Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ
Գլուխ 15
Ովդեդի որդիին Ազարիային վրայ Աստուծոյ Հոգին եկաւ
2 Եւ Ասային առջեւ ելլելով՝ ըսաւ անոր. «Ո՛վ Ասա ու բոլոր Յուդա ու Բենիամին, ինծի մտիկ ըրէք. Տէրը ձեզի հետ է, քանի որ դուք անոր հետն էք ու եթէ զանիկա փնտռէք, զանիկա պիտի գտնէք. բայց եթէ զանիկա թողուք, անիկա ալ ձեզ պիտի թողու։
3 Իսրայէլ երկար ժամանակ առանց ճշմարիտ Աստուծոյ, առանց սորվեցնող քահանայի ու առանց օրէնքի մնացեր էր.
4 Բայց իրենց նեղութեանը մէջ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյ դարձան ու զանիկա փնտռելով գտան։
5 Այն ատենները ելլողին ու մտնողին ապահովութիւն չկար. քանզի երկիրներուն բոլոր բնակիչներուն մէջ շատ խռովութիւններ կային։
6 Ազգ ազգի հետ ու քաղաք քաղաքի հետ կը զարնուէր. վասն զի Աստուած ամէն նեղութիւններով զարհուրեցուց զանոնք։
7 Եւ հիմա դուք զօրացէ՛ք ու ձեռքերնիդ չթուլնայ. վասն զի ձեր գործին վարձք կայ»։
8 Ասա այս խօսքերն ու Ովդէդ մարգարէին մարգարէութիւնները լսելով՝ զօրացաւ եւ Յուդայի ու Բենիամինի բոլոր երկրէն ու Եփրեմի լեռնէն իր առած քաղաքներէն պղծութիւնները վերցուց ու Տէրոջը տաճարին սրահին առջեւը եղող սեղանը նորոգեց։
9 Յուդայէն ու Բենիամինէն ու Եփրեմէն եւ Մանասէէն ու Շմաւոնէն անոնց քով գտնուած պանդուխտները հաւաքեց. քանզի Իսրայէլէն շատ մարդիկ անոր կողմը անցան, տեսնելով որ անոր Տէր Աստուածը անոր հետն է։
10 Անոնք Ասային թագաւորութեանը տասնըհինգերորդ տարիին երրորդ ամսուն Երուսաղէմի մէջ հաւաքուեցան
11 Ու այն օրը իրենց բերած աւարէն Տէրոջը զոհ ըրին, եօթը հարիւր արջառ ու եօթը հազար ոչխար
12 Եւ ուխտ ըրին, որ իրենց հայրերուն Տէր Աստուածը բոլոր սրտով ու բոլոր հոգիով փնտռեն
13 Եւ ով որ Իսրայէլի Տէր Աստուածը չփնտռէ, թէ՛ պզտիկ եւ թէ՛ մեծ, թէ՛ այր եւ թէ՛ կին ըլլայ՝ պիտի մեռցուի։
14 Մեծ ձայնով եւ ցնծութեան աղաղակով ու փողերով ու շեփորներով Տէրոջը երդում ըրին։
15 Բոլոր Յուդան այն երդումին վրայ ուրախացաւ. քանզի իրենց բոլոր սրտովը երդում ըրին ու իրենց բոլոր կամքովը փնտռելով՝ գտան զանիկա։ Տէրը ամէն կողմանէ հանգստացուց զանոնք։
16 Ասա թագաւորը իր մայրը՝ Մաաքան ալ տիկնութենէ հանեց, վասն զի անիկա Աստարովթի կուռք շիներ էր։ Ասա անոր կուռքն ալ կոտրտեց ու փշրեց ու Կեդրոն հեղեղատին մէջ այրեց։
17 Բայց բարձր տեղերը Իսրայէլէն չվերցուեցան. սակայն Ասային սիրտը իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ ուղիղ էր։
18 Իր հօրն ու իր նուիրած բաները, արծաթն ու ոսկին ու անօթները, Աստուծոյ տունը տարաւ։
19 Մինչեւ Ասային թագաւորութեան երեսունըհինգերորդ տարին պատերազմ չեղաւ։