Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ
Գլուխ 20
Ասկէ ետքը Մովաբի որդիները ու Ամմոնին որդիները ու անոնց հետ Ամմոնացիներէն ալ Յովսափատին հետ պատերազմելու եկան։
2 Քանի մը հոգի գացին ու Յովսափատին պատմեցին ու ըսին. «Քու վրադ ծովուն անդիի կողմէն Ասորիներուն մէջէն մեծ բազմութիւն կու գայ։ Անոնք Ասասանթամարի (այսինքն Ենգադդիի) մէջ են»։
3 Յովսափատ վախցաւ ու Տէրը փնտռելու ետեւէ եղաւ՝ ՝ եւ բոլոր Յուդայի մէջ ծոմապահութիւն քարոզեց։
4 Յուդայեանները հաւաքուեցան որպէս զի Տէրոջմէ օգնութիւն խնդրեն ու Յուդային բոլոր քաղաքներէն ալ եկան։
5 Յովսափատ Տէրոջը տանը մէջ, նոր գաւիթին առջեւ, Յուդային ու Երուսաղէմին ժողովուրդին մէջ կեցաւ
6 Ու ըսաւ. «Ո՛վ մեր հայրերուն Տէր Աստուածը, դուն այն Աստուածը չե՞ս որ երկինքը կը բնակիս ու բոլոր ազգերուն թագաւորութիւններուն վրայ կը տիրես եւ քու ձեռքիդ մէջ այնպիսի զօրութիւն եւ ոյժ մը կայ, որ բնաւ մէկը չի կրնար քեզի դէմ դնել։
7 Չէ՞ որ դուն, ո՛վ Աստուած, այս երկրին բնակիչները քու Իսրայէլ ժողովուրդիդ առջեւէն վռնտեցիր ու զանիկա յաւիտեան քու սիրելիիդ, Աբրահամին սերունդին տուիր։
8 Անոնք հոն բնակեցան ու հոն քու անուանդ համար քեզի սրբարան մը շինեցին ու ըսին.
9 ‘Եթէ մեր վրայ չարիք, սուր, դատաստան, ժանտախտ, կամ սով գայ, մենք այս տանը առջեւ ու քու առջեւդ կենանք (վասն զի այս տանը մէջ քու անունդ կայ) ու մեր նեղութեան ատենը քեզի աղաղակենք, այն ատեն լսես ու մեզ ազատես’։
10 Ահա Ամմոնին ու Մովաբին որդիները ու Սէիր լերանը բնակիչները՝ որոնց մէջ մտնելու հրաման չտուիր Իսրայէլի որդիներուն Եգիպտոսէն ելած ատենը, հապա անոնցմէ խոտորեցան ու զանոնք չկորսնցուցին՝
11 Ահա անոնք մեզի հատուցում ընելու համար՝ կու գան մեզ վռնտելու քու ժառանգութենէդ, որ մեզի տուիր։
12 Ո՛վ մեր Աստուածը, անոնց դատաստան չե՞ս ըներ. քանզի մեր վրայ եկող այս մեծ բազմութեանը դէմ դնելու զօրութիւն չունինք ու չենք գիտեր ի՛նչ ընելու ենք. ուստի մեր աչքերը քեզի կ’ուղղենք»։
13 Բոլոր Յուդայեանները իրենց ընտանիքներովը, կիներովն ու տղաքներովը Տէրոջը առջեւ կեցեր էին։
14 Այն ատեն Ասափին որդիներէն Ղեւտացի Մաթանիային որդիին Յէիէլին որդիին Բանիային որդիին Զաքարիային որդիին Յազիէլին վրայ Տէրոջը Հոգին եկաւ ժողովուրդին մէջ
15 Ու անիկա ըսաւ. «Ո՛վ Յուդա ու Երուսաղէմի բնակիչներ ու դո՛ւն, Յո՛վսափատ թագաւոր, մտիկ ըրէ՛ք, Տէրը ձեզի այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուք մի՛ վախնաք ու այս մեծ բազմութեանը երեսէն մի՛ զարհուրիք, քանզի պատերազմը ձերը չէ, հապա Աստուծոյն է’։
16 Վաղը անոնց վրայ իջէ՛ք. ահա անոնք Ասիսի զառիվերէն պիտի ելլեն։ Զանոնք հեղեղատին ծայրը, Յերուէլին անապատին առջեւ, պիտի գտնէք։
17 Այս պատերազմին մէջ դուք պիտի չպատերազմիք. դուք երեւցէք ու կեցէ՛ք, որպէս զի Տէրոջը ձեզի ըրած փրկութիւնը տեսնէք։ Ո՛վ Յուդա ու Երուսաղէմ. մի՛ վախնաք ու մի՛ զարհուրիք. վաղը անոնց դէմ ելէ՛ք ու Տէրը ձեզի հետ պիտի ըլլայ»։
18 Այն ատեն Յովսափատ երեսը գետինը ծռեց ու բոլոր Յուդա ու Երուսաղէմի բնակիչները Տէրոջը առջեւ երեսի վրայ ինկան ու Տէրոջը երկրպագութիւն ըրին։
