պատուէր տուաւ ու ըսաւ. «Տէրոջը վախովը, հաւատարմութեամբ եւ ուղիղ սրտով ըրէք։
10 Երբ քաղաքներուն մէջ բնակող ձեր եղբայրներէն դատ մը գայ ձեր առջեւ՝ թէ՛ արիւնահեղութեան, թէ՛ օրէնքի ու պատուիրանքի եւ թէ՛ կանոններու եւ օրէնքներու, անոնց խրատ տուէք, որ Տէրոջը դէմ յանցանք չգործեն. որպէս զի ձեր վրայ ու ձեր եղբայրներուն վրայ բարկութիւն չգայ։ Այսպէս ըրէք, որպէս զի յանցաւոր չըլլաք։
11 Ահա Տէրոջը ոեւէ գործի համար Ամարիա մեծ քահանան ձեր առաջնորդն է ու թագաւորին ոեւէ գործի համար Յուդային տանը իշխանը Իսմայէլին որդին Զաբադիան ու ձեր առջեւէն Ղեւտացիները ոստիկաններ են։ Զօրացէք ու այսպէս ըրէք ու Տէրը բարիին հետ պիտի ըլլայ»։