ԵԼԻՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40


Գլուխ 9

Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Փարաւոնին գնա՛ ու ըսէ անոր. Եբրայեցիներու Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Արձակէ՛ իմ ժողովուրդս, որպէս զի զիս պաշտեն.
2 Քանզի եթէ զանոնք արձակել չուզես ու տակաւին պինդ բռնես զանոնք,
3 Ահա Տէրոջը ձեռքը դաշտին մէջ եղած քու հօտերուդ վրայ ըլլալով՝ ձիերուն, էշերուն, ուղտերուն, արջառներուն ու ոչխարներուն մէջ խիստ սաստիկ կոտորած պիտի ըլլայ։
4 Տէրը Իսրայէլի հօտերը ու Եգիպտոսի հօտերը պիտի զատէ եւ Իսրայէլի որդիներուն անասուններէն ոեւէ մէկը պիտի չմեռնի’»։
5 Տէրը ժամանակ որոշեց՝ ըսելով. «Վաղը Տէրը այս բանը պիտի ընէ երկրի վրայ»։
6 Եւ հետեւեալ օրը Տէրը այս բանը ըրաւ ու Եգիպտացիներու բոլոր հօտերը մեռան. բայց Իսրայէլի որդիներուն հօտերէն մէկը չմեռաւ։
7 Փարաւոն մարդ ղրկեց ու տեսաւ թէ Իսրայէլի հօտերէն մէկն ալ մեռած չէ։ Փարաւոնին սիրտը աւելի խստացաւ ու ժողովուրդը չարձակեց։
8 Տէրը ըսաւ Մովսէսին ու Ահարոնին. «Առէ՛ք ձեռքերնիդ լեցուն հնոցի մոխիր։ Մովսէս դէպի երկինք թող ցանէ զայն՝ Փարաւոնին առջեւ
9 Ու Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ փոշի պիտի ըլլայ, Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ մարդոց ու անասուններուն վրայ խաղաւարտներ հանող ուռեցքներ պիտի ըլլան»։
10 Անոնք հնոցի մոխիրը առին ու Փարաւոնին առջեւ կայնեցան եւ Մովսէս դէպի երկինք ցանեց զայն ու մարդոց եւ անասուններուն վրայ խաղաւարտներ հանող ուռեցքներ եղան։
11 Մոգերը ուռեցքներուն պատճառով չկրցան կայնիլ Մովսէսին առջեւ. վասն զի ուռեցքները մոգերուն վրայ ալ ու բոլոր Եգիպտացիներուն վրայ ալ եղան։
12 Տէրը կարծրացուց Փարաւոնին սիրտը, ուստի անոնց մտիկ չըրաւ, ինչպէս Տէրը Մովսէսին յայտներ էր։
13 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Առտուն կանուխ ելի՛ր, Փարաւոնին առջեւ կայնէ՛ ու անոր ըսէ՛. ‘Եբրայեցիներուն Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. «Արձակէ իմ ժողովուրդս, որպէս զի զիս պաշտեն.
