Ա. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ
Գլուխ 6
Ղեւիին որդիները Գերսոնը, Կահաթն ու Մերարին էին։
2 Կահաթին որդիները Ամրամը, Իսահառը, Քեբրոնն ու Ոզիէլն էին։
3 Ամրամին որդիները՝ Ահարոնը, Մովսէսն ու Մարիամն էին։ Ահարոնին որդիները՝ Նադաբը, Աբիուդը, Եղիազարն ու Իթամարն էին։
4 Եղիազար ծնաւ Փենէհէսը ու Փենէհէս ծնաւ Աբիսուան,
5 Եւ Աբիսուան ծնաւ Բոկկին ու Բոկկին ծնաւ Ոզին
6 Եւ Ոզին ծնաւ Զարիան, Զարիան ծնաւ Մարիօթը
7 Ու Մարիօթ ծնաւ Ամարիան եւ Ամարիան ծնաւ Աքիտովբը
8 Ու Աքիտովբ ծնաւ Սադովկը ու Սադովկը ծնաւ Աքիմաասը
9 Եւ Աքիմաասը ծնաւ Ազարիան ու Ազարիան ծնաւ Յօհանանը
10 Եւ Յօհանանը ծնաւ Ազարիան. (ասիկա էր որ Սողոմոնին Երուսաղէմ շինած տաճարին մէջ քահանայութիւն ըրաւ)
11 Ու Ազարիան ծնաւ Ամարիան եւ Ամարիան ծնաւ Աքիտովբը
12 Ու Աքիտովբ ծնաւ Սադովկը ու Սադովկը ծնաւ Սեղղումը
13 Եւ Սեղղումը ծնաւ Քեղկիան ու Քեղկիան ծնաւ Ազարիան
14 Եւ Ազարիան ծնաւ Սարայիան ու Սարայիան ծնաւ Յովսեդեկը։
15 Յովսեդեկը գերի գնաց, երբ Տէրը Յուդան ու Երուսաղէմը Նաբուգոդոնոսորին ձեռքով փոխադրեց։
16 Ղեւիին որդիները՝ Գերսոնը, Կահաթն ու Մերարին էին։
17 Գերսոնին որդիներուն անունները ասոնք էին՝ Ղոբենի ու Սեմէի։
18 Եւ Կահաթին որդիները՝ Ամրամը, Իսահառը, Քեբրոնն ու Ոզիէլն էին։
19 Մերարիին որդիները՝ Մոողին ու Մուսին էին։ Ասոնք են Ղեւտացիներուն տոհմերը իրենց հայրերուն համեմատ։
20 Գերսոնին որդիները՝ անոր որդին Ղոբենի, անոր որդին Յեթ, անոր որդին Զամմա,
21 Անոր որդին Յովաք, անոր որդին Ադդով, անոր որդին Զարա, անոր որդին Յաթրին էր։
22 Կահաթին որդիները՝ անոր որդին Ամինադաբ, անոր որդին Կորխ, անոր որդին Ասիր,
23 Անոր որդին Եղկանա, անոր որդին Աբիասափ, անոր որդին Ասիր,
24 Անոր որդին Թաաթ, անոր որդին Ուրիէլ, անոր որդին Ոզիա ու անոր որդին Սաւուղն էր։
25 Եղկանային որդիները՝ Ամեսայի, Աքիմօթ ու Եղկանա էին։
26 Եղկանային որդիները՝ անոր որդին Սուփի, անոր որդին Նահաթ,
27 Անոր որդին Եղիաբ, անոր որդին Յերոամ, անոր որդին Եղկանան էր։
28 Սամուէլին որդիները՝ անոր անդրանիկը Յովէլ ու երկրորդը Աբիան էր։
29 Մերարիին որդիները՝ Մոողի, անոր որդին Ղոբենի, անոր որդին Սեմէի, անոր որդին Ոզա,
30 Անոր որդին Սամաա, անոր որդին Անգիա, անոր որդին Ասայիան էր։
31 Ասոնք են, որոնք Դաւիթ երգեցողութեան պաշտօնին վրայ դրաւ Տէրոջը տանը մէջ տապանակին հաստատուելէն յետոյ։
