Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ
Գլուխ 22
Երուսաղէմի բնակիչները անոր տեղ անոր պզտիկ որդին Ոքոզիան թագաւոր ըրին. քանզի Արաբացիներուն հետ բանակը եղող գունդերը բոլոր մեծերը մեռցուցեր էին։ Այսպէս Յուդային Յովրամ թագաւորին որդին Ոքոզիան թագաւորեց։
2 Ոքոզիան քառասունըերկու տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ մէկ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Գոթողիա էր ու Ամրիին աղջիկն էր։
3 Անիկա ալ Աքաաբին տանը ճամբաներուն մէջ քալեց. քանզի անոր մայրը չարութիւն ընելու խորհուրդ կու տար անոր։
4 Անիկա Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ Աքաաբին տանը պէս. վասն զի իր հօրը մեռնելէն ետքը անոնք էին իր խորհրդականները՝ իր կործանման համար։
5 Անիկա անոնց խորհուրդովը գնաց ու Աքաաբեան Յովրամին, Իսրայէլի թագաւորին հետ Ասորիներուն Ազայէլ թագաւորին վրայ Ռամովթ-Գաղաադ պատերազմելու գնաց։ Ասորիները Յովրամը զարկին։
6 Եւ անիկա դարձաւ որպէս զի Յեզրայէլի մէջ բժշկուի այն վէրքերէն, որոնք Ասորիները իրեն տուեր էին Ռամովթի մէջ, Ասորիներու Ազայէլ թագաւորին հետ պատերազմ ըրած ատենը։ Յուդայի թագաւորը՝ Յովրամին որդին՝ Ազարիան՝ Յեզրայէլ իջաւ, Աքաաբին որդին Յովրամը տեսնելու, վասն զի անիկա հիւանդ էր։
7 Ոքոզիային կործանումը Աստուծմէ եղաւ՝ Յովրամին քով երթալովը. վասն զի երբ անիկա հոն գնաց, Նամեսսեան Յէուն դիմաւորելու ելաւ, որ Տէրը օծեր էր Աքաաբին տունը բնաջինջ ընելու համար։
8 Երբ Յէուն Աքաաբին տանը վրայ Աստուծոյ վճիռը կը գործադրէր, Յուդային իշխանները եւ Ոքոզիային ծառայութիւն ընող Ոքոզիային եղբօրորդիները գտաւ ու զանոնք մեռցուց.
9 Ոքոզիան ալ փնտռեց, որ Սամարիայի մէջ պահուած էր։ Զանիկա բռնեցին եւ Յէուին բերելով մեռցուցին ու թաղեցին, քանզի ըսին. «Ասիկա բոլոր սրտով Տէրը խնդրող Յովսափատին որդին է»։ Ոքոզիային տունէն մէկը չկար՝ որ թագաւորութիւնը պահելու կարող ըլլար։
10 Իսկ Ոքոզիային մայրը Գոթողիան իր որդիին մեռնիլը տեսնելով՝ ելաւ ու Յուդային տանը բոլոր թագաւորական սերունդը բնաջինջ ըրաւ։
11 Բայց թագաւորին աղջիկը Յօսաբէէ Ոքոզիային որդին Յովասը առաւ ու թագաւորին սպաննուած որդիներուն մէջէն փախցուց զանիկա եւ անոր դայեակին հետ անկողիններու սենեակին մէջ դրաւ զանիկա ու այսպէս Յովրամ թագաւորին աղջիկը, Յովիադա քահանային կինը Յօսաբէէն, Ոքոզիային քոյրը ըլլալով՝ Գոթողիան պահեց, որ զանիկա չմեռցնէ։
12 Եւ Յովաս անոնց հետ վեց տարի Աստուծոյ տանը մէջ պահուեցաւ, երբ երկրին վրայ Գոթողիա թագաւորութիւն կ’ընէր։