Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36


Գլուխ 18

Յովսափատ խիստ շատ հարստութիւն ու փառք ունեցաւ եւ Աքաաբին հետ խնամութիւն ըրաւ։
2 Մէկ քանի տարի ետքը Սամարիա գնաց Աքաաբին։ Աքաաբ անոր ու անոր հետ եղող ժողովուրդին խիստ շատ ոչխարներ ու արջառներ մորթեց ու զանիկա համոզեց, որ Ռամովթ-Գաղաադ երթայ։
3 Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորը Յուդայի Յովսափատ թագաւորին ըսաւ. «Ինծի հետ Ռամովթ-Գաղաադ կ’երթա՞ս»։ Յովսափատ ըսաւ. «Ես քեզի պէս եմ ու իմ ժողովուրդս քու ժողովուդիդ պէս է։ Քեզի հետ պատերազմի երթանք»։
4 Յովսափատ Իսրայէլի թագաւորին ըսաւ. «Նախ Տէրոջը կամքը հարցուր»։
5 Իսրայէլի թագաւորը մարգարէները հաւաքեց, որոնք չորս հարիւր հոգի էին ու անոնց ըսաւ. «Ռամովթ-Գաղաադի վրայ պատերազմելու երթա՞նք, թէ ետ կենամ»։ Անոնք ըսին. «Գնա՛, վասն զի Աստուած զանիկա թագաւորին ձեռքը պիտի տայ»։
6 Յովսափատ ըսաւ. «Այստեղ Տէրոջը ուրիշ մարգարէ մըն ալ չկա՞յ, որպէս զի անոր ալ հարցնենք»։
7 Իսրայէլի թագաւորը Յովսափատին ըսաւ. «Ուրիշ մարդ մըն ալ կայ, որուն միջոցով կրնանք Տէրոջը հարցնել, բայց ես զանիկա կ’ատեմ, քանզի ինծի համար աղէկ մարգարէութիւն չ’ըներ, հապա՝ միշտ գէշ. անիկա Յեմլային որդին Միքիան է»։ Յովսափատ ըսաւ. «Թագաւորը այդպէս թող չխօսի»։
8 Իսրայէլի թագաւորը ներքինի մը կանչեց ու ըսաւ. «Յեմլային որդին Միքիան շուտով հոս բեր»։
9 Իսրայէլի թագաւորը ու Յուդայի Յովսափատ թագաւորը, Սամարիային դրանը առջեւի հրապարակին մէջ, ամէն մէկը փառաւոր զգեստներ հագած, իր աթոռին վրայ նստեր էր ու բոլոր մարգարէները անոնց առջեւ մարգարէութիւն կ’ընէին։
10 Քանանային որդին Սեդեկիան իրեն երկաթէ եղջիւրներ շինեց ու ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ասորիները ասոնցմով պիտի զարնես, մինչեւ որ զանոնք բնաջինջ ընես’»։
11 Բոլոր մարգարէներն ալ այնպէս կը մարգարէանային ու կ’ըսէին. «Ռամովթ-Գաղաադ ելի՛ր ու յաջողութիւն պիտի ունենաս եւ Տէրը զանիկա թագաւորին ձեռքը պիտի տայ»։
12 Միքիան կանչելու գացող մարդը խօսեցաւ անոր՝ ըսելով. «Ահա բոլոր մարգարէները մէկ բերնով թագաւորին համար նպաստաւոր խօսեցան. թող քու խօսքդ ալ անոնց մէկուն խօսքին պէս ըլլայ»։
13 Իսկ Միքիա ըսաւ. «Տէրը կենդանի է, որ իմ Աստուածս ինծի ինչ որ ըսէ, այն պիտի ըսեմ»։
14 Երբ անիկա թագաւորին գնաց, թագաւորը անոր ըսաւ. «Ո՛վ Միքիա, Ռամովթ-Գաղաադ պատերազմելու երթա՞նք, թէ ետ կենանք»։ Անիկա ըսաւ. «Ելէ՛ք ու յաջողութիւն պիտի ունենաք ու ձեր ձեռքը պիտի տրուին»։
15 Թագաւորը անոր ըսաւ. «Մինչեւ քանի՞ անգամ երդմնցնեմ քեզ, որպէս զի Տէրոջը անունովը ճշմարիտը միայն խօսիս ինծի»։
16 Անիկա ըսաւ. «Բոլոր Իսրայէլը հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս լեռներու վրայ ցրուած տեսայ եւ Տէրը ըսաւ. «‘Ասոնք տէր չունին’. ամէն մարդ խաղաղութեամբ թող իր տունը դառնայ»։
