Ա. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29


Գլուխ 29

Դաւիթ թագաւորը բոլոր ժողովուրդին ըսաւ. «Իմ որդիս Սողոմոնը, որ Աստուած ընտրեց, փափուկ տղայ մըն է, բայց գործը մեծ է. քանզի այս պալատը մարդու համար չէ, հապա Տէր Աստուծոյ համար է։
2 Ուստի ես իմ բոլոր կարողութիւնովս իմ Աստուծոյս տանը համար՝ ոսկիէ բաներուն համար՝ ոսկի ու արծաթեղէններուն համար՝ արծաթ եւ պղնձեղէններուն համար՝ պղինձ ու երկաթեղէններուն համար՝ երկաթ ու փայտեղէններուն համար՝ փայտ ու եղնգնաքարեր, գամելու քարեր ու զարդի համար գոյնզգոյն քարեր եւ ամէն տեսակ պատուական քարեր ու մարմարիոն քարեր առատօրէն պատրաստեցի։
3 Նաեւ իմ Աստուծոյս տանը վրայ մեծ սէր ունենալուս համար՝ սրբարանին տանը համար ամէն պատրաստած բաներէս զատ՝ իմ յատուկ գանձիս մէջ եղած ոսկին ու արծաթն ալ իմ Աստուծոյս տանը համար տուի։
4 Ոփիրի ոսկիէն՝ երեք հազար տաղանդ ոսկի ու եօթը հազար տաղանդ մաքուր արծաթ՝ որպէս զի անոնցմով տան որմերը պատեն.
5 Ոսկիէ առարկաներուն համար ոսկի ու արծաթեղէններուն համար՝ արծաթ ու արուեստագէտներու ամէն տեսակ գործի համար հարկաւոր եղածը տուի եւ այսօր ձեզմէ ո՞վ կամաւոր կերպով Տէրոջը ընծայ կու տայ»։
6 Այն ատեն տոհմերուն ու Իսրայէլի ցեղերուն իշխանները եւ հազարապետներն ու հարիւրապետները եւ թագաւորին գործին վերակացուները յօժար կամքով ընծայ բերին։
7 Աստուծոյ տանը գործին համար հինգ հազար տաղանդ եւ տասը հազար ոսկի դրամ ու տասը հազար տաղանդ արծաթ եւ տասնըութը հազար տաղանդ պղինձ ու հարիւր հազար տաղանդ երկաթ տուին։
8 Որուն քով որ քարեր գտնուեցան, Գերսոնացի Յեքիէլին ձեռքով Տէրոջը տանը գանձին ընծայեցին։
9 Ժողովուրդը մատուցուած կամաւոր ընծաներուն համար ուրախացան, քանզի կամաւոր ընծան բոլոր սրտով մատուցանեցին Տէրոջը։ Ասոր համար Դաւիթ թագաւորն ալ խիստ շատ ուրախացաւ։
10 Դաւիթ բոլոր ժողովուրդին աչքին առջեւ Տէրը օրհնեց ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, մեր հօրը Իսրայէլին Աստուածը, յաւիտեանս յաւիտենից օրհնեալ ես։
11 Ո՛վ Տէր, մեծութիւնը, զօրութիւնը, փառքը, պայծառութիւնն ու վայելչութիւնը քուկդ են. քանզի բոլոր երկնքի ու երկրի վրայ եղածը քուկդ է։ Ո՛վ Տէր, թագաւորութիւնը քուկդ է ու դուն իբրեւ գլուխ ամենէն բարձրացեալն ես։
12 Եւ հարստութիւնն ու փառքը քեզմէ են ու ամենուն իշխանը դուն ես եւ զօրութիւնն ու կարողութիւնը քու ձեռքիդ մէջ են եւ մէկը մեծցնելն ու ուժովցնելը քու ձեռքդ է։
13 Եւ հիմա, ո՛վ մեր Աստուածը, քեզի գոհութիւն կու տանք ու քու փառաւորեալ անունդ կ’օրհնենք։
14 Բայց ես ո՞վ եմ ու իմ ժողովուրդս ո՞վ է, որ այսպէս կամաւոր ընծայ տալու կարող ըլլանք, քանզի ամէն բան քեզմէ է ու քուկիններէդ քեզի տուինք։
