Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36


Գլուխ 2

Սողոմոն միտքը դրաւ՝ ՝, որ Տէրոջը անուանը տուն ու իր թագաւորութեանը տուն շինէ։
2 Եւ Սողոմոն եօթանասուն հազար բեռնակիր ու լեռը փայտ կտրելու համար ութսուն հազար մարդ ընտրեց եւ անոնց վրայ երեք հազար վեց հարիւր վերակացու դրաւ։
3 Սողոմոն Տիւրոսի Քիրամ թագաւորին մարդ ղրկեց ու ըսաւ. «Ինչպէս իմ հօրս Դաւիթին եղեւնափայտեր ղրկեցիր, որպէս զի իրեն բնակելու համար տուն շինէ,
4 Ահա ես իմ Տէր Աստուծոյս անուան տուն պիտի շինեմ, որպէս զի անոր նուիրուի, անոր առջեւ անուշահոտ խունկ ծխուի ու առաջաւորութեան հացը դրուի, առտուն ու իրիկունը, շաբաթները եւ ամսագլուխները ու մեր Տէր Աստուծոյն տօներուն օրերը ողջակէզներ մատուցանուին. ասիկա Իսրայէլի յաւիտենական պարտաւորութիւնն է։
5 Այն տունը որ ես պիտի շինեմ, մեծ ըլլալու է. քանզի մեր Աստուածը բոլոր աստուածներէն մեծ է
6 Ու ո՞վ կարող է անոր տուն շինել. քանզի երկինք, նոյնիսկ ամենաբարձր երկինքը չի կրնար պարունակել զանիկա։ Ուրեմն ես ո՞վ եմ, որ անոր տուն շինեմ։ Միայն անոր խունկ ծխելու տեղ մը պիտի պատրաստեմ։
7 Ուստի ինծի իմաստուն մարդ մը ղրկէ, որ հմուտ ըլլայ ոսկին, արծաթը, պղինձը, երկաթը, ծիրանեգոյնը, կարմիրը եւ կապուտակը գործածելու ու քանդակագործութիւն ալ գիտնայ, որպէս զի իմ քովս Յուդայի ու Երուսաղէմի մէջ եղող իմ հօրս Դաւիթին պատրաստած վարպետներուն հետ գործէ։
8 Ինծի Լիբանանէն եղեւնափայտեր, մայրիի փայտեր ու ալմուկ փայտեր ղրկէ. քանզի ես գիտեմ թէ քու ծառաներդ Լիբանանէն փայտ կտրել գիտեն։ Ուրեմն իմ ծառաներս քու ծառաներուդ հետ թող գործակցին։
9 Ինծի խիստ շատ փայտ թող պատրաստեն. քանզի իմ շինելու տունս մեծ ու փառաւոր ըլլալու է։
10 Եւ ահա ես քու ծառաներուդ, փայտ կտրող բանուորներուդ, քսան հազար քոռ ծեծուած ցորեն ու քսան հազար քոռ գարի ու քսան հազար մար գինի ու քսան հազար մար իւղ պիտի տամ»։
11 Տիւրոսի Քիրամ թագաւորը Սողոմոնին նամակ ղրկեց ու ըսաւ. «Տէրը իր ժողովուրդը սիրելուն համար քեզ անոնց վրայ թագաւոր դրաւ»։
12 Եւ Քիրամ աւելցուց. «Երկինքն ու երկիրը ստեղծող Իսրայէլին Տէր Աստուածը օրհնեալ ըլլայ, որ Դաւիթ թագաւորին խոհեմութիւն ու գիտութիւն ունեցող իմաստուն որդի մը տուաւ, որ Տէրոջը տուն ու իր թագաւորութեանը տուն շինէ։
13 Իմ վարպետս Քիրամը կը ղրկեմ, որ հանճարեղ ու իմաստուն մարդ մըն է։
14 Անիկա Դանի աղջիկներէն կնոջ մը որդին է ու անոր հայրը Տիւրացի է։ Անիկա ոսկի, արծաթ, պղինձ, երկաթ, քարեր ու փայտեր, նաեւ ծիրանեգոյնի, կապուտակի, բեհեզի եւ կարմիրի վրայ բանելու ու ամէն տեսակ քանդակ փորագրելու կողմէ վարպետ է։ Քու վարպետներուդ հետ ու քու հօրդ Դաւիթին, իմ տիրոջս վարպետներուն հետ ամէն առաջարկուած բանին հնարքը կրնայ գտնել։
15 Իմ տէրս իր ըսած ցորենն ու գարին, իւղն ու գինին իր ծառաներուն թող ղրկէ։
16 Մենք Լիբանանէն հարկաւոր եղածին չափ փայտ պիտի կտրենք եւ լաստեր շինելով՝ զանոնք ծովէն Յոպպէ պիտի բերենք քեզի։ Դուն զանոնք Երուսաղէմ փոխադրէ»։
17 Սողոմոն Իսրայէլի երկրին մէջ եղող բոլոր օտարազգի մարդիկը՝ որոնք իր հօրը Դաւիթին մարդահամարէն ետքը եկած էին՝ համրեց։ Անոնք հարիւր յիսունըերեք հազար վեց հարիւր հոգի էին։
18 Անոնցմէ եօթանասուն հազար բեռնակիր ու լեռը փայտ կտրող ութսուն հազար ու զանոնք բանեցնելու համար երեք հազար վեց հարիւր վերակացու որոշեց։