Ա. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29


Գլուխ 16

Աստուծոյ տապանակը տարին ու այն վրանին մէջ դրին, որ Դաւիթ անոր համար կանգնեցուցեր էր եւ Աստուծոյ առջեւ ողջակէզներ ու խաղաղութեան զոհեր մատուցանեցին։
2 Դաւիթ երբ ողջակէզներն ու խաղաղութեան զոհերը մատուցանելը լմնցուց, Տէրոջը անունով ժողովուրդը օրհնեց։
3 Ու Իսրայէլի բոլոր մարդոց՝ այր մարդէն մինչեւ կին մարդ՝ ամէն մէկուն մէկ նկանակ հաց, կտոր մը միս ու կարկանդակ մը բաժնեց։
4 Եւ Տէրոջը տապանակին առջեւ Ղեւտացիներէն պաշտօնեաներ դրաւ՝ Իսրայէլի Տէր Աստուածը յիշելու, օրհնելու ու փառաւորելու համար.
5 Գլխաւորը Ասափն էր ու անոր երկրորդը Զաքարիան։ Յէիէլը, Սեմիրամովթը, Յեքիէլը, Մատաթիան, Եղիաբը, Բանիան, Աբդեդօմն ու Յէիէլը տաւիղներ ու քնարներ կը զարնէին. բայց Ասափը ծնծղաներ կը զարնէր։
6 Եւ Բանիա ու Յազիէլ քահանաները Աստուծոյ ուխտի տապանակին առջեւ փողեր կը հնչեցնէին։
7 Նոյն օրը Դաւիթ առաջին անգամ հետեւեալ սաղմոսը տուաւ Ասափին ու անոր եղբայրներուն ձեռքը, որպէս զի Տէրոջը գոհութիւն տան։
8 Գոհացէք Տէրոջմէն, անոր անունը կանչեցէ՛ք, Անոր գործերը ժողովուրդներուն մէջ պատմեցէ՛ք։
9 Երգեցէ՛ք անոր, սաղմոս ըսէ՛ք անոր, Պատմեցէ՛ք անոր բոլոր հրաշքները։
10 Անոր սուրբ անունովը պարծենցէ՛ք։ Տէրը խնդրողներուն սիրտը թող ուրախ ըլլայ։
11 Տէրը ու անոր զօրութիւնը խնդրեցէ՛ք, Ամէն ժամանակ անոր երեսը փնտռեցէ՛ք։
12 Յիշեցէ՛ք անոր ըրած հրաշքները, Անոր նշաններն ու բերնին դատաստանները.
13 Ո՛վ անոր ծառային Իսրայէլին սերունդ, Ո՛վ Յակոբին որդիներ, ընտրեալներ.
14 Եհովան ինքն է մեր Աստուածը։ Անոր դատաստանները բոլոր երկրի մէջ են։
15 Անոր ուխտը յաւիտեան յիշեցէ՛ք, Անոր պատուիրած խօսքը՝ մինչեւ հազար ազգ.
16 Այն Ուխտը որ Աբրահամին ըրաւ Ու իր երդումը որ Իսահակին ըրաւ.
17 Յակոբին ալ հաստատեց զանիկա՝ օրէնք մը ըլլալու Ու Իսրայէլին՝ իբրեւ յաւիտենական ուխտ մը,
18 Ըսելով. «Քեզի պիտի տամ Քանանի երկիրը, Ձեր ժառանգութեան վիճակը»։
19 Երբ դուք սակաւաթիւ էիք Եւ քիչուոր ու պանդուխտ՝ անոր մէջ,
20 Անոնք մէկ ազգէ ուրիշ ազգի գացին Ու մէկ թագաւորութենէ ուրիշ ժողովուրդի։
21 Անիկա մէկո՛ւն չարտօնեց որ զանոնք նեղէ. Թագաւորներ ալ յանդիմանեց անոնց համար,
22 Ըսելով. «Իմ օծեալներուս մի՛ դպչիք, Ու իմ մարգարէներուս չարութիւն մի՛ ընէք»։
23 Երգեցէ՛ք Տէրոջը, ո՛վ բոլոր երկիր, Օրէ օր անոր փրկութիւնը քարոզեցէ՛ք։
24 Անոր փառքը ազգերու մէջ պատմեցէ՛ք Ու անոր հրաշքները՝ ամէն ժողովուրդներու մէջ։
25 Քանզի Տէրը մեծ է ու խիստ գովելի, Անիկա ամէն աստուածներու վրայ ահաւոր է։
26 Վասն զի ազգերուն բոլոր աստուածները կուռքեր են, Բայց Եհովան երկինքը ստեղծեց։
27 Փառք ու վայելչութիւն կայ անոր առջեւ, Զօրութիւն եւ ուրախութիւն՝ անոր բնակութեանը մէջ.
