Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ
Գլուխ 21
Յովսափատ իր հայրերուն հետ քնացաւ ու իր հայրերուն հետ Դաւիթին քաղաքին մէջ թաղուեցաւ։ Անոր տեղ անոր որդին Յովրամը թագաւոր եղաւ։
2 Յովրամին եղբայրներն էին՝ Ազարիան, Յեքիէլը, Զաքարիան, Ազարիուն, Միքայէլն ու Սափատիան։ Ասոնք ամէնքը Իսրայէլի թագաւորին՝ Յովսափատին որդիներն էին։
3 Անոնց հայրը արծաթ ու ոսկի ու թանկագին բաներ, շատ պարգեւներ տուաւ անոնց, նաեւ Յուդայի մէջ պարսպապատ քաղաքներ, բայց թագաւորութիւնը Յովրամին տուաւ, քանզի անդրանիկը ան էր։
4 Երբ Յովրամ իր հօրը թագաւորութեան աթոռը նստաւ ու զօրացաւ, իր բոլոր եղբայրներն ու Իսրայէլի իշխաններէն մէկ քանիները սրով մեռցուց։
5 Յովրամ երեսունըերկու տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ ութը տարի թագաւորութիւն ըրաւ։
6 Անիկա Աքաաբին տանը ըրածին պէս Իսրայէլին թագաւորներուն ճամբուն մէջ քալեց (քանզի Աքաաբին աղջիկը անոր կինն էր) ու Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ։
7 Բայց Տէրը, Դաւիթին հետ ըրած ուխտին համար եւ անոր ու անոր որդիներուն միշտ ճրագ մը տալու խոստումին համար, Դաւիթին տունը կորսնցնել չուզեց։
8 Ասոր օրերը Եդովմայեցիները Յուդային ձեռքին տակէն ապստամբեցան ու իրենց վրայ թագաւոր մը դրին։
9 Յովրամ իր իշխաններովն ու բոլոր կառքերովը գիշերով գնաց եւ իր չորս կողմը գտնուող Եդովմայեցիներն ու կառքերու իշխանները զարկաւ։
10 Բայց Եդովմայեցիները Յուդային ձեռքին տակէն ապստամբ մնացին մինչեւ այսօր։ Այն ատեն Լեբնա ալ անոր ձեռքին տակէն ապստամբեցաւ, քանզի անիկա իր հայրերուն Տէր Աստուածը թողուցեր էր։
11 Անիկա Յուդայի լեռներուն վրայ բարձր տեղեր ալ շինեց ու Երուսաղէմին բնակիչներուն պոռնկութիւն ընել տուաւ եւ Յուդան գլխէ հանեց։
12 Եղիա մարգարէէն անոր թուղթ մը եկաւ, որով կ’ըսէր. «Քու հօրդ Դաւիթին Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ քու հօրդ Յովսափատին ճամբաներէն ու Յուդային Ասա թագաւորին ճամբաներէն չքալեցիր,
13 Հապա Իսրայէլի թագաւորներուն ճամբաներէն քալեցիր եւ Յուդային ու Երուսաղէմին բնակիչներուն՝ Աքաաբին տանը պոռնկութիւններուն պէս պոռնկութիւն ընել տուիր ու նաեւ քեզմէ աղէկ եղող եղբայրներդ, քու հօրդ որդիները մեռցուցիր,
14 Ահա քու ժողովուրդդ, քու որդիներդ ու կիներդ եւ քու բոլոր ստացուածքդ մեծ հարուածով պիտի զարնեմ
15 Ու դուն չարաչար պիտի հիւանդանաս փորի հիւանդութիւնով, մինչեւ որ փորոտիքդ դուրս թափին այն հիւանդութեան պատճառով, որ օրէ օր պիտի սաստկանայ’»։
16 Տէրը Յովրամին դէմ գրգռեց Փղշտացիները ու Եթովպիացիներուն մօտերը բնակող Արաբացիները
17 Եւ անոնք Յուդայի վրայ ելան ու զանիկա կողոպտեցին եւ թագաւորին տանը մէջ գտնուած բոլոր ստացուածքը ու անոր որդիներն ու կիներն ալ քշեցին տարին ու անոր որդիներէն միայն անոր պզտիկ որդին Յովաքազը ազատուեցաւ։
18 Այս բոլոր բաներէն ետքը՝ Տէրը զանիկա այնպիսի փորոտիքի հիւանդութեամբ մը զարկաւ, որ անբժշկելի էր։
19 Ժամանակի ընթացքին, այսինքն երկու տարիի չափ ժամանակ անցնելէն ետքը, իր հիւանդութենէն փորոտիքը դուրս թափեցան ու չարաչար հիւանդութիւնով մեռաւ։ Ժողովուրդը անոր վրայ խունկեր չծխեցին, ինչպէս անոր հայրերուն վրայ ծխեր էին։
20 Անիկա թագաւոր եղած ատենը երեսունըերկու տարեկան էր եւ ութը տարի Երուսաղէմի մէջ թագաւորութիւն ըրաւ։ Անիկա մեռաւ եւ ոեւէ մէկը անոր վրայ չցաւեցաւ՝ ՝։ Զանիկա ալ Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղեցին, բայց ոչ թէ թագաւորներու գերեզմաններուն մէջ։