Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36


Գլուխ 9

Սաբայի թագուհին Սողոմոնին համբաւը լսեց ու խրթին հարցումներով Սողոմոնը փորձելու համար Երուսաղէմ եկաւ խիստ մեծ շքախումբով եւ խունկեր ու ոսկի եւ պատուական քարեր բեռցուցած ուղտերով։ Երբ Սողոմոնին քով գնաց, իր սրտին մէջ բոլոր եղածին վրայով անոր հետ խօսեցաւ։
2 Սողոմոն անոր բոլոր հարցերը բացատրեց ու բնաւ խօսք մը չկար, որ Սողոմոն չհասկնար ու չբացատրէր անոր։
3 Սաբայի թագուհին Սողոմոնին իմաստութիւնն ու անոր շինած տունը
4 Եւ անոր սեղանին կերակուրներն ու անոր ծառաներուն բնակարանները եւ սպասաւորներուն կեցուածքն ու անոնց հագուստները եւ անոր մատռուակները, անոնց հագուստներն ու Տէրոջը տունը ելլելու սանդուխը տեսնելով՝ խելքը գլխէն գնաց
5 Եւ թագաւորին ըսաւ. «Քու վիճակիդ ու իմաստութեանդ վրայով իմ երկրիս մէջ լսած խօսքերս ճշմարիտ են եղեր,
6 Բայց ես այն խօսքերուն չհաւատացի, մինչեւ անձամբ եկայ ու իմ աչքերովս տեսայ։ Ահա քու իմաստութեանդ շատութեանը կէսը ինծի պատմուած չէր։ Դուն գերազանց ես այն համբաւէն, որ ես լսեցի։
7 Երանի՜ քու մարդոցդ ու երանի՜ այս քու ծառաներուդ, որոնք միշտ քու առջեւդ կայնելով քու իմաստութիւնդ կը լսեն։
8 Քու Եհովա Աստուածդ օրհնեալ ըլլայ, որ քեզի հաւնեցաւ ու քեզ իր աթոռին վրայ դրաւ, որպէս զի քու Տէր Աստուծոյդ հաճելի թագաւոր ըլլաս։ Քու Աստուածդ Իսրայէլը սիրելուն ու զանիկա յաւիտեան հաստատելու համար, քեզ անոնց վրայ թագաւոր ըրաւ, որպէս զի իրաւունք ու արդարութիւն ընես»։
9 Եւ թագաւորին հարիւր քսան տաղանդ ոսկի ու խիստ շատ խունկեր եւ պատուական քարեր տուաւ։ Սաբայի թագուհիին՝ Սողոմոն թագաւորին տուած խունկերուն նմանը չկար։
10 Եւ Քիրամին ծառաներն ու Սողոմոնին ծառաները, որոնք Ոփիրէն ոսկի կը բերէին, ալմուկ փայտեր ու պատուական քարեր ալ բերին։
11 Եւ թագաւորը ալմուկ փայտէն՝ Տէրոջը տանը ու թագաւորական տանը աստիճաններ ու երգողներուն համար քնարներ ու տաւիղներ շինեց եւ անոնց նմանը անկէ առաջ Յուդայի երկրին մէջ չէր երեւցած։
12 Սողոմոն թագաւորը Սաբայի թագուհիին բոլոր ուզած ու խնդրած բաները տուաւ, այն բաներէն զատ՝ որոնք անիկա թագաւորին բերաւ եւ անիկա իր ծառաներուն հետ դարձաւ իր երկիրը գնաց։
13 Մէկ տարուան մէջ Սողոմոնին եկած ոսկին վեց հարիւր վաթսունըվեց տաղանդ կը կշռէր,
14 Առուտուր ընողներուն ու վաճառականներուն եւ Արաբացիներուն բոլոր թագաւորներուն ու երկրին նախարարներուն՝ Սողոմոնին բերած ոսկիէն ու արծաթէն զատ։
