Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36


Գլուխ 34

Յովսիա ութը տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ երեսունըմէկ տարի թագաւորեց։
2 Անիկա Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ ու իր հօրը Դաւիթին ճամբաներուն մէջ քալեց ու աջ կամ ձախ կողմը չխոտորեցաւ։ ՅՈՎՍԻԱ ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ
3 Իր թագաւորութեան ութերորդ տարին, երբ դեռ ինք պատանի էր, իր հօրը Դաւիթին Աստուածը փնտռել սկսաւ ու տասնըերկրորդ տարին՝ Յուդան ու Երուսաղէմը բարձր տեղերէն, Աստարովթի կուռքերէն եւ քանդակուած ու ձուլածոյ կուռքերէն մաքրեց։
4 Բահաղիմին սեղանները անոր առջեւ կործանեց ու անոնց վրայի արեգակի կուռքերը կոտրտեց եւ Աստարովթին կուռքերն ու քանդակուած ու ձուլածոյ կուռքերը մանրեց ու փշրեց ու անոնց զոհ մատուցանողներուն գերեզմաններուն վրայ ցանեց։
5 Քուրմերուն ոսկորները անոնց սեղաններուն վրայ այրեց ու Յուդան ու Երուսաղէմը մաքրեց։
6 Մանասէին ու Եփրեմին ու Շմաւոնին քաղաքներուն մէջ մինչեւ Նեփթաղիմ եւ անոնց բոլորտիքը եղած աւերակ տեղերը նոյնպէս ըրաւ՝ ՝։
7 Սեղանները եւ Աստարովթին կուռքերը կործանեց ու քանդակուած կուռքերը մանրեց ու փշրեց եւ Իսրայէլի բոլոր երկրին մէջ եղող բոլոր արեգակի կուռքերը կոտրտեց ու Երուսաղէմ դարձաւ։
8 Իր թագաւորութեանը տասնըութերորդ տարին երկիրն ու իր տունը մաքրեց, ապա Եսելիային որդին Սափանն ու քաղաքին իշխանը Մաասիան ու Յովաքազին որդին Յովաքը՝ յիշատակներու դպիրը՝ ղրկեց, որպէս զի իր Տէր Աստուծոյն տունը նորոգեն։
9 Անոնք Քեղկիա քահանայապետին եկան ու Աստուծոյ տունը բերուած ստակը առին, որ Ղեւտացիները, դրան պահապանները, Մանասէին ու Եփրեմին ձեռքէն եւ Իսրայէլի բոլոր մնացորդէն ու բոլոր Յուդայէն ու Բենիամինէն ու Երուսաղէմի բնակիչներէն հաւաքեր էին,
10 Տէրոջը տանը գործին վրայ դրուած բանուորներուն ձեռքը տուին. անոնք ալ Տէրոջը տանը մէջ գործող բանուորներուն տուին՝ տունը նորոգելու եւ շինելու համար.
11 Այսինքն հիւսներուն ու շինողներուն տուին, որպէս զի Յուդայի թագաւորներուն աւերած տուները շինելու համար տաշուած քարեր ու գերաններու համար փայտեր ծախու առնեն։
12 Այն մարդիկը գործը հաւատարմութեամբ կը բանէին ու գործը յառաջ տանելու համար անոնց վրայ կեցողները Մերարիին որդիներէն՝ Ղեւտացի Յեթն ու Աբդիան եւ Կահաթեաններու որդիներէն Զաքարիան ու Մեսուղամն էին. նաեւ Ղեւտացիները, նուագարաններուն աղէկ տեղեակ եղողներուն ամէնքը.
13 Նաեւ բեռնակիրներուն ու ամէն տեսակ գործ կատարողներուն վերակացուներն էին։ Դպիրները, ոստիկաններն ու դռնապանները Ղեւտացիներէն էին։
14 Երբ Տէրոջը տունը բերուած ստակը կը հանէին, Քեղկիա քահանան Մովսէսին ձեռքով տրուած Տէրոջը օրէնքներուն գիրքը գտաւ։
15 Քեղկիա Սափան դպիրին ըսաւ. «Տէրոջը տանը մէջ օրէնքներու գիրք մը գտայ»։ Քեղկիա այն գիրքը Սափանին տուաւ։
16 Սափան գիրքը թագաւորին տարաւ ու տեղեկացուց՝ ըսելով. «Քու ծառաներդ իրենց յանձնուած բոլոր գործը կատարեցին
17 Եւ Տէրոջը տանը մէջ գտնուած ստակը հանեցին ու զանիկա վերակացուներուն ձեռքը ու գործը կատարողներուն ձեռքը տուին»։
18 Սափան դպիրը թագաւորին պատմեց ու ըսաւ. «Քեղկիա քահանան ինծի գիրք մը տուաւ»։ Սափան անոր մէջէն թագաւորին առջեւ կարդաց։
19 Թագաւորը օրէնքներու խօսքերը լսածին պէս իր հանդերձները պատռեց։
20 Թագաւորը Քեղկիային ու Սափանին որդիին Աքիկամին ու Միքային որդիին Աբդօնին եւ Սափան դպիրին ու թագաւորին ծառայ Ասայիային պատուիրեց ու ըսաւ.
