Ա. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29


Գլուխ 24

Ահարոնին որդիներուն դասակարգութիւնները ասոնք են. Ահարոնին որդիները՝ Նադաբը, Աբիուդը, Եղիազարն ու Իթամարն էին։
2 Նադաբ ու Աբիուդ իրենց հօրմէն առաջ մեռան։ Անոնք որդի չունէին։ Եղիազարը ու Իթամարը քահանայ եղան։
3 Դաւիթ ու Եղիազարի որդիներէն Սադովկը ու Իթամարի որդիներէն Աքիմելէքը զանոնք բաժնեցին անոնց համրանքովը անոնց պաշտօնին համար։
4 Եղիազարին որդիներուն մէջ գտնուած իշխանները Իթամարին որդիներուն մէջ գտնուածներէն շատ էին։ Զանոնք այսպէս բաժնեցին։ Եղիազարին որդիներուն համար տասնըվեց իշխան՝ իրենց ազգատոհմերուն համեմատ ու Իթամարին որդիներուն համար ութը իշխան՝ իրենց ազգատոհմերուն համեմատ։
5 Ասոնք ու անոնք ալ վիճակով բաժնուեցան, քանզի սրբարանին իշխաններն ու Աստուծոյ տանը իշխանները Եղիազարին որդիներէն ու Իթամարին որդիներէն էին։
6 Ղեւտացիներէն՝ Նաթանայէլին որդին Սեմայիա դպիրը, թագաւորին ու իշխաններուն եւ Սադովկ քահանային ու Աբիաթարին որդիին Աքիմելէքին եւ քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն նահապետներուն առջեւ մէկ ազգատոհմ Եղիազարէն առնելով ու մէկ ազգատոհմ Իթամարէն առնելով՝ զանոնք գրեց։
7 Առաջին վիճակը Յովարիբին ելաւ, երկրորդը՝ Յեդայիային,
8 Երրորդը՝ Հարիմին, չորրորդը՝ Սէուրինին,
9 Հինգերորդը՝ Մեղքիային, վեցերորդը՝ Միամինին,
10 Եօթներորդը՝ Ակկուսին, ութերորդը՝ Աբիային,
11 Իններորդը՝ Յեսուին, տասներորդը՝ Սեքենիային,
12 Տասնըմէկերորդը՝ Եղիասիբին, տասնըերկրորդը՝ Յակիմին,
13 Տասնըերրորդը՝ Ոփփային, տասնըչորրորդը՝ Յեսբիաբին,
14 Տասնըհինգերորդը՝ Բեղգային, տասնըվեցերորդը՝ Եմմերին,
15 Տասնըեօթներորդը՝ Եզիրին, տասնըութերորդը՝ Ափեսեսին,
16 Տասնըիններորդը՝ Փեթայիային, քսաներորդը՝ Եզեկիէլին,
17 Քսանըմէկերորդը՝ Յաքինին, քսանըերկրորդը՝ Գամուլին,
18 Քսանըերեքերորդը՝ Դաղայիային, քսանըչորրորդը՝ Մաաղիային։
19 Այս է անոնց կարգադրութիւնը իրենց պաշտամունքին համար ու Տէրոջը տունը մտնելու համար՝ իրենց հօրը Ահարոնին միջոցով իրենց տրուած օրէնքին համեմատ՝ ինչպէս Իսրայէլին Տէր Աստուածը անոր պատուիրեր էր։
20 Ղեւիին որդիներուն մնացորդները ասոնք էին. Ամրամին որդիներէն՝ Սուբայէլը, Սուբայէլին որդիներէն՝ Յադայիան,
21 Հռաբիային, այսինքն Հռաբիային որդիներէն, առաջինը՝ Յեսիան,
22 Իսահառին որդիներէն Սաղօմօթը, Սաղօմօթին որդիներէն Յէթը
23 Ու Քեբրոնին որդիներէն առաջինը՝ Յերիան, երկրորդը՝ Ամարիան, երրորդը՝ Յազիէլը, չորրորդը՝ Յեկակամը,
24 Ոզիէլին որդիներէն՝ Միքան, Միքային որդիներէն՝ Սամիրը,
25 Միքային եղբայրը՝ Յեսիան, Յեսիային որդիներէն՝ Զաքարիան,
26 Մերարիին որդիները՝ Մոողին ու Մուսին էին. Յազիային որդին Բենովը,
27 Մերարիին որդիները՝ Յազիայէ Բենովը, Սօհամը, Զաքուրն ու Եբրին էին։
28 Մոողիէն Եղիազարը ծնաւ ու անիկա որդի չունէր։
29 Կիսէն, այսինքն Կիսին որդիներէն՝ Յերամէլն էր։
30 Մուսիին որդիները՝ Մոողին, Եդերն ու Յերիմովթն էին։ Ղեւտացիներուն որդիները իրենց տոհմերուն համեմատ ասոնք էին։
31 Ասոնց համար ալ, իրենց եղբայրներուն Ահարոնին որդիներուն պէս, Դաւիթ թագաւորին ու Սադովկի ու Աքիմելէքի եւ քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն տոհմապետներուն առջեւ վիճակ ձգեցին, թէ՛ տոհմապետներուն եւ թէ՛ անոնց պզտիկ եղբայրներուն համար։