19 Կահաթեաններու որդիներէն ու Կորխեաններու որդիներէն եղող Ղեւտացիները Իսրայէլի Տէր Աստուածը խիստ բարձր ձայնով օրհնեցին։
20 Առաւօտուն կանուխ ելան ու Թեկուէի անապատը գացին։ Անոնց երթալու ատենը Յովսափատ կեցաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Յուդա ու Երուսաղէմի բնակիչներ, ինծի մտիկ ըրէք. ձեր Տէր Աստուծոյն հաւատացէք ու ապահով պիտի ըլլաք։ Անոր մարգարէներուն հաւատացէ՛ք ու յաջողութիւն պիտի ունենաք»։
21 Ժողովուրդին հետ խորհուրդ ըրաւ ու Տէրոջը երգողներ որոշեց, որպէս զի զօրքին առջեւէն ելլեն ու Տէրոջը սուրբ փառքը օրհնեն ու ըսեն. «Գոհացէք Տէրոջմէն, վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է»։
22 Երբ անոնք ցնծութեան երգն ու օրհնութիւնը սկսան, Յուդայի վրայ եկող Ամմոնին ու Մովաբին որդիներուն ու Սէիր լերանը բնակիչներուն դէմ Տէրը դարանակալներ հանեց եւ անոնք կոտորուեցան։
23 Քանզի Ամմոնի ու Մովաբի որդիները Սէիր լերանը բնակիչներուն վրայ յարձակեցան, որպէս զի զանոնք ջարդեն ու բնաջնջեն։ Երբ Սէիրի բնակիչները հատցուցին, մէկզմէկ կոտորելու սկսան։
24 Յուդայեանները անապատին մէջ եղող դիտանոցը հասնելով՝ այն բազմութեանը նայեցան եւ ահա անոնց դիակները գետնին վրայ փռուած էին ու ազատուած մը չկար։
25 Այն ատեն Յովսափատ ու անոր ժողովուրդը անոնց աւարը հաւաքելու գացին ու շատ ապրանք ու պատուական ամաններ գտան ու կողոպտեցին, այնքան որ ալ չէին կրնար տանիլ։ Աւարը երեք օր հաւաքեցին, վասն զի խիստ շատ էր։
26 Չորրորդ օրը Օրհնութեան Հովիտը հաւաքուեցան ու հոն Տէրը օրհնեցին։ Ատոր համար այն տեղին անունը Օրհնութեան Հովիտ կոչուեցաւ մինչեւ այսօր։
27 Բոլոր Յուդայի ու Երուսաղէմի մարդիկը ու անոնց առաջնորդը Յովսափատ ուրախութեամբ Երուսաղէմ դարձան. քանզի Տէրը զիրենք իրենց թշնամիներէն ազատելով ուրախացուցեր էր
28 Եւ տաւիղներով, քնարներով ու փողերով Երուսաղէմ Տէրոջը տունը գացին։
29 Բոլոր երկիրներուն թագաւորութիւններուն վրայ Աստուծոյ վախը ինկաւ, երբ լսեցին թէ Տէրը Իսրայէլի թշնամիներուն հետ պատերազմեցաւ։
30 Յովսափատին թագաւորութիւնը խաղաղ էր ու Աստուած զանիկա ամէն կողմանէ հանգստացուց։
31 Յովսափատ Յուդայի վրայ թագաւորութիւն ըրաւ։ Երեսունըհինգ տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու քսանըհինգ տարի Երուսաղէմի մէջ թագաւորեց։ Անոր մօրը անունը Ազուբա էր ու Սաղիին աղջիկն էր։
32 Յովսափատ իր հօրը Ասային ճամբուն մէջ քալեց ու անկէ չխոտորեցաւ՝ Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ընելով։
33 Բայց բարձր տեղերը չվերցուեցան ու ժողովուրդը դեռ սրտերնին լման չէին դարձուցած իրենց հայրերուն Աստուծոյն։
34 Յովսափատին մնացորդ պատմութիւնը, առաջինն ու վերջինը, ահա Իսրայէլի թագաւորներուն գրքին մէջ յիշուած Անանիին որդիին Յէուին պատմութեանը մէջ գրուած է։
35 Ասկէ ետքը Յուդայի Յովսափատ թագաւորը՝ չարութիւն ընող Իսրայէլի Ոքոզիա թագաւորին հետ միաբանեցաւ
36 Ու անոր հետ ընկերութիւն ըրաւ, որպէս զի Թարսիս երթալու նաւեր շինեն ու Գասիոն-Գաբերի մէջ նաւեր շինեցին։
37 Մարեսացի Դօդիային որդին Եղիազարը Յովսափատին վրայ մարգարէութիւն ըրաւ ու ըսաւ. «Որովհետեւ դուն Ոքոզիային հետ ընկերացար, Տէրը քու գործդ աւրեց»։ Նաւերը խորտակուեցան ու չկրցան Թարսիս երթալ։