Ա. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ
Գլուխ 21
Սատանան Իսրայէլին դէմ ելաւ ու Դաւիթը դրդեց, որ Իսրայէլը համրէ։
2 Դաւիթ Յովաբին ու ժողովուրդին իշխաններուն ըսաւ. «Գացէ՛ք, Իսրայէլը համրեցէ՛ք Բերսաբէէն մինչեւ Դան, ու հաշիւը ինծի բերէ՛ք, որպէս զի գիտնամ»։
3 Եւ Յովաբ ըսաւ. «Տէրը իր ժողովուրդը հարիւրապատիկ աւելցնէ։ Ով տէր իմ թագաւոր, միթէ անոնց ամէնքը իմ տիրոջս ծառաները չե՞ն. իմ տէրս ինչո՞ւ ասով կը հետաքրքրուի. ինչո՞ւ համար այս բանը Իսրայէլի յանցանքի պատճառ ըլլայ»։
4 Բայց երբ թագաւորը իր խօսքը պնդեց, Յովաբ ելաւ ու բոլոր Իսրայէլի մէջ պտըտեցաւ ու Երուսաղէմ դարձաւ։
5 Յովաբ ժողովուրդին համրանքին ցուցակը Դաւիթին ներկայացուց։ Բոլոր Իսրայէլի մէջ մէկ միլիոն հարիւր հազար սուր քաշող մարդ կար եւ Յուդա չորս հարիւր եօթանասուն հազար սուր քաշող մարդ ունէր։
6 Սակայն Ղեւտացիներն ու Բենիամինեանները անոնց մէջ չհամրուեցան, քանզի թագաւորին այս հրամանը Յովաբին հաճելի չէր։
7 Այս բանը Աստուծոյ առջեւ ալ գէշ երեւնալուն համար Աստուած Իսրայէլը զարկաւ։
8 Այն ատեն Դաւիթ Աստուծոյ ըսաւ. «Այս բանը ընելով մեծ մեղք գործեցի, ուստի կ’աղաչեմ, քու ծառայիդ ներէ՛, քանզի մեծ յիմարութիւն ըրի»։
9 Եւ Տէրը Դաւիթին տեսանողին Գադին խօսեցաւ ու ըսաւ.
10 «Գնա՛ ու Դաւիթին խօսէ ըսելով՝ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես քեզի երեք պատիժ կ’առաջարկեմ. անոնցմէ մէկը ընտրէ, որպէս զի քեզի ընեմ’»։
11 Եւ Գադ Դաւիթին եկաւ ու անոր ըսաւ.
12 «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ընտրէ քեզի՝ կա՛մ երեք տարուան սով, կա՛մ երեք ամիս քու թշնամիներուդ երեսէն փախուստ ու քու թշնամիներուդ սուրը քեզի հասնի եւ կա՛մ երեք օր Տէրոջը սուրը, այսինքն ժանտախտ ըլլայ երկրիս մէջ ու Տէրոջը հրեշտակը Իսրայէլի բոլոր սահմաններուն մէջ կոտորած ընէ՛։ Հիմա ըսէ, զիս ղրկողին ի՞նչ պատասխան տանիմ»։
13 Ու Դաւիթ ըսաւ Գադին. «Խիստ մեծ նեղութեան մէջ եմ. հիմա Տէրոջը ձեռքը իյնամ, քանզի անոր գթութիւնը խիստ շատ է ու մարդու ձեռք չիյնամ»։
14 Եւ Տէրը Իսրայէլի վրայ ժանտախտ ղրկեց ու Իսրայէլէն եօթանասուն հազար մարդ ինկաւ։
15 Աստուած հրեշտակ մը ղրկեց Երուսաղէմ, որպէս զի զանիկա կորսնցնէ ու երբ կը կորսնցնէր, Տէրը նայեցաւ ու այս չարիքին վրայ սիրտը իջաւ եւ կոտորած ընող հրեշտակին ըսաւ. «Հերի՛ք է, ալ ձեռքդ քաշէ՛»։ Տէրոջը հրեշտակը Յեբուսացի Ոռնային կալին քով կեցեր էր։
