Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ
Գլուխ 17
Անոր տեղը անոր որդին Յովսափատը թագաւոր եղաւ ու Իսրայէլին դէմ զօրացաւ։
2 Յուդային բոլոր պարսպապատ քաղաքներուն մէջ զօրքեր դրաւ ու Յուդայի երկրին մէջ ու անոր հօրը Ասային առած Եփրեմին քաղաքներուն մէջ բերդապահ զօրքեր դրաւ։
3 Տէրը Յովսափատին հետ էր. քանզի անիկա իր հօրը Դաւիթին ճամբաներուն մէջ քալեց ու Բահաղիմը չփնտռեց,
4 Հապա իր հօրը Աստուածը փնտռեց, անոր պատուիրանքներուն մէջ քալելով եւ ո՛չ թէ Իսրայէլին պէս ընելով։
5 Տէրը թագաւորութիւնը անոր ձեռքին մէջ հաստատեց ու բոլոր Յուդան Յովսափատին ընծաներ կը բերէր։ Անոր հարստութիւնն ու փառքը շատցաւ։
6 Անոր սիրտը Տէրոջը ճամբաներուն մէջ զօրացաւ։ Անիկա բարձր տեղերն ու Աստարովթին կուռքերն ալ Յուդայէն վերցուց։
7 Իր թագաւորութեան երրորդ տարին իր իշխանները՝ Բենհայիլը, Աբդիան, Զաքարիան, Նաթանայէլը ու Միքիան՝ ղրկեց, որպէս զի Յուդային քաղաքներուն մէջ սորվեցնեն։
8 Անոնց հետ էին Սեմայիա, Նաթանիա, Զաբադիա, Ասայէլ, Սեմիրամովթ, Յովնաթան, Ադոնիա, Տուբիա ու Տոբադոնիա Ղեւտացիները. նաեւ անոնց հետ՝ Եղիսամա ու Յովրամ քահանաները։
9 Յուդայի մէջ կը սորվեցնէին ու Տէրոջը օրէնքի գիրքը անոնց հետ էր։ Յուդայի բոլոր քաղաքները կը պտըտէին ու ժողովուրդին կը սորվեցնէին։
10 Յուդային բոլորտիքը եղող երկիրներուն բոլոր թագաւորութիւններուն վրայ Տէրոջը վախը ինկաւ ու Յովսափատին հետ պատերազմ չըրին։
11 Փղշտացիներէն ալ Յովսափատին ընծաներ ու տուրք բերին։ Արաբացիներն ալ հօտերէն եօթը հազար եօթը հարիւր խոյ ու եօթը հազար եօթը հարիւր նոխազ բերին անոր։
12 Յովսափատ երթալով խիստ մեծցաւ ու Յուդայի մէջ բերդեր ու շտեմարանի քաղաքներ շինեց։
13 Անիկա Յուդայի քաղաքներուն մէջ շատ գործեր ունէր ու Երուսաղէմի մէջ զօրաւոր կտրիճներ ու պատերազմող մարդիկ ունէր։
14 Այս էր անոնց թիւը իրենց ազգատոհմերուն համեմատ. Յուդայի հազարապետները՝ Եդնա իշխանը ու անոր հետ երեք հարիւր հազար զօրաւոր կտրիճներ։
15 Անկէ ետքը Յօհանա իշխանը ու անոր հետ երկու հարիւր ութսուն հազար մարդիկ։
16 Անկէ ետքը Զեքրիի որդին Ամասիան, որ Տէրոջը ուխտաւորն էր ու անոր հետ երկու հարիւր հազար զօրաւոր կտրիճներ.
17 Բենիամինէն զօրաւոր կտրիճ Եղիադան եւ անոր հետ երկու հարիւր հազար աղեղնաւոր ու ասպարաւոր մարդիկ.
18 Անկէ ետքը Յովզաբադն ու անոր հետ հարիւր ութսուն հազար սպառազինեալ մարդիկ։
19 Ասոնք էին թագաւորին ծառայութիւն ընողները, բացի այն մարդոցմէ, որոնք թագաւորը բոլոր Յուդայի պարսպապատ քաղաքներուն մէջ դրաւ։