Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36


Գլուխ 30

Եզեկիա Իսրայէլին եւ Յուդային մարդ ղրկեց ու Եփրեմին ու Մանասէին ալ նամակներ գրեց, որպէս զի Երուսաղէմ Տէրոջը տունը գան ու Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն Զատիկը տօնեն։
2 Թագաւորն ու անոր իշխանները ու բոլոր ժողովուրդը Երուսաղէմի մէջ խորհուրդ ըրին, որ Զատիկը երկրորդ ամսուան մէջ տօնեն.
3 Վասն զի այն ատեն կարող չէին զանիկա ընելու, քանզի պէտք եղածին չափ քահանաներ սրբուած չէին ու ժողովուրդը Երուսաղէմ հաւաքուած չէր։
4 Այս բանը թագաւորին առջեւ ու բոլոր ժողովուրդին հաճելի երեւցաւ։
5 Այնպէս որոշեցին, որ բոլոր Իսրայէլի մէջ Բերսաբէէէն մինչեւ Դան լուր ղրկեն, որպէս զի գան ու Երուսաղէմի մէջ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն Զատիկը տօնեն. քանզի շատ ատենէ ի վեր գրուածին պէս ըրած չէին։
6 Սուրհանդակները թագաւորին ու իշխաններուն նամակներովը բոլոր Իսրայէլ ու Յուդա գացին ու թագաւորին հրամանին համեմատ ըսին. «Ո՛վ Իսրայէլի որդիներ, Աբրահամին, Իսահակին ու Իսրայէլին Տէր Աստուծոյն դարձէ՛ք ու ան ալ պիտի դառնայ ձեզի, որ Ասորեստանի թագաւորներուն ձեռքէն ազատուելով՝ ձեր երկիրը մնացեր էք։
7 Ձեր հայրերուն պէս ու ձեր եղբայրներուն պէս մի՛ ըլլաք, որոնք իրենց հայրերուն Տէր Աստուծոյն դէմ ապստամբեցան. ան ալ զանոնք կործանման մատնեց, ինչպէս դուք կը տեսնէք։
8 Ուրեմն ձեր հայրերուն պէս ձեր պարանոցը մի՛ խստացնէք. հնազանդեցէ՛ք Տէրոջը ու եկէ՛ք անոր սրբարանը, որ ինք յաւիտեան սրբած է ու ձեր Տէր Աստուծոյն ծառայութիւն ըրէ՛ք, որպէս զի անոր սաստիկ բարկութիւնը իջնէ
9 Քանզի եթէ դուք Տէրոջը դառնաք՝ ձեր եղբայրներն ու ձեր որդիները զիրենք գերի տանողներուն երեսէն գթութիւն պիտի գտնեն եւ այս երկիրը պիտի դառնան, վասն զի ձեր Տէր Աստուածը ողորմած ու գթած է ու եթէ անոր դառնաք, ձեզմէ երես պիտի չդարձնէ»։
10 Սուրհանդակները Եփրեմին ու Մանասէին երկիրը քաղաքէ քաղաք պտըտելով, մինչեւ Զաբուղոն գացին. բայց զանոնք ծաղր կ’ընէին ու կ’արհամարհէին։
11 Սակայն Ասերէն ու Մանասէէն ու Զաբուղոնէն ոմանք խոնարհեցան ու Երուսաղէմ գացին։
12 Աստուծոյ ձեռքը Յուդայի վրայ ալ էր, որ անոնց մէկ սիրտ տայ, որպէս զի թագաւորին ու իշխաններուն՝ Տէրոջը խօսքին համեմատ պատուիրածը կատարեն։
13 Երուսաղէմի մէջ բազմաթիւ ժողովուրդներ հաւաքուեցան երկրորդ անսուան մէջ բաղարջակերաց տօնը կատարելու համար ու խիստ մեծ բազմութիւն մը հաւաքուեցաւ։