15 Վասն զի մենք քու առջեւդ մեր բոլոր հայրերուն պէս օտարականներ ու պանդուխտներ ենք. երկրի վրայ մեր օրերը շուքի պէս են ու մնայուն բան՝ ՝ մը չկայ։
16 Ո՛վ Տէր, Աստուած մեր, քեզի՝ քու սուրբ անուանդ շինուելու տանը համար այս մեր պատրաստած բաներուն բոլոր առատութիւնը քու ձեռքէդ է ու ամէնքն ալ քուկդ են
17 Եւ գիտեմ, ո՛վ Աստուած իմ, որ դուն սրտերը կը փորձես եւ ուղղութիւնը կը սիրես։ Ասոնց ամէնքը ես ուղիղ սրտով ու յօժար կամքով ընծայ ըրի ու հիմա ուրախութեամբ տեսայ թէ հոս գտնուած ժողովուրդդ քեզի կամաւոր ընծայ կը մատուցանեն։
18 Ով մեր հայրերուն՝ Աբրահամին, Իսահակին ու Իսրայէլին Տէր Աստուածը, ասիկա յաւիտեան քու ժողովուրդիդ սրտին խորհուրդներուն մէջ պահէ ու անոնց սիրտը քեզի ուղղէ։
19 Եւ իմ որդիիս Սողոմոնին կատարեալ սիրտ տուր, որպէս զի քու պատուիրանքներդ, վկայութիւններդ ու կանոններդ պահէ եւ ամէնքը գործադրէ ու շինէ այն պալատը, որուն համար պատրաստութիւն տեսեր եմ»։
20 Եւ Դաւիթ բոլոր ժողովուրդին ըսաւ. «Հիմա ձեր Տէր Աստուածը օրհնեցէ՛ք»։ Բոլոր ժողովուրդը իրենց հայրերուն Տէր Աստուածը օրհնեցին եւ ծռելով՝ Տէրոջը ու թագաւորին երկրպագութիւն ըրին։
21 Հետեւեալ օրը զոհեր ու ողջակէզներ մատուցանեցին Տէրոջը։ Հազար զուարակ, հազար խոյ, հազար գառ՝ անոնց ըմպելի նուէրներովը ու բոլոր Իսրայէլի համար շատ զոհեր մատուցանեցին։
22 Այն օրը Տէրոջը առջեւ մեծ ուրախութիւնով կերան, խմեցին ու Դաւիթին որդին Սողոմոնը նորէն թագաւոր հռչակեցին։ Զանիկա Տէրոջը համար՝ թագաւոր ու Սադովկը քահանայ օծեցին։
23 Եւ Սողոմոն իր հօրը Դաւիթին տեղը Տէրոջը աթոռին վրայ իբր թագաւոր նստաւ ու յաջողութիւն գտաւ եւ բոլոր Իսրայէլ անոր հնազանդեցաւ։
24 Ու բոլոր իշխաններն ու զօրապետները եւ Դաւիթ թագաւորին բոլոր որդիներն ալ Սողոմոն թագաւորին հնազանդեցան։
25 Տէրը բոլոր Իսրայէլին առջեւ Սողոմոնը խիստ մեծցուց եւ անոր այնպէս թագաւորական փառք մը տուաւ, որ անկէ առաջ Իսրայէլի ոեւէ թագաւորի եղած չէր։
26 Այսպէս Յեսսէին որդին Դաւիթ բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւորութիւն ըրաւ։
27 Անիկա Իսրայէլի վրայ քառասուն տարի թագաւորեց։ Քեբրոնի մէջ՝ եօթը տարի ու Երուսաղէմի մէջ՝ երեսունըերեք տարի թագաւորեց։
28 Բարի ծերութեամբ մեռաւ, կեանքէն, մեծութենէն ու փառքէն իր բաղձանքը առած եւ անոր տեղ իր որդին Սողոմոն թագաւոր եղաւ։
29 Դաւիթ թագաւորին առաջին ու վերջին գործերը Սամուէլ տեսանողին գրքին մէջ ու Նաթան մարգարէին գրքին մէջ եւ Գադ տեսանողին գրքին մէջ գրուած են։
30 Նաեւ անոր բոլոր գործերն ու քաջութիւնը՝ թէ՛ Իսրայէլի եւ թէ՛ ուրիշ երկիրներուն վրայ թագաւորած ատեն՝ պատահած դիպուածները։