Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ
Գլուխ 10
Ռոբովամ Սիւքէմ գնաց. վասն զի բոլոր Իսրայէլ զանիկա թագաւոր ընելու համար Սիւքէմ գացեր էր։
2 Նաբատեան Յերոբովամը, որ Սողոմոն թագաւորին երեսէն փախած Եգիպտոս կը բնակէր, այս բանը լսելով Եգիպտոսէն դարձաւ
3 Եւ մարդ ղրկելով զանիկա կանչեցին ու Յերոբովամ եւ բոլոր Իսրայէլ եկան ու Ռոբովամին հետ խօսեցան ու ըսին.
4 «Քու հայրդ մեր վրայ ծանր լուծ մը դրաւ ու հիմա քու հօրդ դաժան ծառայութիւնն ու մեր վրայ դրած ծանր լուծը թեթեւցուր, որ քեզի ծառայութիւն ընենք»։
5 Անիկա ըսաւ անոնց. «Երեք օր ետքը ինծի եկէք»։ Ժողովուրդը գնաց։
6 Ռոբովամ թագաւորը խորհուրդ հարցուց այն ծերերուն, որոնք իր հօրը Սողոմոնին առջեւ կը կենային, երբ անիկա ողջ էր ու ըսաւ. «Դուք ինծի ի՞նչ խորհուրդ կու տաք, որ այս ժողովուրդին պատասխան տամ»։
7 Անոնք խօսեցան ու ըսին. «Եթէ այս ժողովուրդին հետ քաղցրութեամբ վարուիս ու անոնց հաճելի ըլլաս ու անոնց բարի խօսքեր խօսիս, այն ատեն անոնք միշտ քեզի ծառայ պիտի ըլլան»։
8 Բայց անիկա ծերերուն իրեն տուած խորհուրդը մերժեց ու իր առջեւ կեցող ու իրեն հետ մեծցած երիտասարդներուն խորհուրդ հարցուց
9 Եւ անոնց ըսաւ. «Դուք ի՞նչ խորհուրդ կու տաք, որ այս ժողովուրդին պատասխան տամ. քանզի անոնք ինծի խօսեցան ու ըսին. ‘Քու հօրդ մեր վրայ դրած լուծը թեթեւցուր’»։
10 Անոր հետ մեծցած երիտասարդները անոր խօսեցան ու ըսին. «Քու հայրդ մեր լուծը ծանրացուց ու դուն մեր վրայէն թեթեւցուր՝ ըսող ժողովուրդին այսպէս խօսիր ու անոնց այսպէս ըսէ. ‘Իմ պզտիկ մատս իմ հօրս մէջքէն հաստ է։
11 Իմ հայրս ձեր վրայ ծանր լուծ դրեր է, բայց ես ձեր լուծը աւելի պիտի ծանրացնեմ։ Իմ հայրս ձեզ խարազաններով խրատեր է, բայց ես ձեզ կարիճներով պիտի խրատեմ’»։
12 Յերոբովամ ու բոլոր ժողովուրդը երրորդ օրը Ռոբովամին եկան, ինչպէս թագաւորը ըսեր էր թէ՝ «Երրորդ օրը ինծի եկէք»։
13 Թագաւորը անոնց խստութեամբ պատասխան տուաւ։ Ռոբովամ թագաւորը ծերերուն խորհուրդը մերժելով,
14 Երիտասարդներուն խորհուրդին պէս անոնց հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Իմ հայրս ձեր լուծը ծանրացուցեր էր, բայց ես զանիկա աւելի պիտի ծանրացնեմ։ Իմ հայրս ձեզ խարազաններով խրատեր էր, բայց ես ձեզ կարիճներով պիտի խրատեմ»։
15 Թագաւորը ժողովուրդին խօսքին մտիկ չըրաւ. վասն զի այս բանը Աստուծմէ եղաւ, որպէս զի Տէրը Սիլօնացի Աքիային միջոցով Նաբատեան Յերոբովամին ըսած խօսքը կատարէ։
16 Երբ բոլոր Իսրայէլ տեսաւ որ թագաւորը իրենց մտիկ չըրաւ, ժողովուրդն ալ թագաւորին պատասխան տուին ու ըսին. «Մենք Դաւիթին քով ի՞նչ բաժին ունինք ու Յեսսէին որդիին քով ժառանգութիւն չունինք։ Ո՛վ Իսրայէլ, թող ամէն մարդ իր վրանը դառնայ։ Ո՛վ Դաւիթ, հիմա դուն քու տունդ հոգայ»։ Բոլոր Իսրայէլ իրենց վրանները գացին։
17 Բայց Յուդային քաղաքներուն մէջ բնակող Իսրայէլին որդիներուն վրայ Ռոբովամ թագաւոր եղաւ։
18 Ռոբովամ թագաւորը, երբ հարկերուն վրայ եղող Ադորամը ղրկեց, Իսրայէլին որդիները զանիկա քարկոծեցին ու մեռցուցին։ Ռոբովամ թագաւորը արտորալով կառքը հեծաւ, որպէս զի Երուսաղէմ փախչի։
19 Այսպէս Իսրայէլ Դաւիթին տան դէմ ապստամբ մնաց մինչեւ այսօր։