14 Ելան Երուսաղէմի մէջ եղող զոհի սեղաններն ու խունկի սեղանները վերցուցին ու Կեդրոն հեղեղատը նետեցին։
15 Երկրորդ ամսուան տասնըչորրորդ օրը զատիկը մորթեցին եւ քահանաներն ու Ղեւտացիները պատկառանքով սրբուեցան ու Տէրոջը տունը ողջակէզներ բերին։
16 Աստուծոյ մարդուն Մովսէսին օրէնքին համեմատ, իրենց սովորութեանը պէս, իրենց տեղը կեցան։ Քահանաները Ղեւտացիներուն ձեռքէն արիւնը կ’առնէին ու կը սրսկէին։
17 Քանզի ժողովուրդին մէջ չսրբուածները շատ էին ու բոլոր մաքուր չեղողներուն համար զատկի գառը Ղեւտացիները կը մորթէին, որպէս զի զանիկա Տէրոջը առջեւ սրբացնեն։
18 Վասն զի ժողովուրդէն շատերը, այսինքն Եփրեմէն, Մանասէէն, Իսաքարէն ու Զաբուղոնէն եկողներէն շատերը մաքուր չէին։ Ամէն պարագայի զատիկը կերան՝ բայց ո՛չ թէ գրուածին համեմատ, իսկ Եզեկիա անոնց համար աղօթք ըրաւ ու ըսաւ. «Բարերար Տէրը քաւութիւն թող ընէ այն բոլոր մարդոց,
19 Որոնք սրտանց փնտռեցին Տէր Աստուածը, իրենց հայրերուն Աստուածը, թէեւ անոնք սրբարանին մաքրութեանը համեմատ մաքրուած չէին»։
20 Տէրը Եզեկիային աղօթքը լսեց ու ժողովուրդին թողութիւն տուաւ՝ ՝։
21 Երուսաղէմի մէջ գտնուող Իսրայէլի որդիները մեծ ուրախութեամբ եօթը օր բաղարջակերաց տօնը կատարեցին ու Ղեւտացիները եւ քահանաները ամէն օր բարձրաձայն նուագարաններ հնչեցնելով՝ Տէրը կ’օրհնէին։
22 Եզեկիա քաղցրութեամբ խօսեցաւ Տէրոջը բարի հանճարը իմացող բոլոր Ղեւտացիներուն։ Տօնին եօթը օրը խաղաղութեան զոհեր մատուցանելով ու իրենց հայրերուն Տէր Աստուծոյն գոհութիւն տալով կ’ուտէին։
23 Բոլոր ժողովուրդը խորհուրդ ըրին, որ ուրիշ եօթը օր ալ տօն պահեն։ Եօթը օր ալ մեծ ուրախութիւն ըրին։
24 Քանզի Յուդայի Եզեկիա թագաւորը ժողովուրդին հազար զուարակ ու եօթը հազար ոչխար պարգեւեց։ Իշխաններն ալ ժողովուրդին հազար զուարակ ու տասը հազար ոչխար պարգեւեցին ու շատ քահանաներ սրբուեցան։
25 Բոլոր Յուդայի ժողովուրդը ու քահանաներն ու Ղեւտացիները եւ Իսրայէլէն եկողներուն բոլոր ժողովուրդը ու Իսրայէլի երկրէն եկող եւ Յուդայի մէջ բնակող պանդուխտները ուրախացան։
26 Երուսաղէմի մէջ մեծ ուրախութիւն եղաւ։ Իսրայէլի թագաւորին, Դաւիթին որդիին Սողոմոնին օրերէն ի վեր Երուսաղէմի մէջ այսպիսի ուրախութիւն եղած չէր։
27 Անկէ ետքը Ղեւտացի քահանաները ելան ու ժողովուրդը օրհնեցին եւ անոնց ձայնը լսուեցաւ ու անոնց աղօթքը Աստուծոյ սուրբ բնակարանը՝ երկինք՝ հասաւ։