Ա. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ
Գլուխ 5
Իսրայէլի անդրանիկին՝ Ռուբէնին որդիները՝ (քանզի անդրանիկը անիկա էր. բայց իր հօրը անկողինը պղծելուն համար՝ իր անդրանկութեան իրաւունքը Յովսէփին որդիներուն տրուեցաւ ու ազգահամարին մէջ անդրանիկի տեղ չդրուեցաւ։
2 Իսկ Յուդա իր եղբայրներէն զօրաւոր եղաւ ու անկէ իշխաններ ելան, բայց անդրանկութեան իրաւունքը Յովսէփինն էր)։ Իսրայէլի անդրանիկին Ռուբէնին որդիները՝
3 Ենովք, Փաղղուս, Եսրոն ու Քարմին էին։
4 Յովէլին որդիները՝ անոր որդին Սեմայիան, անոր որդին՝ Գոգը, անոր որդին՝ Սեմէին,
5 Անոր որդին՝ Միքան, անոր որդին՝ Ռէայիան, անոր որդին՝ Բաաղը,
6 Անոր որդին՝ Բէերան, որ Ասորեստանի Թագղաթ-Փաղասար թագաւորը գերի տարաւ։ Անիկա Ռուբէնեաններու իշխանն էր։
7 Անոր եղբայրները իրենց տոհմերովը ազգահամարին մէջ գրուեցան։ Անոնց գլխաւորը Յէիէլն էր, ետքը՝ Զաքարիան
8 Եւ Յովէլին որդիին Սեմային որդիին Ազազին որդին Բաղան։ Ասիկա Արոէրի մէջ ու անկէ մինչեւ Նաբաւ ու Բէէլմօն բնակեցաւ։
9 Արեւելեան կողմը Եփրատ գետէն մինչեւ անապատը բնակեցաւ, քանզի անոնց անասունները Գաղաադի երկրին մէջ շատցեր էին։
10 Սաւուղին օրերը անոնք պատերազմ ըրին Հագարացիներուն հետ, որոնք իրենց ձեռքը ինկան ու Գաղաադի բոլոր արեւելեան կողմերը՝ անոնց վրաններուն մէջ՝ բնակեցան։
11 Գադին որդիները ասոնց դէմ Բասանի երկրին մէջ բնակեցան մինչեւ Սելքա։
12 Գլխաւորը Յովէլը, երկրորդը Սափամը, ետքը Յանային ու Սափատը՝ Բասանի մէջ։
13 Անոնց եղբայրները իրենց ազգատոհմերուն համեմատ՝ Միքայէլը, Մեսուղամը, Սարէէն, Յովրէն, Յաքան, Զիան ու Եբերը՝ եօթն էին։
14 Ասոնք Բուզին որդիին Յակդովին որդիին Յեսիսային որդիին Միքայէլին որդիին Գաղաադին որդիին Յարսային որդիին Հուրիին որդիին Աբիքելին որդիներն էին։
15 Անոնց ազգատոհմերուն իշխանը Գունիին որդիին Աբդիէլին որդին Աքին էր։
16 Անոնք Գաղաադի մէջ, Բասանի ու անոր գիւղաքաղաքներուն մէջ ու Սարօնի բոլոր արուարձաններուն մէջ՝ մինչեւ անոնց սահմանները բնակեցան։
17 Ասոնք ամէնքը Յուդային Յովաթամ թագաւորին օրերը ու Իսրայէլի Յերոբովամ թագաւորին օրերը ազգահամարին մէջ գրուեցան։
18 Ռուբէնին որդիներն ու Գադեանները ու Մանասէին կէս ցեղը՝ քառասունըչորս հազար եօթը հարիւր վաթսուն զօրաւոր, վահան ու սուր կրող եւ աղեղ քաշող, պատերազմի գացող մարդիկ էին։
19 Անոնք Հագարացիներուն, Յետուրացիներուն, Նափեսացիներուն ու Նոդաբացիներուն հետ պատերազմեցան
20 Եւ անոնց յաղթեցին ու Հագարացիները եւ բոլոր անոնց հետ եղողները անոնց ձեռքը տրուեցան, քանզի անոնք պատերազմի մէջ Աստուծոյ աղաղակեցին, որ անոնց լսեց, վասն զի իրեն ապաւինեցան։
21 Անոնց անասունները՝ յիսուն հազար ուղտ ու երկու հարիւր յիսուն հազար ոչխար ու երկու հարիւր հազար էշ եւ հարիւր հազար մարդ գերի առին.
22 (Քանզի շատերը մեռած ինկան. վասն զի այս պատերազմը Աստուծմէ էր) ու մինչեւ գերութիւնը անոնց մէջը բնակեցան։
23 Մանասէին որդիներուն կէս ցեղը այն երկրի մէջ բնակեցան, Բասանէն մինչեւ Բաաղհերմոն, Սանիր ու Հերմոն լեռը, քանզի բազմաթիւ էին։
24 Անոնց ազգատոհմերուն իշխանները ասոնք էին՝ Ափէրը, Յեսսին, Եղիէլը, Եզրիէլը, Երեմիան, Ովդուիան ու Յաքդիէլը, որոնք զօրաւոր, քաջ ու անուանի մարդիկ էին ու իրենց ազգատոհմերուն իշխաններն էին։
25 Բայց ասոնք իրենց հայրերուն Աստուծոյն դէմ ապստամբեցան ու այն երկրին ազգերուն աստուածներուն ետեւէն երթալով պոռնկացան, որոնք Աստուած անոնց առջեւէն բնաջինջ ըրած էր։
26 Իսրայէլի Աստուածը Ասորեստանի Փուղ թագաւորին հոգին ու Ասորեստանի Թագղաթ-Փաղասար թագաւորին հոգին գրգռեց ու Ռուբէնեանները, Գադեաններն ու Մանասէին կէս ցեղը գերի առաւ եւ զանոն Քաղա ու Քաբովր ու Հարա ու Գովզան գետը տարաւ մինչեւ այսօր։