Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ
Գլուխ 25
Ամասիա քսանըհինգ տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ քսանըինը տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Յովադան էր ու Երուսաղեմացի էր։
2 Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ, բայց ոչ կատարեալ սրտով։
3 Երբ թագաւորութիւնը անոր վրայ հաստատուեցաւ՝ իր ծառաները մեռցուց, որոնք իր թագաւոր հայրը սպաններ էին.
4 Բայց անոնց որդիները չմեռցուց, ինչպէս Մովսէսին օրինաց գրքին մէջ գրուած է։ Տէրը պատուիրեց՝ ըսելով. «Տղոց յանցանքին համար հայրերը չմեռցուին ու հայրերուն յանցանքին համար տղաքը չմեռցուին, հապա ամէն մարդ իր յանցանքին համար պիտի մեռցուի»։
5 Ամասիա Յուդան հաւաքեց ու անոնց տոհմերուն վրայ հազարապետներ ու հարիւրապետներ դրաւ՝ բոլոր Յուդայի ու Բենիամինի մէջ եւ քսան տարեկանէն վեր եղողները համրեց ու պատերազմի ելլող եւ նիզակ ու վահան կրող երեք հարիւր հազար ընտիր զօրք գտաւ։
6 Անիկա հարիւր տաղանդ արծաթով Իսրայէլէն հարիւր հազար զօրաւոր կտրիճներ վարձեց։
7 Աստուծմէ մարդ մը եկաւ անոր ու ըսաւ. «Ո՛վ թագաւոր, Իսրայէլի զօրքը քեզի հետ մի՛ տանիր, քանզի Տէրը Իսրայէլի հետ՝ այսինքն բոլոր Եփրեմի որդիներուն հետ չէ.
8 Բայց եթէ դուն երթալ կ’ուզես, գնա՛ ու պատերազմի համար ուժովցի՛ր, բայց Աստուած թշնամիին առջեւ պիտի կործանէ քեզ, քանզի օգնելու ու կործանելու զօրութիւնը Աստուծոյ ձեռքն է»։
9 Ամասիա Աստուծոյ մարդուն ըսաւ. «Հապա ի՞նչպէս պիտի ըլլայ այն հարիւր տաղանդը, որ ես Իսրայէլի զօրքին տուի»։ Աստուծոյ մարդը ըսաւ. «Տէրը քեզի անկէ աւելին կրնայ տալ»։
10 Ամասիա Եփրեմէն իրեն եկող գունդերը զատեց, որպէս զի իրենց տեղը երթան ու անոնք Յուդայէն խիստ սրդողեցան ու սաստիկ բարկութեամբ իրենց տեղերը դարձան։
11 Ամասիա ուժովցաւ ու իր զօրքը հանեց ու Աղի ձորը գնաց եւ Սէիրի որդիներէն տասը հազար հոգի զարկաւ։
12 Յուդայի որդիներէն տասը հազար ալ ողջ գերի առին եւ քարաժայռին գլուխը տարին ու զանոնք քարաժայռին գլխէն վար ձգեցին ու ամէնքն ալ կտոր կտոր եղան։
13 Այն զօրքերը, որոնք Ամասիա ետ ղրկեց, որպէս զի իրեն հետ պատերազմի չերթան, Յուդայի քաղաքներուն վրայ յարձակեցան՝ Սամարիայէն մինչեւ Բեթորոն ու անոնցմէ երեք հազար մարդ մեռցուցին եւ շատ աւար առին։
14 Երբ Ամասիա Եդովմայեցիները ջարդելէն դարձաւ, Սէիրի որդիներուն աստուածները բերաւ ու զանոնք կանգնեցուց, որպէս զի իրեն աստուածներ ըլլան։ Անոնց առջեւ երկրպագութիւն կ’ընէր ու անոնց խունկ կը ծխէր։