15 Սողոմոն թագաւորը կռածոյ ոսկիէ երկու հարիւր վահան շինեց ու ամէն մէկ վահանի համար վեց հարիւր սիկղ կռածոյ ոսկի գնաց։
16 Կռածոյ ոսկիէ երեք հարիւր ասպար ալ շինեց։ Ամէն մէկ ասպարին երեք հարիւր սիկղ ոսկի գնաց ու թագաւորը Լիբանանի անտառին տունը դրաւ զանոնք։
17 Թագաւորը փղոսկրէ մեծ աթոռ մը շինեց ու զանիկա մաքուր ոսկիով պատեց։
18 Աթոռը վեց աստիճան ու ոսկիէ պատուանդան մը ունէր, որոնք աթոռին կից էին եւ նստելու տեղը մէկ կողմէն ու միւս կողմէն յենարաններ ունէր։ Յենարաններուն քով երկու առիւծներ կը կենային։
19 Վեց աստիճաններուն վրայ՝ մէկ կողմէն ու միւս կողմէն տասներկու առիւծներ կը կենային։ Ոեւէ թագաւորութեան մէջ այսպիսի բան մը շինուած չէր։
20 Սողոմոն թագաւորին բոլոր խմելիքի ամանները ոսկի էին եւ Լիբանանի անտառին տանը բոլոր ամանները զուտ ոսկիէ էին, արծաթէ չկար. վասն զի արծաթը Սողոմոնին օրերը բանի տեղ չէր սեպուեր։
21 Քանզի թագաւորին նաւերը Քիրամին ծառաներուն հետ Թարսիս կ’երթային. Թարսիսի նաւերը երեք տարին անգամ մը ոսկիով, արծաթով, փղոսկրով, կապիկներով ու սիրամարգներով բեռնաւորուած կու գային։
22 Սողոմոն թագաւորը հարստութեան ու իմաստութեան կողմանէ՝ երկրի բոլոր թագաւորներէն մեծ եղաւ։
23 Երկրի բոլոր թագաւորները կը փափաքէին Սողոմոնին երեսը տեսնել եւ անոր իմաստութիւնը լսել, որ Աստուած անոր սրտին մէջ դրեր էր։
24 Անոնց ամէնքը տարուէ տարի իրենց ընծաները կը բերէին, այսինքն արծաթէ ամաններ, ոսկիէ ամաններ, հանդերձներ, զէնքեր, խունկեր, ձիեր ու ջորիներ։
25 Սողոմոն ձիերու ու կառքերու համար չորս հազար ախոռ ունէր ու տասներկու հազար ձիաւոր ու զանոնք կառքերու քաղաքներուն ու Երուսաղէմի մէջ թագաւորին քով տեղաւորեց։
26 Եփրատ գետէն մինչեւ Եգիպտոսի սահմանը՝ բոլոր թագաւորներուն վրայ կ’իշխէր։
27 Թագաւորը Երուսաղէմի մէջ արծաթը քարերու պէս հասարակ բան մը ըրաւ ու եղեւնափայտը շատութենէն դաշտի մէջ եղող մոլաթզենիներուն պէս ըրաւ։
28 Անոր համար Եգիպտոսէն ու ամէն երկրէ ձիեր կ’արտածուէին։
29 Սողոմոնին առաջին ու վերջին պատմութեանը մնացորդը՝ Նաթան մարգարէին գրքին ու Սիլօնացի Աքիայի մարգարէութեանը եւ Ադդով տեսանողին՝ Նաբատեան Յերոբովամին վրայով գրած տեսիլքներուն մէջ գրուած են։
30 Սողոմոն բոլոր Իսրայէլի վրայ Երուսաղէմի մէջ քառասուն տարի թագաւորութիւն ըրաւ։
31 Սողոմոն իր հայրերուն հետ քնացաւ ու զանիկա իր հօրը Դաւիթին քաղաքին մէջ թաղեցին։ Անոր տեղ անոր որդին Ռոբովամը թագաւոր եղաւ։