21 «Գացէք ինծի եւ Իսրայէլի ու Յուդայի մնացորդներուն համար այս գտնուած գրքին խօսքերուն վրայով Տէրոջը հարցուցէք. քանի որ մեր հայրերը Տէրոջը խօսքը չպահեցին եւ այս գրքին մէջ բոլոր գրուածները չկատարեցին, ուստի մեր վրայ թափուեցաւ Տէրոջը մեծ բարկութիւնը»։
22 Ու Քեղկիան եւ թագաւորին մարդիկը Ասրային որդիին Թեկուային որդիին Սեղղում հանդերձապետին կնոջ, Ողդա մարգարէուհիին գացին եւ անիկա Երուսաղէմ Մասենայի մէջ կը բնակէր ու անոր հետ այդ մասին խօսեցան։
23 Ողդան ըսաւ անոնց. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ձեզ ինծի ղրկող մարդուն ըսէք.
24 «Ահա ես այս տեղին ու անոր բնակիչներուն վրայ չարիք պիտի բերեմ, այսինքն այն բոլոր անէծքները, որոնք Յուդայի թագաւորին առջեւ կարդացուած գրքին մէջ գրուած են,
25 Քանզի զիս թողուցին եւ ուրիշ աստուածներու խունկ ծխեցին, որպէս զի իրենց ձեռքերուն բոլոր գործերովը զիս բարկացնեն. ուստի այս տեղին վրայ իմ բարկութիւնս պիտի բորբոքի ու պիտի չմարի»։
26 Բայց Տէրոջը հարցնելու համար ձեզ ղրկող Յուդայի թագաւորին այսպէս ըսէք. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ լսած խօսքերուդ համար.
27 Որովհետեւ քու սիրտդ կակղացաւ ու Աստուծոյ առջեւ խոնարհեցար, երբ այս տեղին վրայ ու անոր բնակիչներուն վրայ անոր ըսած խօսքերը լսեցիր եւ իմ առջեւս խոնարհեցար ու հանդերձներդ պատռեցիր ու իմ առջեւս լացիր, ես ալ լսեցի», կ’ըսէ Տէրը։
28 Ահա ես քեզ քու հայրերուդ պիտի խառնեմ ու խաղաղութեամբ քու գերեզմանիդ մէջ պիտի ամփոփուիս եւ այս տեղին վրայ ու անոր բնակիչներուն վրայ իմ բերելու բոլոր չարիքներս քու աչքերդ պիտի չտեսնեն’»։ Ու անոնք թագաւորին պատասխան տարին։
29 Թագաւորը մարդ ղրկեց ու Յուդայի բոլոր ծերերը հաւաքեց։
30 Թագաւորն ու Յուդայի բոլոր մարդիկը ու Երուսաղէմի բնակիչները եւ քահանաներն ու Ղեւտացիները ու բոլոր ժողովուրդը, մեծէն մինչեւ պզտիկը, Տէրոջը տունը գացին եւ Տէրոջը տանը մէջ գտնուած ուխտի գրքին բոլոր խօսքերը անոնց առջեւ կարդաց։
31 Ու թագաւորը իր տեղը ոտքի վրայ կանգնեցաւ ու Տէրոջը առջեւ ուխտ ըրաւ, որպէս զի այն գրքին մէջ գրուած ուխտին խօսքերը կատարելու համար Տէրոջը ետեւէն երթայ եւ անոր պատուիրանքներն ու վկայութիւնները եւ կանոնները բոլոր սրտով ու բոլոր հոգիով պահէ։
32 Երուսաղէմի ու Բենիամինի մէջ բոլոր գտնուողները կանգնեցուց ու Երուսաղէմի բնակիչները իրենց հայրերուն Աստուծոյն ուխտին պէս ըրին։
33 Յովսիա Իսրայէլի որդիներուն բոլոր երկիրներէն բոլոր գարշութիւնները վերցուց ու բոլոր Իսրայէլի մէջ գտնուողներուն իրենց Տէր Աստուծոյն ծառայութիւն ընել տուաւ։ Անոր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ իրենց հայրերուն Տէր Աստուծմէն չխոտորեցան։