Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36


Գլուխ 26

Բոլոր Յուդայի ժողովուրդը Ոզիան առին, որ տասնըվեց տարեկան էր ու զանիկա իր հօրը՝ Ամասիային տեղը թագաւոր ըրին։
2 Ասիկա Ելաթը շինեց ու թագաւորին իր հայրերուն հետ քնանալէն ետքը զայն Յուդային վերադարձուց։
3 Ոզիան տասնըվեց տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ յիսունըերկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Յեքէլիա էր, որ Երուսաղեմացի էր։
4 Անիկա Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ՝ իր հօրը Ամասիային ըրածին պէս։
5 Աստուծոյ տեսիլքներուն հմուտ եղող Զաքարիային օրերը Աստուած կը փնտռէր։ Տէրը փնտռած օրը Աստուած անոր յաջողութիւն կու տար։
6 Ան գնաց Փղշտացիներուն հետ պատերազմ ըրաւ եւ Գէթին պարիսպը, Յաբնէին պարիսպը ու Ազովտոսի պարիսպը փլցուց եւ Ազովտոսի գաւառին մէջ ու Փղշտացիներու միւս երկիրներուն մէջ քաղաքներ շինեց։
7 Աստուած անոր օգնութիւն ըրաւ Փղշտացիներուն դէմ ու Գուր-Բահաղ բնակող Արաբացիներուն դէմ ու Մաոնացիներուն դէմ։
8 Եւ Ամմոնացիները Ոզիային ընծաներ տուին ու անոր անունը մինչեւ Եգիպտոսի մուտքը տարածուեցաւ, քանզի անիկա խիստ ուժովցաւ։
9 Ոզիան Երուսաղէմի մէջ՝ Անկեան դրանը վրայ ու Ձորի դրանը վրայ եւ պարսպին դարձուածքին վրայ աշտանակներ շինեց ու զանոնք ամրացուց։
10 Եւ անապատին մէջ ալ աշտարակներ շինեց ու շատ ջրհորներ փորեց. քանզի անիկա դաշտի մէջ ու հովիտի մէջ շատ անասուններ ու լեռնակողմը նաեւ Կարմեղոս լեռը երկրագործներ ու այգեգործներ ունէր. քանզի երկրագործութիւնը կը սիրէր։
11 Ոզիան, Յէիէլ դպրապետին ու Մաասիա ոստիկանին ձեռքով համրուած թիւին համեմատ, թագաւորին իշխաններէն Անանիային ձեռքին տակ՝ գունդով պատերազմի ելլող զօրքեր ունէր։
12 Բոլոր զօրաւոր կտրիճներուն տոհմապետներուն թիւը երկու հազար վեց հարիւր էր։
13 Անոնց ձեռքին տակ երեք հարիւր եօթը հազար հինգ հարիւր պատերազմող մարդ կար, որոնք մեծ ուժով կը պատերազմէին ու թշնամիին դէմ թագաւորին օգնութիւն կ’ընէին։
14 Ոզիա բոլոր զօրքին համար վահաններ, նիզակներ, սաղաւարտներ, զրահներ, աղեղներ ու քարերու համար պարսատիկներ պատրաստեց։
15 Անիկա Երուսաղէմի մէջ արհեստաւորներուն ճարտարութիւնովը մեքենաներ շինեց, որպէս զի նետեր ու մեծ քարեր նետելու համար՝ աշտարակներուն վրայ եւ անկիւններուն վրայ կենան։ Անոր անունը հեռու տեղեր տարածուեցաւ, վասն զի անիկա զարմանալիօրէն օգնութիւններ գտաւ, մինչեւ որ ուժովցաւ։
16 Բայց երբ ուժովցաւ, անոր սիրտը հպարտանալով չարութիւն ըրաւ եւ իր Տէր Աստուծոյն դէմ անցանք գործեց ու Տէրոջը տաճարը մտաւ, որպէս զի խունկի սեղանին վրայ խունկ ծխէ։
17 Անոր ետեւէն Ազարիա քահանան մտաւ ու անոր հետ Տէրոջը ութսուն քահանաները՝ որոնք զօրաւոր մարդիկ էին։
18 Անոնք Ոզիա թագաւորին դէմ կեցան ու անոր ըսին. «Ո՛վ Ոզիա, քեզի չիյնար որ Տէրոջը խունկ ծխես, հապա Ահարոնեան քահանաներուն՝ որոնք խունկ ծխելու համար սրբուած են. սրբարանէն դո՛ւրս ելիր, քանզի յանցանք գործեցիր ու այս բանին համար Տէր Աստուծմէ պիտի չպատուըուիս»։
19 Ոզիա բարկացաւ ու անոր ձեռքը խունկ ծխելու համար բուրվառ կար։ Երբ քահանաներուն բարկացաւ, քահանաներուն առջեւ, Տէրոջը տանը մէջ խունկի սեղանին քով, անոր ճակատին վրայ բորոտութիւն երեւցաւ։
20 Ազարիա քահանայապետն ու բոլոր քահանաները անոր նայեցան եւ ահա անոր ճակատին վրայ բորոտութիւն կար ու զանիկա շուտով անկէ հանեցին ու անիկա ալ ելլելու արտորաց, քանզի Տէրը զանիկա զարկեր էր։
21 Ոզիա թագաւորը մինչեւ իր մահուան օրը բորոտած էր ու զատ տան մը մէջ բորոտած կը նստէր, վասն զի Տէրոջը տունէն արտաքսուեցաւ։ Անոր որդին Յովաթամ, թագաւորին տանը վրայ ըլլալով, երկրին ժողովուրդը կը դատէր։
22 Ոզիային մնացորդ պատմութիւնը, առաջինն ու վերջինը Ամովսի որդին՝ Եսայի մարգարէն գրեց։
23 Ոզիա իր հայրերուն հետ քնացաւ ու զանիկա իր հայրերուն հետ թագաւորներու գերեզմաններուն դաշտին մէջ թաղեցին. վասն զի ըսին. «Անիկա բորոտ է»։ Եւ անոր որդին Յովաթամը անոր տեղ թագաւորեց։