Ա. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29


Գլուխ 27

Իսրայէլի որդիներէն իրենց համրանքովը ազգատոհմի նահապետներէն ու հազարապետներէն եւ հարիւրապետներէն ու ոստիկաններէն, դասակարգութեան բոլոր գործին մէջ թագաւորին ծառայողներուն եւ բոլոր ամիսներուն՝ ամսէ ամիս մտնողներուն ու ելլողներուն ամէն մէկ դասը քսանըչորս հազար մարդ էր։
2 Առաջին ամսուան համար առաջին դասին վրայ Զարդիէլին որդին Յեսբաամն էր ու անոր դասը քսանըչորս հազար մարդ էր։
3 Առաջին ամսուան բոլոր զօրավարներուն իշխանը Փարէսին որդիներէն էր։
4 Երկրորդ ամսուան դասին վրայ Աքուքացի Դովդան էր ու Մակեղօթը անոր դասին իշխանն էր։ Ասոր դասն ալ քսանըչորս հազար մարդ էր։
5 Երրորդ ամսուան համար երրորդ զօրապետը Յովիադա քահանային որդին Բանիան գլխաւորն էր։ Անոր դասը քսանըչորս հազար մարդ էր։
6 Այս Բանիան երեսունէն զօրաւոր էր ու երեսունին վրայ էր։ Անոր որդին Ամիզաբադ անոր դասին մէջն էր։
7 Չորրորդ ամսուան համար չորրորդ զօրապետը Յովաբին եղբայրը Ասայէլը ու անկէ ետքը անոր որդին Զաբադիան էր։ Անոր դասը քսանըչորս հազար մարդ էր։
8 Հինգերորդ ամսուան համար հինգերորդ զօրապետը Յեզրացի Սամաւովթն էր։ Անոր դասը քսանըչորս հազար մարդ էր։
9 Վեցերորդ ամսուան համար վեցերորդ զօրապետը Թեկուացի Եկգեսին որդին Իրասն էր։ Անոր դասը քսանըչորս հազար մարդ էր։
10 Եօթներորդ ամսուան համար եօթներորդ զօրապետը Եփրեմին որդիներէն Փելօնացի Քեղղէսն էր։ Անոր դասը քսանըչորս հազար մարդ էր։
11 Ութերորդ ամսուան համար ութերորդ զօրապետը Զարայեաններէն Ովսացի Սովբաքն էր։ Անոր դասը քսանըչորս հազար մարդ էր։
12 Իններորդ ամսուան համար իններորդ զօրապետը Բենիամինեաններէն Անաթովթացի Աբիեզերն էր։ Անոր դասը քսանըչորս հազար մարդ էր։
13 Տասներորդ ամսուան համար տասներորդ զօրապետը Զարայեաններէն Նետոփաթացի Մաարան էր։ Անոր դասը քսանըչորս հազար մարդ էր։
14 Տասնըմէկերորդ ամսուան համար տասնըմէկերորդ զօրապետը Եփրեմին որդիներէն Փարաթոնացի Բանիան էր։ Անոր դասը քսանըչորս հազար մարդ էր։
15 Տասնըերկրորդ ամսուան համար տասնըերկրորդ զօրապետը Գոթոնիէլի սերունդէն Նետոփաթացի Ալադն էր։ Անոր դասը քսանըչորս հազար մարդ էր։
16 Իսրայէլի ցեղերուն վրայ ասոնք էին. Ռուբէնին ցեղին իշխան Զեքրիին որդին Եղիազարը, Շմաւոնին ցեղին՝ Մաաքային որդին Սափատիան,
17 Ղեւիին ցեղին՝ Կամուէլի որդին Ասաբիան, Ահարոնին որդիներուն՝ Սադովկը,
18 Յուդային ցեղին՝ Դաւիթին եղբայրներէն Եղիուսը, Իսաքարին ցեղին՝ Միքայէլին որդին Ամրին,
19 Զաբուղոնին ցեղին՝ Աբդիային որդին Իսմայիան, Նեփթաղիմին ցեղին՝ Եզրիէլին որդին Յերիմովթը,
20 Եփրեմին որդիներուն՝ Ազազիային որդին Ովսէէն, Մանասէին կէս ցեղին՝ Փադայիային որդին Յովէլը,
21 Գաղաադ եղող Մանասէին կէս ցեղին՝ Զաքարիային որդին Յեդդովը, Բենիամինին ցեղին՝ Աբեններին որդին Յեսիէլը,
22 Դանին ցեղին՝ Յերոամին որդին Ազարիէլը. Իսրայէլի ցեղերուն իշխանները ասոնք էին։
23 Դաւիթ քսան տարեկանէն վար եղողները չհամրեց, վասն զի Տէրը ըսեր էր թէ Իսրայէլը երկնքի աստղերուն չափ պիտի շատցնեմ։
24 Շարուհեային որդին Յովաբը սկսաւ համրել, բայց չլմնցուց։ Անոր համար Իսրայէլի վրայ բարկութիւն եկաւ։ Մարդահամարը Դաւիթ թագաւորին յիշատակի գրքին մէջ չմտաւ։
25 Թագաւորին գանձերուն վրայ Ադիէլին որդին Ազամօթն էր։ Դաշտը ու քաղաքները եւ գիւղերն ու աշտարակները եղող շտեմարաններուն վրայ Ոզիային որդին Յովնաթանն էր։
26 Արտը բանող երկրագործներուն վրայ Քեղուբին որդին Եզրին էր։
27 Այգիներուն վրայ Արիմաթացի Սեմէին էր։ Այգիներուն բերքերուն ու գինիի շտեմարաններուն վրայ Սեփամացի Զարդին էր։
28 Դաշտը եղող ձիթենիներուն ու մոլաթզենիներուն վրայ Գադերացի Բաաղանան էր։ Իւղի շտեմարաններուն վրայ Յովասն էր։
29 Սարօնի մէջ եղող արօտի արջառներուն վրայ Սարօնացի Սետրան էր։ Հովիտներու մէջ եղող արջառներուն վրայ Ադղիին որդին Սափատն էր։
30 Ուղտերուն վրայ Իսմայելացի Ոբիլն էր։ Էշերուն վրայ Մերոնոթացի Յադայիան էր։
31 Հօտերուն վրայ Հագարացի Յազիզն էր։ Ասոնք Դաւիթ թագաւորին ստացուածքներուն վերակացուներն էին։
32 Դաւիթին հօրեղբայրը Յովնաթան խորհրդական էր. անիկա խելացի ու գիտուն մարդ էր։ Հաքեմոնիին որդին Յեքիէլ թագաւորին որդիներուն հետ էր։
33 Աքիտոփէլ՝ թագաւորին խորհրդականը եւ Արաքացի Քուսին թագաւորին բարեկամն էր։
34 Աքիտոփէլէն ետքը Բանիային որդին Յովիադան ու Աբիաթարն էին։ Թագաւորին զօրագլուխը Յովաբն էր։