Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36


Գլուխ 29

Եզեկիա քսանըհինգ տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ քսանըինը տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Աբիա էր, որ Զաքարիային աղջիկն էր։
2 Եզեկիա իր հօրը Դաւիթին բոլոր ըրածին պէս Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ։
3 Անիկա իր թագաւորութեան առաջին տարուան առաջին ամիսը Տէրոջը տանը դռները բացաւ ու զանոնք նորոգեց։
4 Քահանաներն ու Ղեւտացիները բերել տուաւ ու զանոնք արեւելեան հրապարակին մէջ հաւաքեց
5 Եւ անոնց ըսաւ. «Ինծի մտիկ ըրէ՛ք, ո՛վ Ղեւտացիներ, հիմա սրբուեցէ՛ք ու ձեր հայրերուն Տէր Աստուծոյն տունը սրբեցէ՛ք եւ պղծութիւնը սրբարանէն դուրս հանեցէք.
6 Քանզի մեր հայրերը ապստամբեցան ու մեր Տէր Աստուծոյն առջեւ չարութիւն ըրին ու զանիկա թողուցին եւ իրենց երեսը Տէրոջը խորանէն դարձուցին ու արհամարհեցին զանիկա՝ ՝.
7 Սրահին դռներն ալ գոցեցին, ճրագները մարեցին, խունկ չծխեցին ու սուրբ տեղը Իսրայէլի Աստուծոյն ողջակէզ չմատուցանեցին։
8 Անոր համար Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ Տէրը բարկացաւ ու զանոնք խռովութեան, աւերման ու խայտառակութեան մէջ ձգեց, ինչպէս հիմա ձեր աչքերովը կը տեսնէք։
9 Այս պատճառով ահա մեր հայրերը որով ինկան ու մեր տղաքները եւ աղջիկներն ու կիները գերութեան մէջ են։
10 Հիմա ես սրտանց կը փափաքիմ, որ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն հետ ուխտ ընեմ, որպէս զի իր սաստիկ բարկութիւնը իջնէ։
11 Արդ՝ որդեակնե՛րս, անհոգութիւն մի՛ ընէք. վասն զի Տէրը ձեզ ընտրեց, որպէս զի իրեն ծառայութիւն ընելու համար իր առջեւ կայնիք, իրեն սպասաւորներ ըլլաք ու խունկ ծխէք»։
12 Այն ատեն ոտքի ելան Ղեւտացիները, այսինքն Կահաթի որդիներէն Ամեսայիի որդին Մաաթն ու Ազարիայի որդին Յովէլը եւ Մերարիի որդիներէն՝ Աբդիի որդին Կիսը ու Յալէլէլի որդին Ազարիան ու Գերսոնեաններէն Զամմայի որդին Յովաքը եւ Յովաքի որդին Եդէնը,
13 Ու Եղիսափանի որդիներէն՝ Սամարին ու Յէիէլը եւ Ասափի որդիներէն՝ Զաքարիան ու Մաթանիան
14 Ու Եմանի որդիներէն՝ Յեքիէլն ու Սեմէին եւ Իդիթունի որդիներէն՝ Սեմայիան ու Ոզիէլը։
15 Եւ իրենց եղբայրները հաւաքեցին ու սրբուեցան եւ թագաւորին հրամանովն ու Տէրոջը խօսքովը Տէրոջը տունը մաքրելու գացին։
16 Քահանաները մաքրելու համար՝ Տէրոջը տանը ներսի կողմը մտան ու Տէրոջը տաճարին մէջ գտնուած բոլոր աղտեղութիւնը Տէրոջը տանը գաւիթը հանեցին ու Ղեւտացիները զանիկա վերցուցին, որպէս զի դուրսը Կեդրոն հեղեղատը տանին։
17 Առաջին ամսուան առաջին օրը սկսան սրբել ու ամսուան ութերորդ օրը Տէրոջը սրահը եկան ու Տէրոջը տունը ութ օրուան մէջ սրբեցին եւ առաջին ամսուան տասնըվեցերորդ օրը լմնցուցին։
18 Եզեկիա թագաւորին քով գացին ու ըսին. «Տէրոջը բոլոր տունն ու ողջակէզի սեղանը ու անոր բոլոր գործիքները եւ առաջաւորութեան հացին սեղանն ու անոր բոլոր գործիքները մաքրեցինք։