17 Իսրայէլի թագաւորը Յովսափատին ըսաւ. «Քեզի չըսի՞ թէ անիկա ինծի համար աղէկ մարգարէութիւն չ’ըներ, հապա գէշ»։
18 Միքիա ըսաւ. «Ուրեմն Տէրոջը խօսքը մտիկ ըրէք. Տէրը իր աթոռին վրայ նստած տեսայ ու երկնքի բոլոր զօրքերը անոր աջ կողմը ու ձախ կողմը կայներ էին
19 Եւ Տէրը ըսաւ. ‘Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորը ո՞վ կրնայ խաբել, որպէս զի Ռամովթ-Գաղաադ ելլէ ու կորսուի’։ Մէկը այսպէս ու միւսը այնպէս ըսաւ։
20 Ու ոգի մը ելաւ եւ Տէրոջը առջեւ կայնեցաւ ու ըսաւ. ‘Զանիկա ես կը խաբեմ’։ Եւ Տէրը անոր ըսաւ. ‘Ի՞նչ միջոցով’։
21 Անիկա ըսաւ. ‘Ելլեմ ու անոր բոլոր մարգարէներուն բերանը սուտ ոգի դնեմ’։ Տէրը անոր ըսաւ. ‘Դուն պիտի խաբես ու պիտի յաջողիս։ Ելի՛ր ու այնպէս ըրէ՛’։
22 Ահա Տէրը այս քու մարգարէներուդ բերանը սուտ ոգի դրեր է. Տէրը քեզի համար չարիք խօսեցաւ»։
23 Այն ատեն Քանանային որդին Սեդեկիան մօտեցաւ ու Միքիային ծնօտին զարկաւ ու ըսաւ. «Տէրոջը Հոգին ի՞նչպէս իմ քովէս ելաւ՝ քեզի հետ խօելու համար»։
24 Միքիան ըսաւ. «Դուն ալ պիտի տեսնես այն օրը որ պահուելու համար սենեակէ սենեակ պիտի մտնես»։
25 Թագաւորը ըսաւ. «Միքիան առէք ու զանիկա Ամոն քաղաքապետին եւ թագաւորին որդիին Յովասին տարէք
26 Ու ըսէք՝ թագաւորը այսպէս կըսէ. ‘Զանիկա բանտը դրէք։ Մինչեւ որ ես խաղաղութեամբ դառնամ, զանիկա նեղութեան հացով ու նեղութեան ջրով կերակրեցէ՛ք’»։
27 Միքիան ըսաւ. «Եթէ երբեք խաղաղութեամբ դառնաս, Տէրը ինծմով խօսած չըլլայ» ու ըսաւ. «Ո՛վ ժողովուրդներ, ամէնքդ ալ լսեցէ՛ք»։
28 Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորը ու Յուդայի Յովսափատ թագաւորը Ռամովթ-Գաղաադ ելան։
29 Իսրայէլի թագաւորը Յովսափատին ըսաւ. «Կերպարանքս պիտի փոխեմ ու այնպէս պատերազմի պիտի մտնեմ. բայց դուն քու հագուստդ հագիր»։ Իսրայէլի թագաւորը իր կերպարանքը փոխեց ու պատերազմի մէջ մտան։
30 Ասորիներուն թագաւորը իր կառքերու պետին պատուիրեց ու ըսաւ. «Պզտիկի կամ մեծի հետ մի՛ պատերազմիք, բայց միայն Իսրայէլի թագաւորին հետ»։
31 Ու երբ կառքերու իշխանները Յովսափատը տեսան՝ «Իսրայէլի թագաւորը ասիկա է», ըսելով, անոր դէմ պատերազմելու գացին։ Յովսափատ աղաղակեց ու Տէրը իրեն օգնութիւն ըրաւ եւ Աստուած զանոնք իրմէ դարձուց։
32 Երբ կառքերու իշխանները տեսան թէ անիկա Իսրայէլի թագաւորը չէ, անկէ ետ դարձան։
33 Եւ մարդ մը առանց դիտելու՝ ՝ իր աղեղը քաշեց ու Իսրայէլի թագաւորը զրահին օղակներուն մէջէն՝ ՝ զարկաւ. այն ատեն անիկա իր կառավարին ըսաւ. «Ձեռքդ դարձուր ու զիս բանակէն հանէ, քանզի վիրաւորուեցայ»։
34 Այն օրը պատերազմը սաստկացաւ ու Իսրայէլի թագաւորը մինչեւ իրիկուն Ասորիներուն դէմ իր կառքին մէջ կեցաւ ու արեւուն մարը մտած ատենը մեռաւ։