Ա. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ
Գլուխ 11
Բոլոր Իսրայէլ Դաւիթին քով Քեբրոնի մէջ հաւաքուեցան ու ըսին. «Ահա մենք քու ոսկորդ ու քու մարմինդ ենք։
2 Ասկէ առաջ ալ, երբ Սաւուղ թագաւոր էր, Իսրայէլը դուրս հանողն ու ներս բերողը դուն էիր։ Քու Տէր Աստուածդ քեզի ըսաւ. ‘Իմ ժողովուրդս Իսրայէլը դուն պիտի հովուես ու իմ ժողովուրդիս Իսրայէլին վրայ դուն իշխան պիտի ըլլաս’»։
3 Իսրայէլի բոլոր ծերերը Քեբրոն եկան թագաւորին ու Դաւիթ Քեբրոնի մէջ Տէրոջը առջեւ անոնց հետ դաշինք կնքեց ու անոնք Դաւիթը Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծեցին, ինչպէս Տէրը Սամուէլին միջոցով ըսեր էր։
4 Դաւիթ բոլոր Իսրայէլի հետ Երուսաղէմ, այսինքն Յեբուս, գնաց ու հոն այն երկրին բնակիչները, Յեբուսացիները կը բնակէին։
5 Յեբուսի բնակիչները Դաւիթին ըսին. «Հոս պիտի չմտնես»։ Բայց Դաւիթ առաւ Սիօնի բերդը, (որ Դաւիթի քաղաք կը կոչուի)։
6 Ու Դաւիթ ըսաւ. «Ով որ Յեբուսացիները առաջ զարնէ, անիկա իշխան ու զօրավար պիտի ըլլայ»։ Առաջ Շարուհեային որդին՝ Յովաբ ելաւ ու անիկա զօրավար եղաւ։
7 Դաւիթ այն բերդին մէջ բնակեցաւ։ Անոր համար անիկա Դաւիթին քաղաքը կոչուեցաւ։
8 Դաւիթ քաղաքին չորս բոլորտիքը շինեց, այսինքն Մելօնն ու անոր շրջակայ տեղերը։ Յովաբ քաղաքին մնացորդը նորոգեց։
9 Դաւիթ երթալով կը մեծնար ու զօրքերու Տէրը անոր հետ էր։
10 Ասոնք են Դաւիթին գլխաւոր զօրավարները, որոնք անոր թագաւորութեանը համար անոր օգնութիւն ըրին բոլոր Իսրայէլի հետ, որպէս զի անիկա թագաւոր ըլլայ, Տէրոջը Իսրայէլին ըսած խօսքին համեմատ։
11 Դաւիթին զօրաւոր մարդիկը ասոնք են. Հաքեմոնիին որդին Յեսբաամ՝ երեք զօրավարներուն գլուխը, որ իր նիզակը երեք հարիւր մարդոց վրայ վերցուց ու մէկէն զանոնք մեռցուց։
12 Անկէ ետքը Աքուքացի Դովդային որդին Եղիազարը, որ երեք զօրավարներէն էր։
13 Ասիկա երբ Ափեսդոմմինի մէջ Դաւիթին հետ էր, Փղշտացիները հոն հաւաքուեցան պատերազմելու համար։ Արտի մը մէկ մասը գարիով լեցուն էր։ Ժողովուրդը Փղշտացիներուն երեսէն փախաւ։
14 Այս երեք զօրավարները արտին մէջտեղը կայնեցան, զանիկա ազատեցին ու Փղշտացիները զարկին։ Տէրը մեծ փրկութիւն ըրաւ։
15 Երեսուն զօրավարներէն երեքը՝ Ոդողոմին քարայրը՝ Դաւիթին հետ վէմը իջան, երբ Փղշտացիներուն բանակը Ռափայիններուն հովիտին մէջ բանակեր էր։
16 Այն ատեն Դաւիթ բերդին մէջ էր։ Փղշտացիները Բեթլէհէմի մէջ ալ բերդապահ զօրք ունէին։
17 Դաւիթ փափաքելով՝ ըսաւ. «Բեթլէհէմի դուռը եղող ջրհորէն ո՞վ ինծի ջուր կրնայ խմցնել»։
18 Այն ատեն այս երեք մարդիկը Փղշտացիներու բանակը ճեղքեցին անցան ու Բեթլէհէմի դուռը եղող ջրհորէն ջուր քաշեցին եւ Դաւիթին բերին. բայց Դաւիթ զանիկա խմել չուզեց, հապա զանիկա թափելով Տէրոջը նուիրեց
