Ա. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29


Գլուխ 23

Եւ Դաւիթ ծերացած ու օրերը լեցուած ըլլալով, իր որդին Սողոմոնը Իսրայէլի վրայ թագաւոր կարգեց։
2 Եւ Իսրայէլի բոլոր իշխանները նաեւ քահանաները ու Ղեւտացիները հաւաքուեցան։
3 Ղեւտացիներէն երեսուն տարեկանէն վեր եղող այր մարդիկը, մէկիկ մէկիկ համրուեցան։ Ու թիւը երեսունըութը հազար եղաւ։
4 Դաւիթ ըսաւ. «Ասոնցմէ քսանըչորս հազարը՝ Տէրոջը տանը գործին վրայ ու վեց հազարը ոստիկաններ ու դատաւորներ թող ըլլան։
5 Չորս հազարը դռնապաններ ու չորս հազարը օրհնելու համար շինած նուագարաններովս Տէրը թող օրհնեն»։
6 Դաւիթ զանոնք բաժնեց՝ Ղեւիի որդիներուն՝ Գերսոնին, Կահաթին ու Մերարիին դասակարգութիւնները որոշելով։
7 Գերսոնեաններէն Ղադանն ու Սեմէին էին.
8 Ղադանին որդիները՝ առաջինը Յեքիէլ, ետքը Զեթամ ու Յովէլ՝ երեք էին։
9 Սեմէիին որդիները՝ Սաղօմօթ, Ազիէլ ու Արան՝ երեք էին։ Ասոնք Ղադանին տոհմերուն իշխաններն էին։
10 Սեմէիին որդիները՝ Յեթ, Զիզա, Յեուս ու Բարիա էին։ Ասոնք՝ Սեմէիին որդիները՝ չորս հոգի էին։
11 Առաջինը Յեթ ու երկրորդը Զիզա էր. բայց Յեուս ու Բարիա շատ որդիներ չունենալնուն համար մէկ ազգատոհմ հաշուեցին։
12 Կահաթին որդիները՝ Ամրամ, Իսահառ, Քեբրոն ու Ոզիէլ՝ չորս էին։
13 Ամրամին որդիները Ահարոն ու Մովսէս էին։ Ահարոն ինք ու իր որդիները յաւիտեան որոշուեցան՝ ամենասուրբ բաներուն նուիրումը կատարելու՝ Տէրոջը առջեւ խունկ ծխելու, անոր ծառայութիւն ընելու ու անոր անունը յաւիտեան օրհնելու համար։
14 Աստուծոյ մարդուն Մովսէսին որդիները Ղեւիին ցեղին հետ համրուեցան։
15 Մովսէսին որդիները՝ Գերսամ ու Եղիազար էին։
16 Գերսամին որդիները՝ առաջինը Սուբայէլն էր
17 Ու Եղիազարին որդիները՝ առաջինը Հռաբիան էր ու Եղիազար ուրիշ որդի չունէր. բայց Հռաբիային որդիները խիստ շատցան։
18 Իսահառի որդիները՝ առաջինը Սաղօմօթն էր։
19 Քեբրոնին որդիները՝ առաջինը Յերիան, երկրորդը՝ Ամարիան, երրորդը՝ Յազիէլը, չորրորդը՝ Յեկամամն էր։
20 Ոզիէլին որդիները՝ առաջինը Միքան, երկրորդը՝ Յեսիան էր։
21 Մերարիին որդիները Մոողին ու Մուսին էին. Մոողին որդիները՝ Եղիազարն ու Կիսն էին։
22 Եղիազար մեռաւ։ Անիկա որդի չունէր, հապա միայն աղջիկներ ունէր։ Անոնք իրենց եղբայրները՝ Կիսին որդիները, առին։
23 Մուսիին որդիները՝ Մոողի, Եդեր ու Յերիմովթ՝ երեք էին։
24 Ասոնք Ղեւիին որդիներն էին իրենց ազգատոհմերուն համեմատ ու անունով մէկիկ մէկիկ համրուած քսան տարեկանէն վեր՝ Տէրոջը տանը սպասաւորութիւն կատարողներուն պետերն էին։
25 Քանզի Դաւիթ ըսեր էր. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը իր ժողովուրդը հանգստացուց ու յաւիտեան Երուսաղէմի մէջ պիտի բնակի
26 Ու Ղեւտացիներն ալ խորանն ու անոր պաշտօնին ամէն անօթները՝ այսուհետեւ ա՛լ պիտի չկրեն»։
27 Դաւիթին վերջին խօսքերուն համաձայն՝ Ղեւիին որդիներէն քսան տարեկանէն վեր եղողները համրուեցան,
28 Որովհետեւ անոնց պաշտօնը՝ Տէրոջը տանը ծառայութեանը մէջ Ահարոնին որդիներուն օգնութիւն ընել, գաւիթներու ու սենեակներու վերակացու ըլլալ, բոլոր սուրբ բաները մաքրել ու Աստուծոյ տանը ծառայութիւնը կատարել էր,
29 Նաեւ առաջաւորութեան հացին ու հացի ընծայի նաշիհին եւ անխմոր լաւաշներուն ու տապակին մէջ եփուած ու տապկուած բաներուն ու բոլոր չափերուն վերակացութիւնը ընել
30 Եւ ամէն առտու ու իրիկուն Տէրը օրհնելու ու գովելու համար ոտքի վրայ կենալ
31 Ու շաբաթ օրերը եւ ամսագլուխները ու մեծ տօներու մէջ Տէրոջը բոլոր ողջակէզները, իրենց թիւովը ու իրենց օրէնքովը, միշտ Տէրոջը առջեւ մատուցանել
32 Ու Տէրոջը տանը ծառայութեանը համար վկայութեան խորանին պահպանութիւնը եւ սրբարանին պահպանութիւնը ու իրենց եղբայրներուն՝ Ահարոնին որդիներուն՝ պահպանութիւնը ընելն էր։