Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ
Գլուխ 13
Յերոբովամ թագաւորին տասնըութերորդ տարին Յուդայի վրայ Աբիան թագաւորեց։
2 Անիկա Երուսաղէմի մէջ երեք տարի թագաւորութիւն ըրաւ եւ անոր մայրը՝ Միքայիա՝ Գաբաացի Ուրիէլին աղջիկն էր. Աբիային ու Յերոբովամին մէջտեղ պատերազմ կար։
3 Աբիան զօրաւոր ու պատերազմող զօրքերով՝ չորս հարիւր հազար ընտիր մարդոցմով պատերազմելու պատրաստուեցաւ։ Յերոբովամ ալ անոր դէմ ելաւ ութ հարիւր հազար ընտիր, զօրաւոր ու պատերազմող մարդոցմով։
4 Եւ Աբիա Եփրեմին լեռնակողմը Սեմարիմ լերան վրայ կանգնեցաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Յերոբովամ ու բոլոր Իսրայէլ, ինծի մտիկ ըրէք.
5 Դուք գիտնալու չէ՞ք թէ Իսրայէլի Տէր Աստուածը Իսրայէլի վրայ թագաւորելը՝ յաւիտեան Դաւիթի ու անոր որդիներուն տուած է աղի ուխտով։
6 Բայց Դաւիթին որդիին Սողոմոնին ծառան՝ Նաբատեան Յերոբովամը ոտքի ելաւ ու իր տիրոջմէն ապստամբեցաւ։
7 Անոր քով դատարկապորտ ու անօրէն մարդիկ հաւաքուեցան ու Սողոմոնին որդիին Ռոբովամին դէմ կեցան. քանզի Ռոբովամ մանկահասակ ու փափկասիրտ ըլլալով՝ անոնց դէմ չդրաւ։
8 Հիմա դուք շատուոր ըլլալնուդ համար ու Յերոբովամին ձեզի շինած աստուածներուն, այն ոսկիէ հորթերուն, ձեր քով ըլլալուն համար, Դաւիթին որդիներուն ձեռքը եղող Տէրոջը թագաւորութեանը դէմ կենալ կը մտածէք։
9 Միթէ դուք Տէրոջը քահանաները՝ Ահարոնին որդիներն ու Ղեւտացիները դուրս չըրի՞ք եւ որիշ երկիրներու ժողովուրդներուն պէս ձեզի քուրմեր չըրի՞ք այն բոլոր մարդիկը, որոնք մէկ զուարակով ու եօթը խոյերով կու գային զիրենք նուիրելու, որպէս զի չաստուածներու քուրմ ըլլան։
10 Բայց մեր Աստուածը Եհովան է։ Մենք զանիկա չթողուցինք եւ Տէրոջը ծառայութիւն ընող քահանաները Ահարոնին որդիներն են ու Ղեւտացիները իրենց պաշտօնին վրայ են։
11 Ամէն առտու ու ամէն իրիկուն Տէրոջը ողջակէզներ կը մատուցանեն ու անուշահոտ խունկ կը ծխեն ու մաքուր սեղանին վրայ առաջաւորութեան հացերը կը շարեն եւ ամէն իրիկուն վառելու համար ոսկիէ աշտանակն ու անոր ճրագները կը պատրաստեն. քանզի մենք մեր Տէր Աստուծոյն պահպանութիւնը կը պահենք, բայց դուք զանիկա մերժեցիք։
12 Ահա Աստուած ինք մեզի հետ է՝ մեր իշխանը ըլլալու. նաեւ անոր քահանաները ազդարարութեան փողերով, որպէս զի ձեզի դէմ հնչեցնեն. ուրեմն, ո՛վ Իսրայէլի որդիներ, ձեր հայրերուն Տէր Աստուծոյն հետ մի՛ պատերազմիք. քանզի դուք յաջողութիւն պիտի չգտնէք»։
13 Բայց Յերոբովամ դարանակալներ ղրկեց, որպէս զի անոնց ետեւէն գան. այնպէս որ Իսրայելացիները Յուդայեաններուն առջեւն էին ու դարանակալները անոնց ետեւն էին։
14 Յուդայեանները նայեցան, որ պատերազմը իրենց առջեւէն ու ետեւէն էր ու Տէրոջը աղաղակեցին եւ քահանաները փողերը հնչեցուցին։
15 Յուդայի մարդիկը աղաղակ բարձրացուցին ու երբ Յուդայի մարդիկը աղաղակեցին, Աստուած Յերոբովամն ու բոլոր Իսրայէլը Աբիային ու Յուդային առջեւ զարկաւ։
16 Իսրայէլի որդիները Յուդայի առջեւէն փախան։ Աստուած անոնց ձեռքը մատնեց զանոնք։
17 Աբիան ու իր զօրքը մեծ կոտորած ըրին անոնց մէջ։ Իսրայէլէն հինգ հարիւր հազար ընտիր մարդիկ սպաննուած ինկան։
18 Այն ատեն Իսրայելացիները նուաճուեցան ու Յուդայի որդիները իրենց հայրերուն Տէր Աստուծոյն ապաւինելնուն համար ոյժ գտան։
19 Աբիան Յերոբովամը հալածեց ու անկէ քաղաքներ առաւ՝ Բեթէլն ու անոր գիւղերը եւ Յեսանան ու անոր գիւղերը եւ Եփրոնն ու անոր գիւղերը։
20 Յերոբովամ Աբիային օրերուն մէջ անգամ մըն ալ չկրցաւ ոյժ գտնել։ Տէրը զանիկա զարկաւ ու մեռցուց։
21 Աբիան ուժովցաւ ու իրեն տասնըչորս կին առաւ։ Քսանըերկու տղայ ու տասնըվեց աղջիկ ծնաւ։
22 Աբիային մնացորդ պատմութիւնը եւ անոր գործերն ու խօսքերը Ադդով մարգարէին յիշատակարանին մէջ գրուած են։