19 Ու ըսաւ. «Աստուած չընէ, որ ես այս բանը ընեմ։ Միթէ ես անոնց կենսարի՞ւնը պիտի խմեմ. վասն զի իրենց կյանքը վտանգելով այս ջուրը բերին»։ Ու անկէ խմել չուզեց։ Ասոնք են այն երեք զօրավարներուն ըրածները։
20 Յովաբին եղբայրը՝ Աբեսսան՝ այն երեք մարդոց գլխաւորն էր։ Անիկա իր նիզակը երեք հարիւր մարդոց վրայ վերցնելով՝ սպաննեց զանոնք ու անիկա երեքին մէջ անուանի էր։
21 Երեքին երկուքէն աւելի համարում ունենալուն համար անոնց գլուխ եղաւ, բայց առաջին երեքին աստիճանին չհասաւ։
22 Մեծ գործեր գործող Կաբեսէլացի զօրավարի մը որդիին Յովիադային որդին Բանիա Մովաբի երկու զօրաւոր մարդիկը մեռցուց. Նաեւ ձիւնի ժամանակ իջաւ ու Գուբին մէջ առիւծը մեռցուց։
23 Ասիկա հինգ կանգուն հասակ ունեցող Եգիպտացի մարդ մը մեռցուց, թէեւ Եգիպտացիին ձեռքը ոստայնանկներու գլանին պէս նիզակ մը կար. բայց Բանիա ցուպով մը անոր վրայ յարձակեցաւ ու Եգիպտացիին ձեռքէն նիզակը յափշտակեց եւ զանիկա անոր նիզակովը մեռցուց։
24 Յովիադային որդին Բանիան այս բաները ըրաւ ու երեք զօրավարներուն մէջ անուանի եղաւ։
25 Անիկա երեսուն զօրավարներէն աւելի պատիւ ունէր, բայց առաջին երեքին աստիճանին չհասաւ։ Դաւիթ զանիկա իր ատեանին վերակացու դրաւ։
26 Եւ իր զօրքերուն զօրավարները ասոնք էին՝ Յովաբին եղբայրը Ասայէլը, Բեթլէհէմացի Դովդային որդին Էլէանան,
27 Արովրացի Սամօթը, Փելօնացի Քեղղէսը,
28 Թեկուացի Եկգեսին որդին Իրասը, Անաթովթացի Աբիեզերը,
29 Ովսացի Սովբաքը, Աքուքացի Եղին,
30 Նետոփաթացի Մաարան, Նետոփաթացի Բաանային որդին Ալադը,
31 Բենիամինին որդիներուն Գաբաայէն Ռիբային որդին Եթթին, Փարաթոնացի Բանիան,
32 Գաասի ձորերէն Հուրան, Արափաթացի Աբիէլը,
33 Բարումացի Ազամօթը, Սաղաբինացի Եղիաբան,
34 Գեղոնացի Հասեմի որդիներէն՝ Արարացի Սագէին որդին Յովնաթանը,
35 Արարացի Սաքաբին որդին Աքիամը, Ովրի որդին Եղիփաղը,
36 Մեքուրաթացի Ոփեր, Փելօնացի Աքիա,
37 Կարմելացի Ասարէն, Ազբիային որդին Նաարան,
38 Նաթանին եղբայրը Յովէլը, Ագարայի որդին Մաբարը,
39 Ամմոնացի Սելեկը, Շարուհեան Յովաբի կապարճակիրը Բերովթացի Նաարան,
40 Յեթերացի Իրասը, Յեթերացի Գարեբը,
41 Քետացի Ուրիան, Աղայիին որդին Զաբադը,
42 Ռուբէնեաններուն գլուխը, Ռուբէնեան Սիզային որդին Ադինան ու անոր հետ երեսուն մարդ կար.
43 Մաաքային որդին Անանը, Մաթանացի Յովսափատը,
44 Աստարովթացի Ոզիան, Արոէրացի Քովթամին որդիները՝ Սամա ու Յէիէլ,
45 Սամարիին որդին Յեդիէլն ու անոր եղբայրը Թիսացի Յովքան,
46 Մահաւացի Եղիէլը, Եղնաամին որդիները՝ Յարիբային եւ Յօսաւիան, Մովաբացի Յեթեման,
47 Եղիէլը, Ովբէդն ու Մեսօբացի Յեսիէլը։