Ա. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29


Գլուխ 26

Դռնապաններուն դասակարգութիւնները. Կորխեաններէն, Ասափին որդիներէն, Կովրէին որդին Մասեղամիան էր։
2 Մասեղամիային որդիները՝ անդրանիկը՝ Զաքարիան, երկրորդը՝ Յեդիէլը, երրորդը՝ Զաբադիան, չորրորդը՝ Յաթնիէլը,
3 Հինգերորդը՝ Եղամը, վեցերորդը՝ Յօհանան, եօթներորդը՝ Եղիովէնային էին։
4 Աբդեդօմին որդիները՝ անդրանիկը՝ Սեմայիան, երկրորդը՝ Յովզաբադը, երրորդը՝ Յովաքը, չորրորդը՝ Սաքարը, հինգերորդը՝ Նաթանայէլը,
5 Վեցերորդը՝ Ամիէլը, եօթներորդը՝ Իսաքարը, ութերորդը՝ Փեղաթին. քանզի Աստուած զանիկա օրհներ էր։
6 Անոր որդիին Սեմայիային որդիներ ծնան, որոնք իրենց հօրը տանը իշխանները եղան, քանզի անոնք զօրաւոր կտրիճներ էին։
7 Սեմայիային որդիները Ոթնին, Ռափայէլը, Ովբէդը, Եղզաբադը, Աքիովը, Բենհայիլը՝ ՝, Եղիուսն ու Սամաքիան էին։
8 Ասոնք Աբդեդօմին որդիներն էին։ Իրենք ու իրենց որդիները ու իրենց եղբայրները, ծառայութեան համար զօրաւոր ու կտրիճ մարդիկ՝ Աբդեդօմէն վաթսունըերկու հոգի էին։
9 Մասեղամիան տասնըութը զօրաւոր որդիներ ու եղբայրներ ունէր։
10 Մերարիին որդիներէն Ուսան որդիներ ունէր։ Գլխաւորը Սամարին էր. թէպէտեւ անիկա անդրանիկը չէր, բայց անր հայրը զանիկա գլուխ ըրաւ։
11 Երկրորդը՝ Քեղկիան, երրորդը՝ Տաբաղիան, չորրորդը՝ զաքարիան էր։ Ուսային բոլոր որդիներն ու եղբայրները տասնըերեք հոգի էին։
12 Դռնապաններուն դասակարգութիւնները ասոնց տրուեցան իբրեւ գլխաւոր մարդոց, որպէս զի իրենց եղբայրներուն հետ պահպանութիւն ընելով՝ Տէրոջը տանը մէջ ծառայեն։
13 Պզտիկն ու մեծը հաւասարապէս վիճակ ձգեցին իրենց ազգատոհմերուն համեմատ՝ ամէն մէկ դրան համար։
14 Արեւելեան կողմին վիճակը Սեղեմիային ելաւ. ետքը անոր որդիին, խելացի ու օրէնսգէտ Զաքարիային համար վիճակ ձգեցին ու անոր վիճակը հիւսիսային կողմը ելաւ։
15 Աբդեդօմին՝ հարաւային կողմը ու իր որդիներուն՝ Բեթասուփիմը։
16 Սուփիմին եւ Ուսային արեւմտեան կողմը ելաւ Սալեքեթին դրանը քով վեր ելլող ճամբուն վրայ։ Մէկ պահակատունը միւսին դէմն էր։
17 Արեւելեան կողմը օրը վեց Ղեւտացի, հիւսիսային կողմը օրը՝ չորս, հարաւային կողմը օրը՝ չորս, Ասուփիմին կողմը երկու երկու էին։
18 Փարպարի կողմը դէպի արեւմուտք վեր ելլող ճամբան՝ չորս ու Փարպար երկու դռնապան կար։
19 Կորխեաններու որդիներէն ու Մերարիին որդիներէն եղող դռնապաններուն դասակարգութիւնները ասոնք էին։
20 Ղեւտացիներէն Աստուծոյ տանը գանձերուն ու նուիրական գանձերուն վրայ՝ Աքիան էր։
21 Գերսոնացի Ղադանին ազգատոհմերուն իշխաններէն, Գերսոնացի Ղադանի որդիներէն, Յեքիէլն էր։
22 Յեքիէլի որդիները՝ Զեթամն ու անոր եղբայրը Յովէլը Տէրոջը տանը գանձերուն վրայ էին։
23 Ամրամեաններէն, Իսահառեաններէն, Քեբրոնեաններէն ու Ոզիէլեաններէն ասոնք էին։
24 Մովսէսին որդիին Գերսամին որդին Սուբայէլը գանձերուն վերակացուն էր։
25 Անոր եղբայրները՝ Եղիազարին որդիները. անոր որդին Հռաբիան, անոր որդին Եսային, անոր որդին Յովրամը, անոր որդին Զեքրին ու անոր որդին Սաղօմօթն էր։
26 Այս Սաղօմօթն ու անոր եղբայրները Դաւիթ թագաւորին ու տոհմերուն իշխաններուն ու հազարապետներուն եւ հարիւրապետներուն ու զօրքերու իշխաններուն նուիրած բոլոր սուրբ գանձերուն վրայ էին,
27 Որոնք պատերազմներէն ու աւարէն Տէրոջը տանը շինութեանը՝ ՝ համար նուիրուեր էին։
28 Նաեւ Սամուէլ տեսանողին ու Կիսեան Սաւուղին ու Ներեան Աբեններին ու Շարուհեան Յովաբին նուիրած բոլոր նուէրները Սաղօմօթին ու անոր եղբայրներուն ձեռքին տակն էին։
29 Իսահառեաններէն՝ Քոնոնիան ու անոր որդիները արտաքին գործերու համար, Իսրայէլին վրայ ոստիկաններ ու դատաւորներ էին։
30 Քեբրոնեաններէն՝ Ասաբիան ու անոր եղբայրները, հազար եօթը հարիւր զօրաւոր մարդիկ, Յորդանանի ասդիի կողմը դէպի արեւմուտք, Տէրոջը գործին համար ու թագաւորին ծառայութեանը համար Իսրայէլին վրայ վերակացու էին։
31 Քեբրոնեաններէն՝ Քեբրոնեաններուն ազգատոհմին իշխանը Յերիան էր. Դաւիթին թագաւորութեանը քառասուներորդ տարին անոնք համրուեցան ու Գաղաադի Յազերին մէջ անոնցմէ զօրաւոր կտրիճներ գտնուեցան։
32 Անոր եղբայրները երկու հազար եօթը հարիւր զօրաւոր մարդիկ ու տոհմերու իշխաններ էին։ Դաւիթ թագաւորը զանոնք Ռուբէնեաններուն, Գադեաններուն ու Մանասեաններուն կէս ցեղին վրայ դրաւ՝ Աստուծոյ եւ թագաւորին գործին համար։