Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36


Գլուխ 16

Ասային թագաւորութեան երեսունըվեցերորդ տարին Իսրայէլի Բաասա թագաւորը Յուդային դէմ ելաւ ու Ռաման շինեց, որպէս զի չթողու որ Յուդայի Ասա թագաւորին քով մարդ մտնէ ու ելլէ։
2 Ասա Տէրոջը տանն ու թագաւորին տանը գանձերէն արծաթ ու ոսկի հանեց ու Դամասկոս բնակող Ասորիներու թագաւորին՝ Բենադադին ղրկեց՝ ըսելով.
3 «Իմ ու քու մէջտեղ դաշինք կայ։ Ահա քեզի արծաթ ու ոսկի կը ղրկեմ. եկո՛ւր, Իսրայէլի Բաասա թագաւորին հետ ունեցած դաշինքդ աւրէ, որպէս զի անիկա իմ վրայէս ետ քաշուի»։
4 Բենադադ Ասա թագաւորին խօսքին մտիկ ըրաւ եւ իր զօրագլուխները Իսրայէլի քաղաքներուն վրայ ղրկեց ու Իյօնը, Դանը, Աբէլմայիմն ու Նեփթաղիմին բոլոր շտեմարանի քաղաքները զարկին։
5 Բաասա այս բանը լսելով՝ Ռաման շինելէն ետ կեցաւ ու գործը դադրեցուց։
6 Ուստի Ասա թագաւորը բոլոր Յուդան առաւ ու Բաասային շինած Ռամայի քարերն ու փայտերը վերցուցին ու անոնցմով Գաբան ու Մասփան շինեցին։
7 Այն ատեն Անանի տեսանողը Յուդային Ասա թագաւորին եկաւ ու անոր ըսաւ. «Քանի որ Ասորիներուն թագաւորին ապաւինեցար ու քու Տէր Աստուծոյդ չ’ապաւինեցար, անոր համար Ասորիներուն թագաւորին զօրքը քու ձեռքէդ ազատեցաւ։
8 Միթէ Եթովպիացիներն ու Լիբէացիները խիստ շատ կառքերով ու ձիաւորներով բազմաթիւ զօրք չէի՞ն. բայց որովհետեւ դուն Տէրոջը ապաւինեցար՝ զանոնք քու ձեռքդ մատնեց.
9 Քանզի Տէրոջը աչքերը բոլոր երկիրը կը դիտեն, որպէս զի իրեն ուղիղ սրտով յարողները ուժովցնէ։ Դուն այդ բանին մէջ անմտութիւն ըրիր. ասկէ ետքը պատերազմներ պիտի ունենաս»։
10 Ասա՝ տեսանողին սրդողեցաւ ու զանիկա բանտը դրաւ, վասն զի այս բանին համար խիստ բարկացաւ անոր։ Այն ատեն Ասա ժողովուրդէն մէկ քանիներ հարստահարեց։
11 Եւ Ասայի առաջին ու վերջին պատմութիւնը ահա Յուդայի ու Իսրայէլի թագաւորներուն գրքին մէջ գրուած է։
12 Ասա իր թագաւորութեանը երեսունըիններորդ տարին ոտքի ցաւով հիւանդացաւ ու անոր հիւանդութիւնը ծանրացաւ եւ իր հիւանդութեանը մէջ ալ Տէրը չփնտռեց, հապա բժիշկներ փնտռեց։
13 Ասա իր հայրերուն հետ քնացաւ ու անիկա իր թագաւորութեան քառասունըմէկերորդ տարին մեռաւ։
14 Զանիկա Դաւիթին քաղաքին մէջ իրեն համար փորուած գերեզմանը թաղեցին եւ զանիկա խունկերով ու իւղագործի արուեստին զանազան բաղադրութիւններովը լեցուն անկողինի մը մէջ պառկեցուցին ու անոր վրայ խիստ շատ խունկեր ծխեցին։