32 Անոնց պաշտօնը վկայութեան խորանին առջեւ օրհնութիւն երգել էր։ Երբ Սողոմոն Երուսաղէմի մէջ Տէրոջը տունը շինեց, անոնք իրենց կարգին համեմատ իրենց պաշտօնին վրայ կը կենային։
33 Իրենց որդիներով կեցողները ասոնք են՝ Կահաթեաններու որդիներէն երգող Եմանը, Յովէլի որդին, որ Սամուէլի որդին,
34 Որ Եղկանայի որդին, որ Յերոամի որդին, որ Եզիէլի որդին, որ Թովայի որդին,
35 Որ Սուփիի որդին, որ Եղկանայի որդին, որ Մաաթի որդին, որ Ամեսայիի որդին,
36 Որ Եղկանայի որդին, որ Յովէլի որդին, որ Ազարիայի որդին, որ Սոփոնիայի որդին,
37 Որ Թաաթի որդին, որ Ասիրի որդին, որ Աբիասափի որդին, որ Կորխի որդին,
38 Որ Իսահառի որդին, որ Կահաթի որդին, որ Ղեւիի որդին, որ Իսրայէլի որդին էր։
39 Եւ անոր աջ կողմը կեցողը իր եղբայրը Ասափն էր ու Ասափ՝ Բարաքիայի որդին, որ Սամաայի որդին,
40 Որ Միքայէլի որդին, որ Բաասիայի որդին, որ Մեղքիայի որդին,
41 Որ Աթանիի որդին, որ Զարայի որդին, որ Ադայիայի որդին,
42 Որ Եթանի որդին, որ Զամմայի որդին, որ Սեմէիի որդին,
43 Որ Յեթի որդին, որ Գերսոնի որդին, որ Ղեւիի որդին էր։
44 Անոնց եղբայրները՝ Մերարիին որդիները, ձախ կողմը կը կենային. Եթան՝ Կիսիային որդին, որ Աբդիի որդին, որ Մալուքի որդին,
45 Որ Ասաբիայի որդին, որ Ամասիայի որդին, որ Քեղկիայի որդին,
46 Որ Ամասիի որդին, որ Բանիի որդին, որ Սամերի որդին,
47 Որ Մոողի որդին, որ Մուսիի որդին, որ Մերարիի որդին, որ Ղեւիի որդին էր։
48 Ու անոնց եղբայրները՝ Ղեւտացիները, Աստուծոյ տանը խորանին բոլոր ծառայութեանը նուիրուած էին։
49 Բայց Ահարոն ու անոր որդիները ողջակէզի սեղանին վրայ ողջակէզ ու խունկի սեղանին վրայ խունկ կը մատուցանէին, Սրբութիւն Սրբութեանցին գործը կատարելով ու Իսրայէլի համար քաւութիւն ընելով, այն ամենուն համեմատ, որ Աստուծոյ ծառան Մովսէս պատուիրեր էր։
50 Ահարոնին որդիները ասոնք էին՝ անոր որդին Եղիազար, անոր որդին Փենէհէս, անոր որդին Աբիսուա,
51 Անոր որդին Բոկկի, անոր որդին Ոզի, անոր որդին Զարիա,
52 Անոր որդին Մարիօթ, անոր որդին Ամարիա, անոր որդին Աքիտովբ,
53 Անոր որդին Սադովկ, անոր որդին Աքիմաաս։
54 Կահաթին տոհմին՝ Ահարոնին որդիներուն՝ բնակութիւնները ասոնք էին իրենց գիւղերովը ու իրենց սահմաններովը, քանզի վիճակով այդ ելաւ։
55 Յուդայի երկրին մէջ Քեբրոնը ու անոր շրջակայ արուարձանները անոնց տուին.
