Ա. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29


Գլուխ 9

Այսպէս բոլոր իսրայելացիները արձանագրուած էին եւ Իսրայէլի ու Յուդայի թագաւորներու գրքին մէջ գրուած էին, որոնք իրենց անօրէնութեանը համար Բաբելոն գերի տարուեցան։
2 Անոնց կալուածքներուն մէջ անոնց քաղաքներուն մէջ բնակողները՝ Իսրայելացիներէն, քահանաներէն, Ղեւտացիներէն եւ Նաթայիմներէն ասոնք էին։
3 Ու Երուսաղէմի մէջ Յուդային որդիներէն, Բենիամինին որդիներէն, Եփրեմին ու Մանասէին որդիներէն բնակեցան։
4 Յուդային որդիին Փարէսին որդիներէն՝ Բանիին որդիին Իմրիին որդիին Ամրիին որդիին Ամիուդին որդին Ութայի։
5 Եւ Սելօմեաններէն՝ անոր անդրանիկը Ասայիա ու անոր որդիները։
6 Զարայի որդիներէն՝ Յէիլ ու անոնց եղբայրները՝ վեց հարիւր իննսուն մարդ։
7 Բենիամինին որդիներէն՝ Ասանուային որդիին Ովդուիային որդիին Մեսուղամին որդին Սալլու։
8 Յերոամին որդին Յեբնիա ու Մաքրիին որդիին Ոզիին որդին Էլա ու Յեբնիային որդիին Ռագուէլին որդիին Սափատիային որդին Մեսուղամ
9 Եւ անոնց եղբայրները իրենց ցեղերուն համեմատ՝ ինը հարիւր յիսունըվեց մարդ։ Այս բոլոր մարդիկը իրենց տոհմերուն նահապետներն էին։
10 Քահանաներէն Յեդայիա՝ Յովարիբ ու Յաքին
11 Եւ Աստուծոյ տանը վերակացու՝ Աքիտովբի որդիին Մարիօթին որդիին Սադովկին որդիին Մեսուղամին որդիին Քեղկիային որդին Ազարիա
12 Ու Մեղքիային որդիին Փասուրի որդիին Յերոամին որդին Ադայիա ու Եմմերին որդիին Մեսեղամօթին որդիին Մեսուղամին որդիին Եզիրային որդիին Ադիէլին որդին Մասէ
13 Եւ անոնց եղբայրները, իրենց տոհմերուն իշխանները, հազար եօթը հարիւր վաթսուն զօրաւոր կտրիճներ՝ Աստուծոյ տանը գործին ծառայութեանը մէջ էին։
14 Ղեւտացիներէն՝ Մերարիի որդիներէն, Ասաբիային որդիին Եզրիկամին որդիին Ասուբի որդին Սեմայիա
15 Եւ Բակբակար ու Արէս եւ Գաղաղ ու Ասափին որդիին Զեքրիին որդիին Միքայի որդին Մաթանիա
16 Եւ Իդիթունի որդիին Գաղաղի որդիին Սեմայիայի որդին Աբդիա ու Եղկանայի որդիին Ասայի որդին Բարաքիան, որ Նետոփաթացիներու գիւղերուն մէջ կը բնակէր։
17 Դռնապանները՝ Սեղղում, Ակկուբ, Տեղմոն եւ Աքիման ու անոնց եղբայրները. ասոնց վերակացուն Սեղղումն էր։
18 Մինչեւ հոս թագաւորին դուռը կը կայնէին, որ արեւելեան կողմն է. ասոնք Ղեւիին որդիներուն բանակներուն դռնապաններն էին։
19 Կորխին որդիին Աբիասափին որդիին Կովրէին որդին Սեղղումը ու անոր եղբայրները, անոր հօրը տունէն եղող Կորխացիները, ծառայութեան գործին վրայ էին ու խորանին սեմերուն պահպանութիւնը կ’ընէին։ Անոնց հայրերը Տէրոջը բանակին մէջ դրան պահպանութիւնը կ’ընէին։
20 Ու Եղիազարի որդին Փենէհէս առաջ անոնց վրայ իշխան էր ու Տէրը անոր հետ էր։
21 Մասեղամիային որդին Զաքարիան վկայութեան խորանին դրանը պահապանն էր։
