Ա. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29


Գլուխ 13

Դաւիթ հազարապետներուն ու հարիւրապետներուն եւ բոլոր իշխաններուն հետ խորհուրդ ըրաւ։
2 Դաւիթ բոլոր Իսրայէլի ժողովուրդին ըսաւ. «Եթէ ձեզի հաճոյ կ’երեւնայ ու այս բանը մեր Տէր Աստուծմէն է, Իսրայէլի բոլոր երկիրներուն մէջ մնացած մեր եղբայրներուն ու անոնց հետ քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն, իրենց քաղաքներն ու արուարձանները, մարդ ղրկենք՝ ՝, որպէս զի մեր քով հաւաքուին
3 Եւ մեր Աստուծոյն տապանակը մեր քով փոխադրենք. քանզի Սաւուղին օրերը զանիկա զանց առինք»։
4 Ու բոլոր ժողովուրդը հաճութիւն տուաւ. քանզի այս խօսքը բոլոր ժողովուրդին աչքերուն ուղիղ երեւցաւ։
5 Եւ Դաւիթ Եգիպտոսի Սիովրէն մինչեւ Եմաթի մուտքը բոլոր Իսրայէլը հաւաքեց՝ Աստուծոյ տապանակը Կարիաթարիմէն բերելու համար։
6 Դաւիթ բոլոր Իսրայէլին հետ Բաաղ, այսինքն Յուդայի Կարիաթարիմը գնաց, որպէս զի անկէ՝ քերովբէներուն վրայ նստող Եհովա Աստուծոյն տապանակը փոխադրէ։
7 Աստուծոյ տապանակը Աբինադաբի տունէն վերցնելով նոր սայլի մը վրայ դրին ու Ոզա ու Աքիով այն սայլը կը վարէին։
8 Եւ Դաւիթ ու բոլոր Իսրայէլ բոլոր ուժով Աստուծոյ առջեւ կը խաղային օրհնութիւններով, քնարներով, տաւիղներով, թմբուկներով, ծնծղաներով ու փողերով։
9 Երբ Քիդոնին կալը եկան, Ոզա իր ձեռքը երկնցուց որպէս զի տապանակը բռնէ. քանզի եզները զանիկա ծռեր էին։
10 Տէրոջը բարկութիւնը Ոզային դէմ բորբոքեցաւ եւ ձեռքը տապանակին երկնցնելուն համար զանիկա զարկաւ։ Անիկա հոն Աստուծոյ առջեւ մեռաւ։
11 Եւ Դաւիթ տրտմեցաւ, քանզի Տէրը հարուածով Ոզան զարկաւ ու այն տեղին անունը մինչեւ այսօր Փարէս-Ոզա կը կոչուի։
12 Դաւիթ այն օրը Աստուծմէ վախցաւ ու ըսաւ. «Աստուծոյ տապանակը ի՜նչպէս քովս բերեմ»։
13 Դաւիթ տապանակը իր քով, Դաւիթին քաղաքը չբերաւ. հապա զանիկա Գեթացի Աբդեդօմին տունը դարձուց։
14 Աստուծոյ տապանակը Աբդեդօմին տանը մէջ երեք ամիս մնաց ու Տէրը Աբդեդօմին տունն ու անոր բոլոր ստացուածքը օրհնեց։