56 Բայց այն քաղաքին արտերը ու անոր գիւղերը Յեփոնեան Քաղէբին տուին։
57 Յուդայի քաղաքներէն Ահարոնի որդիներուն Քեբրոնը տուին (որ ապաստանի քաղաք էր,) ու Լեբնան իր արուարձաններովը եւ Յաթիրը ու Եսթեմովը իր արուարձաններովը
58 Եւ Քիլէնը իր արուարձաններովը ու Դաբիրը իր արուարձաններովը
59 Եւ Ասանը իր արուարձաններովը ու Բեթսամիւսը իր արուարձաններովը
60 Եւ Բենիամին ցեղէն Գաբան իր արուարձաններովը ու Գաղեմէթը իր արուարձաններովը եւ Անաթովթը իր արուարձաններովը անոնց տոհմերուն բոլոր քաղաքները տասնըերեք քաղաք էին։
61 Այս ցեղին տոհմերէն մնացած Կահաթին որդիներուն՝ Մանասէին կէս ցեղէն վիճակով տասը քաղաք տրուեցաւ։
62 Գեսրոնի որդիներուն՝ իրենց տոհմերուն համեմատ Իսաքարին ցեղէն, Ասերին ցեղէն ու Նեփթաղիմի ցեղէն ու Բասանի մէջ բնակող Մանասէին ցեղէն տասնըերեք քաղաք տրուեցաւ։
63 Մերարիին որդիներուն՝ իրենց տոհմերուն համեմատ Ռուբէնին ցեղէն ու Գադին ցեղէն եւ Զաբուղոնին ցեղէն վիճակով տասներկու քաղաք տրուեցաւ։
64 Իսրայէլին որդիները այս քաղաքները իրենց արուարձաններովը Ղեւտացիներուն տուին։
65 Յուդային որդիներուն ցեղէն ու Շմաւոնին որդիներուն ցեղէն ու Բենիամինին որդիներուն ցեղէն վիճակով՝ այս անունով յիշուած քաղաքները տուին։
66 Կահաթին որդիներուն մնացած տոհմերուն կալուածներու քաղաքները Եփրեմի ցեղէն էին։
67 Անոնց Եփրեմի լերանը վրայ Սիւքէմը տուին, (որ ապաստանի քաղաքներէն էր) ու անոր արուարձանները եւ Գազերը իր արուարձաններովը
68 Ու Յեկմամը իր արուարձաններովը եւ Բեթորոնը իր արուարձաններովը
69 Ու Այեղոնը իր արուարձաններովը եւ Գեթրեմօնը իր արուարձաններովը
70 Ու Մանասէին կէս ցեղէն Անէրը իր արուարձաններովը եւ Յեբղաամը իր արուարձաններովը Կահաթի որդիներուն մնացած տոհմին տուին։
71 Գերսոնի որդիներուն Մանասէին կէս ցեղին տոհմէն Բասանի մէջ Գովղանը իր արուարձաններովը ու Աստարովթը իր արուարձաններովը
72 Եւ Իսաքարի ցեղէն Կադէսը իր արուարձաններովը, Դաբարաթը իր արուարձաններովը
73 Ու Ռամովթը իր արուարձաններովը եւ Անամը իր արուարձաններովը
74 Ու Ասերի ցեղէն Մասաղը իր արուարձաններովը եւ Աբդօնը իր արուարձաններովը
75 Ու Հուկոկը իր արուարձաններովը եւ Րոոբը իր արուարձաններովը
76 Ու Նեփթաղիմին ցեղէն Գալիլիայի մէջ Կադէսը իր արուարձաններովը եւ Համմօնը իր արուարձաններովը ու Կարիաթեմը իր արուարձաններովը տուին։
77 Մնացածներուն, այսինքն Մերարիին որդիներուն, Զաբուղոնին ցեղէն Ռեմօնը իր արուարձաններովը, Թաբօրը իր արուարձաններովը,
78 Ու Երիքովի անդիի կողմը, Յորդանանի արեւելեան կողմը, Ռուբէնին ցեղէն անապատին մէջ Բոսորը իր արուարձաններովը ու Յասսան իր արուարձաններովը
79 Եւ Կադէմօթը իր արուարձաններովը ու Մեփայաթը իր արուարձաններովը
80 Եւ Գադին ցեղէն Գաղաադի մէջ Ռամովթը իր արուարձաններովը ու Մանայիմը իր արուարձաններովը
81 Ու Եսեբոնը իր արուարձաններովը եւ Յազերը իր արուարձաններովը տուին։