Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36


Գլուխ 14

Աբիան իր հայրերուն հետ քնացաւ ու զանիկա Դաւիթին քաղաքին մէջ թաղեցին։ Անոր տեղ անոր որդին Ասան թագաւոր եղաւ։ Ասոր օրերը երկիրը տասը տարի հանգստութիւն գտաւ։
2 Ասա իր Տէր Աստուծոյն առջեւ բարի եւ ուղիղ եղածը ըրաւ։
3 Օտար աստուածներուն սեղաններն ու բարձր տեղերը վերցուց եւ արձանները կոտրտեց ու Աստարովթին կուռքերը կտոր կտոր ըրաւ։
4 Յուդային հրամայեց, որ իրենց հայրերուն Տէր Աստուածը փնտռեն ու օրէնքն ու պատուիրանքները կատարեն։
5 Յուդային բոլոր քաղաքներէն բարձր տեղերը ու արեգակին նուիրուած կուռքերը վերցուց ու թագաւորութիւնը հանգստացուց։
6 Անիկա Յուդայի մէջ պարսպապատ քաղաքներ շինեց. քանզի այն տարիներուն մէջ երկիրը հանգստութիւն կը վայելէր ու անոր հետ պատերազմ ընող չկար, վասն զի Տէրը անոր հանգստութիւն տուաւ։
7 Ասա Յուդային ըսաւ. «Այս երկիրը քանի որ մեր իշխանութեան տակն է՝ ՝, նոր քաղաքներ շինենք ու զանոնք պարիսպներով, աշտարակներով, դռներով ու նիգերով շրջապատենք. քանզի մենք մեր Աստուածը փնտռեցինք ու ատոր համար ամէն կողմէ մեզի հանգստութիւն տուաւ։ Զանոնք շինեցին ու յաջողութիւն գտան։
8 Ասա Յուդայէն՝ վահան ու նիզակ կրող երեք հարիւր հազար զօրք ու Բենիամինէն ասպար կրող ու աղեղ քաշող երկու հարիւր ութսուն հազար զօրք ունէր։ Ասոնք ամէնքը զօրաւոր կտրիճներ էին։
9 Եթովպիացի Զարա մէկ միլիոն զօրքով եւ երեք հարիւր կառքով անոնց վրայ յարձակեցաւ ու մինչեւ Մարեսա եկաւ։
10 Ասա անոր դէմ ելաւ ու Մարեսայի Սեփաթա ձորին մէջ պատերազմը շարուեցաւ։
11 Ասա իր Տէր Աստուծոյն աղաղակեց ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, քու առջեւդ տարբերութիւն մը չկայ թէ՛ շատով եւ թէ՛ քիչով օգնութիւն ընելու մէջ։ Մեզի օգնութիւն ըրէ՛, ո՛վ Տէր Աստուած մեր, որովհետեւ քեզի ապաւինեցանք ու այս բազմութեան վրայ քու անունովդ եկանք։ Ո՛վ Տէր, մեր Աստուածը դուն ես. մի՛ թողուր, որ մարդը քեզի դէմ զօրանայ»։
12 Տէրը Եթովպացիները Ասային ու Յուդային առջեւ զարկաւ։ Եթովպացիները փախան։
13 Ասա ու անոր հետ եղող ժողովուրդը զանոնք մինչեւ Գերարա հալածեցին։ Եթովպացիները ինկան եւ անոնց վրայ կենդանութիւն չմնաց. քանզի Տէրոջը առջեւ ու անոր բանակին առջեւ խորտակուեցան։ Յուդայեանները խիստ շատ աւար առին
14 Եւ Գերարայի բոլորտիքը եղող բոլոր քաղաքները զարկին. քանզի անոնց վրայ Տէրոջը վախը ինկաւ ու բոլոր քաղաքները կողոպտեցին, վասն զի անոնց մէջ շատ աւար կար։
15 Հօտերուն վրաններն ալ զարկին ու խիստ շատ ոչխար եւ ուխտ առնելով՝ Երուսաղէմ դարձան։