Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ
Գլուխ 5
Երբ Տէրոջը տանը համար բոլոր գործը լմնցաւ, Սողոմոն իր հօրը Դաւիթին նուիրած բաները՝ արծաթն ու ոսկին ու բոլոր անօթները՝ տարաւ եւ Աստուծոյ գանձերուն մէջ դրաւ։
2 Այն ատեն Սողոմոն Իսրայէլի ծերերն ու ցեղերուն բոլոր իշխանները, Իսրայէլի որդիներուն նահապետները, Երուսաղէմի մէջ հաւաքեց, որպէս զի Տէրոջը ուխտին տապանակը Դաւիթին քաղաքէն՝ այսինքն Սիօնէն՝ հանեն։
3 Իսրայէլի բոլոր մարդիկը եօթներորդ ամսուան տօնին թագաւորին քով հաւաքուեցան։
4 Իսրայէլի բոլոր ծերերը եկան ու Ղեւտացիները տապանակը վերցուցին։
5 Քահանաներն ու Ղեւտացիները վկայութեան խորանը եւ խորանին մէջ եղած բոլոր սուրբ անօթները հանեցին։
6 Սողոմոն թագաւորն ու անոր քով հաւաքուած Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդը տապանակին առջեւ անթիւ ու անհամար ոչխարներ ու արջառներ կը զոհէին։
7 Քահանաները Տէրոջը ուխտին տապանակը ներս տարին իր տեղը՝ տանը դաբիրը, Սրբութիւն Սրբութեանց ու քերովբէներուն թեւերուն տակը դրին։
8 Քերովբէները տապանակին տեղին վրայ իրենց թեւերը կը տարածէին եւ տապանակն ու անոր ձողերը վերէն կը ծածկէին։
9 Ձողերը երկնցուցին եւ ձողերուն ծայրերը տապանակէն դաբիրին առջեւ կ’երեւնային, բայց դուրսէն չէին երեւնար ու մինչեւ այսօր հոն էին։
10 Տապանակին մէջ ուրիշ բան չկար, բայց միայն այն երկու տախտակները, որոնք Մովսէս Քորեբի մէջ հոն դրաւ, որոնցմով Տէրը Իսրայէլի որդիներուն հետ ուխտ ըրաւ՝ անոնց Եգիպտոսէն ելած ատենը։
11 Երբ քահանաները սուրբ տեղէն ելան, (վասն զի բոլոր հոն գտնուող քահանաները սրբուեր էին, առանց իրենց յաջորդական կարգը պահելու
12 Ու բոլոր երգիչ Ղեւտացիները՝ Ասափին, Եմանին ու Իդիթունին եւ անոնց որդիներուն ու եղբայրներուն հետ բեհեզներ հագած ծնծղաներով, տաւիղներով ու քնարներով սեղանին արեւելեան կողմը կեցան։ Անոնց հետ հարիւր քսան քահանայ փող կը հնչեցնէին)։
13 Փող հնչեցնողներն ու երգողները միաբերան մէկ ձայնով Տէրը կ’օրհնէին ու կը գովէին եւ փողերով, ծնծղաներով ու նուագարաններով ձայներնին վերցնելով՝ Տէրը կ’օրհնէին, ըսելով. «Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է, վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է»։ Այն ատեն Տէրոջը տունը ամպով լեցուեցաւ։
14 Ամպին պատճառով քահանաները չէին կրնար հոն կենալ, որպէս զի իրենց պաշտօնը կատարեն. քանզի Տէրոջը փառքը Աստուծոյ տունը լեցուցեր էր։