14 Քանզի այս անգամ իմ բոլոր հարուածներս պիտի ղրկեմ քու վրադ եւ քու ծառաներուդ ու քու ժողովուրդիդ վրայ, որպէս զի գիտնաս թէ բոլոր երկրի մէջ ինծի պէս մէկը չկայ։
15 Քանզի հիմա իմ ձեռքս պիտի երկնցնեմ՝ որպէս զի քեզ ու քու ժողովուրդդ ժանտախտով զարնեմ ու երկրէն պիտի կորսուիս։
16 Ասոր համար քեզ վերցուցի, որ իմ զօրութիւնս քեզմով ցուցնեմ ու բոլոր երկրի մէջ իմ անունս պատմուի։
17 Դուն տակաւին իմ ժողովուրդիս դէմ կենալով՝ պիտի չարձակե՞ս զանոնք։
18 Ահա վաղը այս ատեն խիստ սաստիկ կարկուտ պիտի տեղամ, որ անոր պէս Եգիպտոսի մէջ եղած չէ՝ անոր հաստատուած օրէն մինչեւ հիմա։
19 Հիմա մարդ ղրկէ՛ ու հաւաքէ քու հօտերդ ու ինչ որ ունիս դաշտին մէջ. քանզի ամէն մարդ ու անասուն որ դաշտին մէջ գտնուի ու տուները հաւաքուած չըլլան, անոնց վրայ կարկուտ պիտի իջնէ ու պիտի մեռնին»’»։
20 Փարաւոնին ծառաներէն ան որ Տէրոջը խօսքէն կը վախնար, իր ծառաները ու հօտերը տուներու մէջ հաւաքեց։
21 Ով որ Տէրոջը խօսքին ուշադրութիւն չըրաւ, իր ծառաները ու իր հօտերը դաշտին մէջ թողուց։
22 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Քու ձեռքդ դէպի երկինք երկնցուր ու Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ մարդոց ու անասուններուն վրայ եւ Եգիպտոսի երկրին մէջ եղած արտերուն բոլոր խոտին վրայ կարկուտ պիտի գայ»։
23 Մովսէս իր գաւազանը դէպի երկինք երկնցուց ու Տէրը որոտում եւ կարկուտ ղրկեց ու երկրին վրայ կարկուտ տեղացուց։
24 Եւ կարկուտ ու կարկուտին հետ՝ խառն կրակ եկաւ։ Այնպէս սաստիկ էր, որ Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ ազգ ըլլալէն ի վեր անոր պէս եղած չէր։
25 Կարկուտը Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ, դաշտը եղածին ամէնը, մարդէ մինչեւ անասուն զարկաւ ու դաշտին բոլոր ծառերը կոտրեց։
26 Միայն Գեսեմի երկրին մէջ, ուր Իսրայէլի որդիները կը բնակէին, կարկուտ չտեղաց։
27 Փարաւոն մարդ ղրկեց ու կանչեց Մովսէսն ու Ահարոնը եւ ըսաւ անոնց. «Այս անգամ մեղանչեցի. Եհովան արդար է եւ ես ու իմ ժողովուրդս յանցաւոր ենք։
28 Աղաչեցէ՛ք Տէրոջը, որ Աստուծոյ որոտումներն ու կարկուտը դադրին ու ձեզ պիտի արձակեմ եւ ա՛լ պիտի չկենաք»։
29 Մովսէս ըսաւ անոր. «Քաղաքէն դուրս ելածիս պէս՝ իմ ձեռքերս Տէրոջը պիտի երկնցնեմ ու որոտումները պիտի դադրին եւ ա՛լ կարկուտ պիտի չըլլայ, որպէս զի գիտնաս թէ երկիրը Տէրոջն է։
30 Բայց ես գիտեմ թէ դուն ու քու ծառաներդ տակաւին Տէր Աստուծմէ չէք վախնար»։
31 Քթանը ու գարին զարնուեցան. վասն զի գարին հասած էր ու քթանը հասկ կապած։
32 Բայց ցորենը ու հաճարը չզարնուեցան, վասն զի ուշ կը բուսնին։
33 Եւ Մովսէս Փարաւոնին քովէն քաղաքէն դուրս ելաւ ու ձեռքերը Տէրոջը երկնցուց։ Որոտումներն ու կարկուտը դադարեցան ու երկրին վրայ անձրեւ չտեղաց։
34 Փարաւոն երբ անձրեւին ու կարկուտին եւ որոտումին դադարիլը տեսաւ, նորէն մեղանչեց ու սիրտը խստացուց, նոյնպէս եւ իր ծառաները։
35 Եւ այսպէս՝ Փարաւոնին սիրտը կարծրացաւ ու Իսրայէլի որդիները չարձակեց, ինչպէս Տէրը Մովսէսին իմացուցեր էր։