Ա. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29


Գլուխ 10

Փղշտացիները Իսրայէլի հետ պատերազմ ըրին։ Իսրայէլի մարդիկը Փղշտացիներուն առջեւէն փախան ու Գեղբուէ լերանը վրայ սպաննուած ինկան։
2 Փղշտացիները Սաւուղին ու անոր որդիներուն հասան եւ Փղշտացիները Սաւուղին որդիները՝ Յովնաթանը, Աբիադաբն ու Մեղքիսաւէն զարկին։
3 Պատերազմը Սաւուղին վրայ սաստկացաւ ու աղեղնաւորները զանիկա գտան։ Աղեղնաւորներէն վիրաւորուելով,
4 Սաւուղ իր կապարճակիրին ըսաւ. «Սուրդ քաշէ ու անով զիս խոցէ, չըլլայ որ այս անթլփատները գան ու զիս ծաղր ընեն»։ Բայց կապարճակիրը չուզեց, քանզի շատ վախցաւ։ Սաւուղ սուրը առաւ ու անոր վրայ ինկաւ։
5 Կապարճակիրը Սաւուղին մեռնիլը տեսնելով՝ ինքն ալ իր սուրին վրայ ինկաւ ու մեռաւ։
6 Այսպէս մեռան Սաւուղ ու անոր երեք որդիները։ Անոր բոլոր տունն ալ մէկտեղ մեռան։
7 Հովիտին մէջ եղող բոլոր Իսրայէլի մարդիկը անոնց փախչիլը եւ Սաւուղին ու անոր որդիներուն մեռնիլը տեսնելով՝ իրենց քաղաքները թողուցին ու փախան։ Փղշտացիները եկան ու անոնց մէջ բնակեցան։
8 Հետեւեալ օրը Փղշտացիները գացին, որպէս զի մեռելները մերկացնեն։ Սաւուղը եւ անոր որդիները Գեղբուէի լերան վրայ ինկած գտան։
9 Զանիկա մերկացուցին եւ անոր գլուխն ու զէնքերը առին։ Փղշտացիներու երկրին չորս կողմը իրենց կուռքերուն ու ժողովուրդին այս աւետիսը տալու համար մարդ ղրկեցին։
10 Եւ անոր զէնքերը իրենց Աստուծոյն տունը դրին, իսկ անոր գլուխը Դագոնին տանը մէջ գամեցին։
11 Գաղաադի Յաբիսի բոլոր բնակիչները երբ լսեցին ինչ որ Փղշտացիները Սաւուղին ըրած են,
12 Բոլոր զօրաւոր մարդիկը ոտքի ելան եւ Սաւուղին մարմինն ու անոր որդիներուն մարմինները վերցուցին եւ զանոնք Յաբիս բերին եւ անոնց ոսկորները Յաբիսի մէջ բեւեկնիին տակ թաղեցին ու եօթը օր ծոմ պահեցին։
13 Այսպէս մեռաւ Սաւուղ Տէրոջը դէմ ըրած ապստամբութեան մեղքին համար. որովհետեւ Տէրոջը խօսքը չպահեց, նաեւ վհուկ փնտռեց բան հարցնելու համար
14 Ու Տէրոջը չհարցուց. ուստի Տէրը զանիկա մեռցուց ու թագաւորութիւնը Յեսսէին որդիին Դաւիթին դարձուց։