Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ
Գլուխ 12
Երբ Ռոբովամին թագաւորութիւնը հաստատուեցաւ ու ինք զօրացաւ, Տէրոջը օրէնքը թողուց ու անոր հետ բոլոր Իսրայէլն ալ։
2 Ռոբովամ թագաւորին հինգերորդ տարին Եգիպտոսի Սիսակ թագաւորը Երուսաղէմի վրայ ելաւ (քանզի Տէրոջը դէմ ապստամբութիւն ըրեր էին)։
3 Անիկա հազար երկու հարիւր կառքով ու վաթսուն հազար ձիաւորով եկաւ ու անոր հետ Եգիպտոսէն եկած ժողովուրդը անթիւ էր՝ այսինքն Լիբէացիները, Սովկիացիներն ու Եթովպիացիները։
4 Յուդայի պարսպապատ քաղաքները առաւ ու մինչեւ Երուսաղէմ եկաւ։
5 Սեմայիա մարգարէն եկաւ Ռոբովամին ու Յուդային իշխաններուն, որոնք Սիսակին երեսէն Երուսաղէմ հաւաքուեր էին ու անոնց ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուք զիս թողուցիք, ես ալ ձեզ Սիսակին ձեռքը կը թողում’»։
6 Իսրայէլի իշխանները, նաեւ թագաւորը խոնարհեցան ու ըսին. «Տէրը արդար է»։
7 Երբ Տէրը անոնց խոնարհիլը տեսաւ, Տէրոջը խօսքը Սեմայիային եղաւ՝ ըսելով. «Անոնք խոնարհեցան. ուստի պիտի չկորսնցնեմ զանոնք, հապա անոնց քիչ մը ազատութիւն պիտի տամ ու իմ բարկութիւնս Սիսակին ձեռքով Երուսաղէմի վրայ պիտի չթափի։
8 Սակայն անոր ծառաներ պիտի ըլլան, որպէս զի իմ ծառայութեանս ու երկրի թագաւորներուն ծառայութեանը տարբերութիւնը գիտնան»։
9 Եգիպտոսի Սիսակ թագաւորը Երուսաղէմի վրայ յարձակեցաւ եւ Տէրոջը տանը գանձերն ու թագաւորին տանը գանձերը առաւ, ամէնքն ալ առաւ, Սողոմոնին շինած ոսկիէ ասպարներն ալ առաւ։
10 Եւ Ռոբովամ թագաւորը անոնց տեղ պղնձէ ասպարներ շինեց ու զանոնք թագաւորական տանը դուռը պահպանութիւն ընող սուրհանդակներուն ոստիկաններուն ձեռքը յանձնեց։
11 Երբ թագաւորը Տէրոջը տունը կ’երթար, սուրհանդակները կու գային, զանոնք կը կրէին ու ետքը զանոնք սուրհանդակներուն խուցը կը դարձնէին։
12 Ուստի, քանի որ խոնարհեցաւ, Տէրոջը բարկութիւնը անկէ դարձաւ ու զանիկա բոլորովին չկորսնցուց, վասն զի Յուդայի մէջ աղէկ բաներ կային։
13 Ռոբովամ թագաւորը Երուսաղէմի մէջ զօրացաւ ու թագաւորութիւն ըրաւ ու երբ Ռոբովամ թագաւորեց՝ քառասունըմէկ տարեկան էր։ Տասնըեօթը տարի թագաւորութիւն ըրաւ Երուսաղէմի մէջ, այսինքն այն քաղաքին մէջ՝ որ Տէրը Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն ընտրեց՝ իր անունը հոն դնելու համար ու անոր մայրը Ամմոնացի էր Նաամա անունով։
14 Անիկա չարութիւն ըրաւ ու իր սիրտը չուղղեց, որ Տէրը փնտռէ։
15 Ռոբովամի առաջին ու վերջին գործերը ահա Սեմայիա մարգարէին գրքին ու Ադդով տեսանողին ազգաբանութեանը մէջ գրուած են։ Ռոբովամին ու Յերոբովամին մէջտեղ միշտ պատերազմ կար։
16 Ռոբովամ իր հայրերուն հետ քնացաւ եւ Դաւիթին քաղաքին մէջ թաղուեցաւ ու անոր տեղ անոր որդին Աբիան թագաւոր եղաւ։