16 Դաւիթ իր աչքերը վերցուց ու Տէրոջը հրեշտակը տեսաւ, որ երկրի ու երկնքի մէջտեղ կեցեր էր ու ձեռքը մերկ սուր մը կար, որ Երուսաղէմի վրայ երկնցուցեր էր։ Այն ատեն Դաւիթ ու ծերերը քուրձեր հագած երեսնուն վրայ ինկան։
17 Դաւիթ Աստուծոյ ըսաւ. «Ահա ե՛ս պատուիրեցի, որ ժողովուրդը համրեն ու ե՛ս եմ, որ մեղանչեցի ու մեծ չարութիւն ըրի. բայց այս ոչխարները ի՞նչ ըրին։ Ո՛վ Տէր Աստուած իմ, քու ձեռքդ իմ վրաս ու իմ հօրս տանը վրայ թող ըլլայ. բայց քու ժողովուրդիդ վրայ թող չըլլայ, զանիկա բնաջնջելու համար»։
18 Տէրոջը հրեշտակը Գադին ըսաւ. «Դաւիթին ըսէ՛, որ ելլէ ու Յեբուսացի Ոռնային կալին մէջ Տէրոջը սեղան մը կանգնեցնէ»։
19 Եւ Դաւիթ վեր ելաւ Տէրոջը անունով ըսուած խօսքին համեմատ։
20 Ու Ոռնան դարձաւ ու հրեշտակը տեսաւ եւ իր չորս որդիները իրեն հետ պահուեցան. (քանզի Ոռնա ցորեն կը ծեծէր)
21 Ու Դաւիթ Ոռնային եկաւ։ Ոռնան նայեցաւ ու Դաւիթը տեսնելով՝ կալէն ելաւ ու երեսը մինչեւ գետինը Դաւիթին խոնարհութիւն ըրաւ։
22 Այն ատեն Դաւիթ Ոռնային ըսաւ. «Այս կալին տեղը ինծի տուր, որպէս զի հոն սեղան մը շինեմ, (զանիկա լման գնով տուր ինձ) որպէս զի ժողովուրդին վրայէն հարուածը վերնայ»։
23 Ոռնա Դաւիթին ըսաւ. «Զանիկա քեզի ա՛ռ ու իմ թագաւոր տէրս իր աչքին աղէկ երեւցածը թող ընէ. ահա եզները՝ ողջակէզի համար ու կամնասայլերը՝ փայտի համար ու ցորենը՝ հացի ընծայի համար կու տամ, ամէնքն ալ կու տամ»։
24 Բայց Դաւիթ թագաւորը Ոռնային ըսաւ. «Ո՛չ, հապա զանոնք անշուշտ լման գնով ծախու պիտի առնեմ. քանզի քուկդ եղածը Տէրոջը համար պիտի չառնեմ, ո՛չ ալ ձրի առածս ողջակէզ պիտի մատուցանեմ»։
25 Ու Դաւիթ այն տեղին համար կշիռքով վեց հարիւր սիկղ ոսկի տուաւ Ոռնային։
26 Դաւիթ հոն Տէրոջը համար սեղան մը շինեց ու անոր վրայ ողջակէզներ ու խաղաղութեան զոհեր մատուցանեց եւ Տէրոջը աղաղակեց եւ Տէրը երկնքէն կրակով ողջակէզի սեղանին վրայ անոր պատասխան տուաւ։
27 Եւ Տէրը հրեշտակին հրամայեց ու ա՛ն սուրը իր պատեանը դրաւ։
28 Այն ատեն Դաւիթ տեսնելով որ Տէրը Յեբուսացի Ոռնային կալին մէջ իրեն պատասխան տուաւ, հոն զոհեր մատուցանեց։
29 Իսկ անապատին մէջ Մովսէսին շինած Տէրոջը խորանն ու ողջակէզի սեղանը Գաբաւոնին բարձր տեղն էր
30 Եւ Դաւիթ Աստուծոյ հարցնելու համար չկրցաւ անոր առջեւ երթալ, քանզի Տէրոջը հրեշտակին սուրէն վախցաւ։