Ա. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ
Գլուխ 19
Եւ անկէ յետոյ Ամմոնի որդիներուն թագաւորը՝ Նաաս՝ մեռաւ ու անոր տեղ անոր որդին թագաւոր եղաւ։
2 Եւ Դաւիթ ըսաւ. «Նաասին որդիին Անոնին մարդասիրութիւն ընեմ, քանզի անոր հայրը ինծի մարդասիրութիւն ըրաւ»։ Դաւիթ դեսպաններ ղրկեց, որպէս զի զանիկա իր հօրը համար մխիթարեն։ Դաւիթին ծառաները Ամմոնին որդիներուն երկիրը գացին՝ Անոնը մխիթարելու համար։
3 Բայց Ամմոնին որդիներուն իշխանները Անոնին ըսին. «Կը խորհիս թէ Դաւիթ քու հայրդ քու առջեւդ պատուելո՞ւ համար քեզի մխիթարիչներ ղրկեց։ Միթէ իր ծառաները այս երկիրը քննելու, տակնուվրայ ընելու եւ լրտեսելու համար չեկա՞ն քեզի»։
4 Անոն Դաւիթին ծառաները բռնեց ու զանոնք ածլեց եւ անոնց հանդերձներուն կէսը՝ մինչեւ նստելու տեղը՝ կտրել տուաւ եւ այդպէս ղրկեց զանոնք։
5 Ծառաները գացին ու Դաւիթին պատմեցին այն մարդոց գլխուն եկածը։ Ան ալ զանոնք դիմաւորելու համար մարդ ղրկեց, քանզի այն մարդիկը շատ անարգուեր էին։ Թագաւորը ըսաւ. «Երիքովի մէջ նստեցէք, մինչեւ որ մորուքնիդ աճի ու ետքը եկէ՛ք»։
6 Եւ Ամմոնին որդիները տեսնելով, որ Դաւիթին հետ աւրուեցան, Անոնն ու Ամմոնին որդիները հազար տաղանդ արծաթ ղրկեցին, որպէս զի Միջագետքի Ասորիներէն ու Մաաքայի Ասորիներէն ու Սուբայէն կառքեր ու ձիաւորներ վարձեն։
7 Անոնք վարձեցին երեսունըերկու հազար կառք ու Մաաքայի թագաւորը եւ անոր զօրքը, որոնք գացին Մեդաբայի առջեւ բանակեցան. Ամմոնին որդիներն ալ իրենց քաղաքներէն հաւաքուեցան ու պատերազմելու գացին։
8 Երբ Դաւիթ աս լսեց, Յովաբն ու բոլոր զօրաւոր զօրքերը ղրկեց։
9 Եւ Ամմոնին որդիները ելան ու քաղաքին դրանը առջեւ կարգաւ պատերազմի շարուեցան ու օգնութեան եկող թագաւորները դաշտին մէջ առանձին կեցեր էին։
10 Յովաբը երբ տեսաւ որ պատերազմը առջեւէն ու ետեւէն իր վրայ կը հասնի, Իսրայէլի բոլոր ընտիր մարդիկը զատեց ու Ասորիներուն դէմ պատերազմի շարեց
11 Եւ մնացած զօրքը իր եղբօրը Աբեսսային յանձնեց։ Անոնք Ամմոնին որդիներուն առջեւ շարուեցան.
12 Յովաբ ըսաւ. «Եթէ Ասորիները ինծի յաղթեն, ինծի օգնութեան հասիր ու եթէ Ամմոնին որդիները քեզի յաղթեն, ես քեզի օգնութեան կը հասնիմ։
13 Քաջասիրտ եղի՛ր ու մեր ժողովուրդին համար եւ մեր Աստուծոյն քաղաքներուն համար ուժով պատերազմինք։ Եւ Տէրը իր աչքին հաճոյ երեւցածը թող ընէ»։
14 Ու Յովաբ իրեն հետ եղող զօրքով Ասորիներուն մօտեցաւ, որպէս զի անոնց դէմ պատերազմի, բայց անոնք անոր առջեւէն փախան։
15 Եւ Ամմոնին որդիները՝ Ասորիներուն փախչիլը տեսնելով՝ իրենք ալ անոր եղբօրը Աբեսսային առջեւէն փախան ու քաղաքը մտան։ Այն ատեն Յովաբ Երուսաղէմ եկաւ։
16 Երբ Ասորիները տեսան թէ իրենք Իսրայէլի առջեւ կոտորուեցան, դեսպաններ ղրկեցին ու Գետին անդիի կողմը եղող Ասորիները ոտքի հանեցին։ Անոնց առջեւէն Ադրազարին զօրագլուխը՝ Սովբակը կ’երթար։
17 Ու երբ Դաւիթին պատմեցին, անիկա բոլոր Իսրայէլը հաւաքելով՝ Յորդանանէն անցաւ ու անոնց վրայ գնաց եւ անոնց դէմ գունդեր շարեց։ Երբ Դաւիթ Ասորիները պատերազմով դիմաւորելու համար գունդեր շարեց, անոնք անոր հետ պատերազմ ըրին։
18 Ասորիները Իսրայէլի առջեւէն փախան։ Դաւիթ Ասորիներէն եօթը հազար կառքի զօրք ու քառասուն հազար հետեւակ զօրք կոտորեց ու Սովբակ զօրագլուխն ալ մեռցուց։
19 Եւ Ադրազարին ծառաները, երբ տեսան թէ Իսրայէլի առջեւ յաղթուեցան, Դաւիթին հետ հաշտուեցան ու անոր ծառայ եղան եւ Ասորիները անկէ յետոյ ա՛լ Ամմոնին որդիներուն օգնել չուզեցին։