19 Ու նաեւ պատրաստեցինք ու սրբեցինք այն բոլոր ամանները, որոնք Աքազ թագաւորը իր թագաւորութեանն ու իր անօրէնութեանը ատենը պղծեց։ Ահա անոնք Տէրոջը սեղանին առջեւն են»։
20 Եզեկիա թագաւորը կանուխ ելաւ ու քաղաքին իշխանները հաւաքելով Տէրոջը տունը գնաց
21 Եւ իր թագաւորութեանն ու սրբարանին ու Յուդային համար եօթը զուարակ, եօթը խոյ ու եօթը գառ ու մեղքի պատարագ ըլլալու համար եօթը նոխազ բերին եւ անիկա Ահարոնին որդիներուն, քահանաներուն, հրամայեց, որ զանոնք Տէրոջը սեղանին վրայ մատուցանեն։
22 Զուարակները մորթեցին եւ քահանաները արիւնը առին ու սեղանին վրայ սրսկեցին եւ խոյերն ալ մորթեցին ու արիւնը սեղանին վրայ սրսկեցին։
23 Ու մեղքի պատարագի նոխազները թագաւորին ու ժողովուրդին առջեւ բերին եւ անոնք ձեռքերնին անոնց վրայ դրին։
24 Քահանաները զանոնք մորթեցին եւ անոնց արիւնը սեղանին վրայ սրսկեցին բոլոր Իսրայէլին քաւութիւն ընելու համար. վասն զի թագաւորը ըսեր էր որ ողջակէզն ու մեղքի պատարագը բոլոր Իսրայէլին համար մատուցանեն։
25 Ու Ղեւտացիները ծնծղաներով, տաւիղներով ու քնարներով Տէրոջը տանը մէջ կեցուց, ինչպէս Դաւիթ ու Դաւիթ թագաւորին տեսանողը Գաթ եւ Նաթան մարգարէն պատուիրեր էին. վասն զի Տէրը իր մարգարէներուն միջոցով այսպէս հրամայեր էր։
26 Ու Ղեւտացիները Դաւիթին նուագարաններով եւ քահանաները փողերով կեցան։
27 Եզեկիա հրամայեց որ ողջակէզը սեղանին վրայ մատուցանեն ու ողջակէզին սկսած ատենը Տէրոջը օրհնութիւնն ալ փողերով ու Իսրայէլի թագաւորին Դաւիթին նուագարաններովը սկսաւ։
28 Մինչեւ ողջակէզին լմննալը բոլոր ժողովը երկրպագութիւն կ’ընէր, երգողները օրհնութիւն կ’երգէին եւ քահանաները փողերը կը հնչեցնէին։
29 Երբ ողջակէզ մատուցանելը լմնցուցին, թագաւորը եւ բոլոր քովը գտնուողները ծռելով երկրպագութիւն ըրին։
30 Եզեկիա թագաւորն ու իշխանները Ղեւտացիներուն ըսին, որ Տէրոջը օրհնութիւն երգեն Դաւիթին ու Ասափ տեսանողին խօսքերովը։ Անոնք ալ ուրախութեամբ երգեցին ու խոնարհելով երկրպագութիւն ըրին։
31 Եզեկիա ժողովուրդին ըսաւ. «Հիմա ինքզինքնիդ Տէրոջը նուիրեցիք. մօտեցէ՛ք ու Տէրոջը տունը զոհեր ու օրհնութեան ընծաներ բերէ՛ք»։ Ժողովուրդը զոհեր ու օրհնութեան ընծաներ բերաւ եւ ամէն յօժարութիւն ունեցողը ողջակէզներ բերաւ։
32 Ու ժողովուրդին բերած ողջակէզներուն թիւը այս էր՝ եօթանասուն արջառ, հարիւր խոյ ու երկու հարիւր գառ. ասոնց ամէնքը Տէրոջը ողջակէզ ըլլալու համար էին։
33 Նուիրուածները վեց հարիւր արջառ ու երեք հազար ոչխար էին։
34 Բայց քահանաները քիչուոր ըլլալնուն համար՝ բոլոր ողջակէզներուն մորթերը հանելու կարող չեղան ու մինչեւ այս գործը լմննալը ու մինչեւ միւս քահանաներուն սրբուիլը, իրենց Ղեւտացի եղբայրները իրենց օգնեցին. քանզի Ղեւտացիները քահանաներէն աւելի յօժարութեամբ սրբուեցան։
35 Ողջակէզներուն խաղաղութեան զոհերուն ճարպը եւ ողջակէզներուն ըմպելի նուէրները շատ էին։ Այսպէս Տէրոջը տանը պաշտամունքը կարգի դրուեցաւ։
36 Եզեկիա եւ բոլոր ժողովուրդը ուրախացան, որ Աստուած ժողովուրդը այսպէս պատրաստեց. քանզի այս բանը յանկարծ եղաւ։