Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ
Գլուխ 7
Երբ Սողոմոն իր աղօթքը լմնցուց, երկնքէն կրակ իջաւ ու ողջակէզները ու զոհերը լափեց ու Տէրոջը փառքը տունը լեցուց։
2 Քահանաները չէին կրնար Տէրոջը տունը մտնել, քանզի Տէրոջը փառքը Տէրոջը տունը լեցուցեր էր։
3 Բոլոր Իսրայէլին որդիները կրակին իջնելը եւ տանը վրայ Տէրոջը փառքին հանգչիլը տեսան ու երեսի վրայ գետինը իյնալով՝ քարայատակին վրայ երկրպագութիւն ըրին ու Տէրը օրհնեցին, վասն զի բարի է, վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
4 Եւ թագաւորն ու բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը առջեւ զոհեր կը մատուցանէին։
5 Եւ Սողոմոն թագաւորը քսանըերկու հազար արջառ ու հարիւր քսան հազար ոչխար զոհեց։ Այսպէս թագաւորն ու բոլոր ժողովուրդը Աստուծոյ տանը նաւակատիքը ըրին։
6 Քահանաները իրենց պահպանութեանը համեմատ կը կենային ու Ղեւտացիները՝ Տէրոջը նուագարաններովը, որոնք Դաւիթ թագաւորը շիներ էր Տէրը գովելու համար, վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։ Երբ Դաւիթ անոնց ձեռքով Տէրը օրհնեց ու քահանաները փողերը հնչեցուցին, բոլոր Իսրայէլ ոտքի վրայ կեցաւ։
7 Սողոմոն Տէրոջը տանը առջեւ եղող գաւիթին մէջտեղը սրբեց, քանզի ողջակէզներն ու խաղաղութեան զոհերուն ճարպերը հոն մատուցանեց եւ որովհետեւ Սողոմոնին շինած պղնձէ սեղանը, ողջակէզներն ու հացի ընծաները ու ճարպերը չէր կրնար պարունակել։
8 Այն ատեն Սողոմոն ու անոր հետ բոլոր Իսրայէլ, խիստ մեծ ժողով մը, Եմաթի մուտքէն մինչեւ Եգիպտոսի հեղեղատը եօթը օր տօն ըրին։
9 Եւ ութերորդ օրը մեծ ժողով ըրին. քանզի եօթը օր սեղանին նաւակատիքը ու եօթը օր տօնը կատարեցին։
10 Ու եօթներորդ ամսուան քսանըերեքերորդ օրը ժողովուրդը արձակեց, որոնք իրենց վրանները գացին, զուարթ սրտով մը ուրախանալով այն բարիքներուն համար, որոնք Տէրը Դաւիթին, Սողոմոնին ու իր Իսրայէլ ժողովուրդին տուեր էր։
11 Սողոմոն Տէրոջը տունն ու թագաւորական տունը լմնցուց եւ Սողոմոնին սիրտը ինչ որ ծրագրած էր Աստուծոյ տանը եւ թագաւորական տանը համար, ամէնքն ալ յաջողութեամբ կատարուեցան։
12 Ու Տէրը գիշերով Սողոմոնին երեւցաւ եւ անոր ըսաւ. «Քու աղօթքդ լսեցի ու այս տեղը ընտրեցի, որպէս զի ինծի զոհի տուն ըլլայ։
13 Եթէ երկինքը գոցեմ, որպէս զի չանձրեւէ եւ եթէ մարախին պատուիրեմ, որպէս զի երկիրը ուտէ կամ եթէ իմ ժողովուրդիս մէջ ժանտախտ ղրկեմ
14 Ու իմ անունովս կոչուած ժողովուրդս եթէ խոնարհին ու աղօթք ընեն ու իմ երեսս խնդրեն եւ իրենց չար ճամբաներէն դառնան, ես ալ երկնքէն պիտի լսեմ ու անոնց մեղքը ներեմ ու անոնց երկիրը պիտի բժշկեմ։
15 Հիմա այստեղ մատուցանուելու աղօթքին իմ աչքերս բաց պիտի ըլլան ու ականջներս պիտի լսեն։
16 Քանզի այս տունը ընտրեցի ու սրբեցի, որպէս զի իմ անունս յաւիտեան հոն ըլլայ։ Իմ աչքերս ու սիրտս ամէն ատեն հոն պիտի ըլլան։
17 Եթէ դուն իմ առջեւս այնպէս քալես, ինչպէս Դաւիթ քալեց ու բոլոր քեզի պատուիրածներս ընես եւ իմ կանոններս ու օրէնքներս պահես,
18 Այն ատեն քու թագաւորութեանդ աթոռը պիտի հաստատեմ, ինչպէս քու հօրդ Դաւիթին հետ ուխտ ըրի՝ ըսելով. ‘Քեզմէ Իսրայէլի վրայ իշխող մարդ պակաս պիտի չըլլայ’։
19 Բայց եթէ դառնաք ու ձեր առջեւ դրուած կանոններս ու պատուիրանքներս թողուք ու երթաք ուրիշ աստուածներու ծառայութիւն ընէք եւ անոնց երկրպագութիւն ընէք,
20 Այն ատեն ձեզ արմատէն պիտի խլեմ այն երկրին վրայէն, որ ձեզի տուի եւ այս տունը որ իմ անուանս համար սրբեցի, երեսէս պիտի ձգեմ ու զանիկա բոլոր ազգերու մէջ ծաղրանքի առարկայ պիտի ընեմ։
21 Եւ այս բարձր տանը համար անոր քովէն անցնողը պիտի զարմանայ ու պիտի ըսէ՝ ‘Ինչո՞ւ համար Տէրը այս երկրին ու այս տանը այսպէս ըրաւ’։
22 Եւ պիտի պատասխանեն. ‘Վասն զի իրենց հայրերուն Տէր Աստուածը թողուցին, որ զիրենք Եգիպտոսէն հաներ էր եւ ուրիշ աստուածներու յարեցան եւ անոնց երկրպագութիւն ու ծառայութիւն ըրին. այս պատճառով անոնց վրայ այս բոլոր չարիքները բերաւ’»։