22 Դռներուն մէջ պահպանութիւն ընելու համար բոլոր դռնապան ընտրուածները երկու հարիւր տասնըերկու հոգի էին։ Ասոնք իրենց բնակած գիւղերուն համեմատ ազգահամարի մէջ գրուեցան։ Դաւիթ ու Սամուէլ տեսանողը զանոնք իրենց պաշտօնին վրայ հաստատեցին։
23 Անոնք ու անոնց որդիները Տէրոջը տանը, այսինքն խորանին տանը, դռներուն քով պահպանութիւն կ’ընէին։
24 Դռնապանները չորս կողմերը կը կենային՝ արեւելեան, արեւմտեան, հիւսիսային ու հարաւային կողմերը։
25 Գիւղերուն մէջ եղող անոնց եղբայրները ատեն ատեն կու գային ու եօթնական օր անոնց հետ կը կենային։
26 Քանզի չորս գլխաւոր դռնապանները Ղեւտացիներ էին, որոնք նաեւ սենեակներուն եւ Աստուծոյ տանը գանձերուն պատասխանատու էին։
27 Գիշերը Աստուծոյ տանը շուրջը կը կենային, քանզի պահպանութիւնը իրենց պարտականութիւնն էր։ Ամէն առտու անոնք պիտի բանային։
28 Պաշտամունքի անօթներուն վերակացուները անոնցմէ էին, քանզի համրանքով ներս կը բերէին ու համրանքով դուրս կը հանէին։
29 Միւս ամաններուն ու սրբարանին բոլոր գործիքներուն եւ նաշիհին ու գինիին ու իւղին եւ կնդրուկին ու համեմներուն վերակացուներն ալ անոնցմէ էին։
30 Բայց համեմներուն բաղադրութիւնովը իւղ շինողները քահանաներուն որդիներն էին։
31 Ղեւտացիներէն՝ Կորխացի Սեղղումին անդրանիկը Մատաթիան տապակի գործին վերակացուն էր։
32 Առաջաւորութեան հացին վերակացուները անոնց եղբայրներէն, Կահաթացիներու որդիներէն էին, որպէս զի շաբաթէ շաբաթ պատրաստեն։
33 Ասոնք, այսինքն Ղեւտացիներու տոհմերուն իշխանները, երգիչներ էին եւ սենեակներուն մէջ կը նստէին եւ ուրիշ գործ մը չունէին, քանզի ցորեկ ու գիշեր այս պաշտօնով զբաղած էին։
34 Այս Ղեւտացիներուն տոհմերուն իշխանները իրենց ցեղերուն համեմատ իշխաններ էին։ Անոնք Երուսաղէմի մէջ կը բնակէին։
35 Գաբաւոնի մէջ Գաբաւոնին հայրը Յէիէլը կը բնակէր։ Անոր կնոջ անունը Մաաքա էր։
36 Անոր անդրանիկ որդին Աբդօն էր. ետքը՝ Սուր, Կիս, Բաաղ, Ներ, Նադաբ,
37 Գեդովր, Աքիով, Զաքարիա եւ Մակեղօթ էին։
38 Մակեղօթ ծնաւ Սամաամը ու ասոնք ալ իրենց եղբայրներուն դէմ՝ Երուսաղէմի մէջ իրենց եղբայրներուն հետ բնակեցան։
39 Ներ ծնաւ Կիսը ու Կիս ծնաւ Սաւուղը եւ Սաւուղ ծնաւ Յովնաթանը, Մեղքիսաւէն, Աբինադաբը ու Եսբաաղը։
40 Յովնաթանին որդին Մերիբաաղն էր։ Մերիբաաղը ծնաւ Միքան։
41 Միքային որդիները՝ Փիթօն, Մելէք, Թարէ ու Աքազ էին։
42 Աքազ ծնաւ Յովադան, Յովադան ծնաւ Գաղեմէթը, Ազամօթն ու Զամբրին։ Եւ Զամբրին ծնաւ Մոսան
43 Ու Մոսան ծնաւ Բանան. անոր որդին Ռափայիա, անոր որդին Եղեասա ու անոր որդին Եսէլ էր։
44 Եսէլ վեց որդի ունէր։ Անոնց անունները ասոնք են՝ Եզրիկամ, Բոքերու, Իսմայէլ, Սաարիա, Աբդիա ու Անան։ Եսէլին որդիները ասոնք էին։