Ա. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ
Գլուխ 18
Անկէ յետոյ Դաւիթ Փղշտացիները զարկաւ ու զանոնք նուաճեց եւ Գէթն ու անոր գիւղերը Փղշտացիներուն ձեռքէն առաւ։
2 Յետոյ Մովաբը զարկաւ ու Մովաբացիները Դաւիթին հարկատու ծառաներ եղան։
3 Եւ Դաւիթ Սուբայի Ադրազար թագաւորը Եմաթի կողմերը զարկաւ, երբ Եփրատ գետին վրայ իր իշխանութիւնը հաստատելու կ’երթար։
4 Եւ Դաւիթ անկէ հազար կառք ու եօթը հազար ձիաւոր ու քսան հազար հետեւակ զօրք բռնեց եւ Դաւիթ բոլոր կառքի ձիերուն ջիղերը կտրեց ու անոնցմէ միայն հարիւր ձի իրեն համար պահեց՝ ՝։
5 Եւ Դամասկոսի Ասորիները Սուբայի թագաւորին Ադրազարին օգնութիւն ընելու եկան ու Դաւիթ Ասորիներէն քսանըերկու հազար մարդ զարկաւ։
6 Եւ Դաւիթ Դամասկոսի Ասորիներուն մէջ բերդապահ զօրքեր դրաւ ու Ասորիները Դաւիթին հարկատու ծառայ եղան։ Դաւիթ ուր որ կ’երթար՝ Տէրը անոր յաջողութիւն կու տար։
7 Դաւիթ Ադրազարին ծառաներուն վրայ եղող ոսկիէ վահանները առաւ ու զանոնք Երուսաղէմ բերաւ։
8 Եւ Ադրազարի Տեբաթ ու Քուն քաղաքներէն Դաւիթ խիստ շատ պղինձ առաւ. Սողոմոն անկէ շինեց պղնձէ ծովը ու սիւներն ու պղնձէ գործիքները։
9 Ու Եմաթի թագաւորը Թովուն, երբ լսեց թէ Դաւիթ Սուբայի Ադրազար թագաւորին բոլոր զօրքերը ջարդեր է,
10 Իր որդին Ադորամը Դաւիթ թագաւորին ղրկեց, որպէս զի անոր բարեւ ընէ ու զանիկա օրհնէ, Ադրազարի դէմ պատերազմելուն ու զանիկա զարնելուն համար. (քանզի Ադրազար Թովուին հետ պատերազմներ կ’ընէր) ու անոր ամէն տեսակ ոսկիէ, արծաթէ, պղնձէ անօթներ ղրկեց։
11 Դաւիթ թագաւորը զանոնք ալ Տէրոջը նուիրեց՝ այն արծաթով ու ոսկիով մէկտեղ, որ բոլոր ազգերէն, Եդովմէն, Մովաբէն, Ամմոնի որդիներէն, Փղշտացիներէն ու Ամաղէկէն առեր էր։
12 Եւ Շարուհեային որդին Աբեսսան Աղի ձորին մէջ տասնըութը հազար Եդովմայեցի զարկաւ։
13 Եդովմի մէջ բերդապահ զօրքեր դրաւ ու բոլոր Եդովմայեցիները Դաւիթին ծառայ եղան։ Դաւիթ ուր որ կ’երթար, Տէրը անոր յաջողութիւն կու տար։
14 Դաւիթ բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւորութիւն ըրաւ ու իր բոլոր ժողովուրդին իրաւունք ու արդարութիւն կ’ընէր։
15 Եւ Շարուհեային որդին Յովաբը զօրքերուն վրայ էր ու Աքիղուդին որդին Յովսափատը յիշատակներու դպիր էր
16 Եւ Աքիտովբին որդին Սադովկն ու Աբիաթարին որդին Աբիմելէքը քահանայ էին եւ Սուսան ատենադպիր էր
17 Ու Յովիադային որդին Բանիան Քերեթիներուն ու Փելեթիներուն վրայ էր եւ Դաւիթին որդիները թագաւորին քով նախարարներ էին։