15 Տէրոջը բարկութիւնը Ամասիային վրայ բորբոքեցաւ եւ անոր մարգարէ մը ղրկեց՝ ըսելով. «Դուն ինչո՞ւ դիմեցիր այն ժողովուրդին աստուածներուն, որոնք չկրցան իրենց ժողովուրդը քու ձեռքէդ ազատել»։
16 Երբ անոր հետ կը խօսէր, թագաւորը ըսաւ անոր. «Միթէ քեզ թագաւորի խորհրդակա՞ն դրին. լո՛ւռ կեցիր, չըլլայ որ՝ ՝ մեռցուիս»։ Մարգարէն կեցաւ ու ըսաւ. «Աղէկ գիտեմ թէ Աստուած որոշեր է քեզ կորսնցնել, որովհետեւ իմ խրատիս մտիկ չընելով՝ այդ բանը ըրիր»։
17 Յուդայի Ամասիա թագաւորը խորհուրդ ըրաւ ու Իսրայէլի թագաւորին, Յէուին որդիին Յովաքազին որդիին Յովասին մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Եկո՛ւր, երես երեսի տեսնուինք»։
18 Իսրայէլի Յովաս թագաւորը Յուդայի Ամասիա թագաւորին մարդ ղրկեց ու ըսաւ. «Լիբանանի փուշը Լիբանանի եղեւնափայտին պատգամ ղրկեց՝ ըսելով. ‘Քու աղջիկդ իմ տղուս կնութեան տուր’. բայց Լիբանանի մէջ եղող դաշտի գազանը անցաւ ու փուշը կոխկռտեց։
19 Դուն՝ ‘ահա Եդովմը զարկի’, ըսիր ու քու սիրտդ քեզ բարձրացնելով հպարտացուց. հիմա քու տունդ նստէ. քանզի ինչո՞ւ համար չարութեան խառնուիս, որ իյնաս դուն ու քեզի հետ Յուդան ալ»։
20 Բայց Ամասիա մտիկ չըրաւ. քանզի ասիկա Աստուծմէ եղաւ, որպէս զի զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքը մատնէ, Եդովմայեցիներուն աստուածները փնտռելուն համար։
21 Ուստի Իսրայէլի Յովաս թագաւորը ելաւ ու ինք ու Յուդայի Ամասիա թագաւորը Յուդայի Բեթսամիւսին մէջ երես երեսի տեսնուեցան։
22 Եւ Յուդա Իսրայէլէն յաղթուեցաւ ու ամէն մարդ իր վրանը փախաւ։
23 Իսրայէլի Յովաս թագաւորը՝ Յովաքազի որդիին Յովասին որդին Ամասիան, Յուդայի թագաւորը, Բեթսամիւսի մէջ բռնեց ու զանիկա Երուսաղէմ տարաւ ու Եփրեմի դռնէն մինչեւ Անկեան դուռը՝ Երուսաղէմի պարսպէն չորս հարիւր կանգուն փլցուց։
24 Բոլոր ոսկին ու արծաթը եւ Աստուծոյ տանը մէջ գտնուած՝ Աբդեդօմին քովի բոլոր ամաններն ու թագաւորին տանը գանձերը եւ պատանդներ ալ առաւ ու Սամարիա դարձաւ։
25 Յուդայի թագաւորը՝ Յովասին որդին Ամասիան՝ Իսրայէլի թագաւորին Յովաքազին որդիին Յովասին մեռնելէն ետքը տասնըհինգ տարի ապրեցաւ։
26 Ամասիային մնացորդ պատմութիւնը, առաջինն ու վերջինը, ահա Յուդայի ու Իսրայէլի թագաւորներուն գրքին մէջ գրուած է։
27 Ամասիա, երբ Տէրոջը հետեւելէն խոտորեցաւ, անոր դէմ Երուսաղէմի մէջ դաւաճանութիւն ըրին ու անիկա Լաքիս փախաւ. բայց անոր ետեւէն Լաքիս մարդ ղրկեցին ու զանիկա հոն մեռցուցին։
28 Ձիերով բերին ու իր հայրերուն հետ Յուդայի քաղաքին մէջ թաղեցին։