28 Տէրոջը տուէ՛ք, ո՛վ ժողովուրդներու տոհմեր, Տէրոջը տուէ՛ք փառք ու զօրութիւն։
29 Տէրոջը տուէ՛ք իր անուանը փառքը։ Ընծայ առէ՛ք ու անոր առջեւ եկէ՛ք։ Սուրբ հանդէսով Տէրոջը երկրպագութիւն ըրէ՛ք։
30 Ո՛վ բոլոր երկիր, անոր երեսէն վախցէ՛ք. Աշխարհս ալ պիտի հաստատուի Ու պիտի չսասանի։
31 Երկինք թող ուրախանայ ու երկիր ցնծայ։ Ազգերուն մէջ թող ըսեն՝ «Տէրը կը թագաւորէ»։
32 Ծովը իր լիութեամբ թող գոռայ, Դաշտն ու բոլոր անոր մէջ եղողները թող ուրախանան։
33 Այն ատեն անտառին ծառերը Տէրոջը առջեւ թող ցնծան, Քանզի երկրին դատաստան ընելու կու գայ։
34 Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
35 Նաեւ ըսէ՛ք. «Ո՛վ մեր փրկութեան Աստուածը, մեզ փրկէ՛ Ու մեզ հաւաքէ՛ եւ մեզ ազգերէն ազատէ՛, Որպէս զի քու սուրբ անուանդ գոհութիւն մատուցանենք Ու քու օրհնութիւնովդ պարծենանք։
36 Օրհնեալ ըլլայ Իսրայէլի Տէր Աստուածը, Յաւիտեանս յաւիտենից»։ Ու բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» ըսելով՝ Տէրը օրհնեցին։
37 Հոն Տէրոջը ուխտի տապանակին առջեւ Ասափն ու անոր եղբայրները թողուց, որպէս զի շարունակ ամէն օրուան պաշտօնը կատարեն տապանակին առջեւ։
38 Աբդեդօմն ու անոր վաթսունըութը եղբայրները եւ Իդիթունի որդին Աբդեդօմը եւ Ուսան դռնապաններ դրաւ։
39 Սադովկ քահանան ու անոր քահանայ եղբայրները Գաբաւոնին բարձր տեղին վրայ Տէրոջը խորանին առջեւ թողուց,
40 Որպէս զի միշտ՝ առտու ու իրիկուն՝ ողջակէզի սեղանին վրայ Տէրոջը ողջակէզներ մատուցանեն ու Տէրոջը Իսրայէլին պատուիրած օրէնքին մէջ ամէն գրուածը գործադրեն։
41 Անոնց հետ դրաւ Եմանն ու Իդիթունը եւ միւս ընտրուածները, որոնք անունով յիշուեցան, որպէս զի Տէրոջը գոհութիւն մատուցանեն, քանզի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
42 Անոնց, այսինքն Եմանին ու Իդիթունին հետ եղող նուագածուներուն փողեր ու ծնծղաներ տուաւ, նաեւ Աստուծոյ երգերուն նուագարանները ու Իդիթունին որդիները դրանը պահպանութիւն կ’ընէին։
43 Երբ բոլոր ժողովուրդը գնաց՝ ամէն մէկը իր տունը, Դաւիթ ալ իր տունը օրհնելու դարձաւ։