Ա. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ
Գլուխ 14
Տիւրոսի Քիրամ թագաւորը Դաւիթին դեսպաններ, եղեւնափայտեր, որմնադիրներ ու հիւսներ ղրկեց, որպէսզի անոր տունը շինեն։
2 Այն ատեն Դաւիթ իմացաւ որ Տէրը զինք Իսրայէլի վրայ թագաւոր հաստատեց, վասն զի իր ժողովուրդին՝ Իսրայէլին համար անոր թագաւորութիւնը բարձրացաւ։
3 Դաւիթ Երուսաղէմի մէջ ուրիշ կիներ ալ առաւ, Դաւիթ ուրիշ տղաքներ ու աղջիկներ ալ ունեցաւ։
4 Երուսաղէմի մէջ անոր ծնած տղոցը անունները ասոնք են՝ Սամաա, Սովբաբ, Նաթան,
5 Սողոմոն, Յեբաար, Եղիսուա,
6 Եղիփաղէտ, Նոգա, Նափեկ,
7 Յափիէ, Եղիսամա, Բաղիադա, Եղիփաղէտ։
8 Փղշտացիները երբ լսեցին Դաւիթին բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծուիլը, բոլոր Փղշտացիները ոտքի ելան, որպէս զի Դաւիթը փնտռեն. երբ Դաւիթ այս բանը լսեց՝ անոնց դէմ ելաւ։
9 Փղշտացիները եկան եւ Ռափայիններուն հովիտին մէջ տարածուեցան։
10 Եւ Դաւիթ Աստուծոյ հարցուց ու ըսաւ. «Փղշտացիներուն դէմ ելլե՞մ, զանոնք իմ ձեռքս պիտի մատնե՞ս»։ Տէրը անոր ըսաւ. «Ելի՛ր, զանոնք քու ձեռքդ պիտի մատնեմ»։
11 Անոնք Բաաղփասար ելան։ Դաւիթ զանոնք հոն զարկաւ ու ըսաւ. «Աստուած իմ թշնամիներս իմ ձեռքովս պատռեց, ինչպէս ջուրերը թումբերը կը պատռեն»։ Անոր համար այն տեղին անունը Բաաղփարասին կոչեց։
12 Փղշտացիները հոն թողուցին իրենց աստուածները։ Դաւիթ հրամայեց որ զանոնք կրակով այրեն։
13 Փղշտացիները նորէն հովիտին մէջ տարածուեցան։
14 Դաւիթ նորէն Աստուծոյ հարցուց եւ Աստուած անոր ըսաւ. «Անոնց ետեւէն մի՛ երթար, հապա անոնց շուրջը պտըտելով՝ թթենիներուն կողմէն անոնց վրայ գնա՛։
15 Երբ թթենիներուն գլուխը քալուածքի ձայն լսես, այն ատեն պատերազմելու ելի՛ր, քանզի Աստուած քու առջեւդ պիտի ելլէ Փղշտացիներուն բանակը զարնելու համար»։
16 Դաւիթ այնպէս ըրաւ՝ ինչպէս Աստուած իրեն հրամայեց ու Գաբաւոնէն մինչեւ Գազեր Փղշտացիներուն բանակը զարկին։
17 Դաւիթին անունը ամէն երկիր տարածուեցաւ։ Տէրը բոլոր ազգերուն վրայ անոր վախը ձգեց։