ԵԼԻՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40


Գլուխ 6

Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Փարաւոնին ընելիքս հիմա պիտի տեսնես. որ հզօր ձեռքով պիտի թողու զանոնք ու հզօր ձեռքով պիտի վռնտէ զանոնք իր երկրէն»։
2 Եւ Աստուած շարունակեց ու ըսաւ Մովսէսին. «Ես եմ Եհովան
3 Որ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին Ամենակարող Աստուծոյ անունով երեւցայ. բայց իմ Եհովա անունովս անոնց չյատնուեցայ։
4 Նաեւ անոնց հետ իմ ուխտս հաստատեցի, որ անոնց տամ Քանանի երկիրը, անոնց օտարութեան երկիրը, ուր պանդխտացան։
5 Լսեցի Իսրայէլի որդիներուն հառաչանքը, որոնք Եգիպտացիները ծառայեցուցին ու իմ ուխտս յիշեցի։
6 Անոր համար Իսրայէլի որդիներուն ըսէ. ‘Ես եմ Եհովա’, ես ձեզ Եգիպտացիներու ծանր գործերուն տակէն պիտի հանեմ ու ձեզ անոնց ծառայութենէն պիտի ազատեմ եւ ձեզ երկնցած բազուկով ու մեծ դատաստաններով պիտի փրկեմ
7 Եւ ձեզ ինծի ժողովուրդ պիտի ընեմ ու ձեզի Աստուած պիտի ըլլամ եւ պիտի գիտնաք թէ ձեզ Եգիպտացիներու ծանր գործերուն տակէն հանող Տէրը, ձեր Աստուածը, ես եմ։
8 Ձեզ այն երկիրը պիտի տանիմ, որ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին տալու երդում ըրի՝ ՝ ու զայն ձեզի ժառանգութիւն ըլլալու պիտի տամ։ Ես եմ Տէրը»։
9 Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն այսպէս ըսաւ. բայց անոնք՝ հոգիի նեղութենէն ու գործին ծանրութենէն մտիկ չըրին Մովսէսին։
10 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
11 «Մտի՛ր, խօսէ՛ Եգիպտոսի թագաւորին, որ Իսրայէլի որդիները իր երկրէն ազատէ»։
12 Մովսէս խօսեցաւ Տէրոջը առջեւ՝ ըսելով. «Ահա Իսրայէլի որդիները ինծի մտիկ չըրին, Փարաւո՞ն ինչպէս մտիկ պիտի ընէ։ Արդէն ես ծանրալեզու եմ»։
13 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին ու հրաման ըրաւ անոնց, որ Իսրայէլի որդիներուն ու Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին երթան, Իսրայէլի որդիները Եգիպտոսէն հանելու համար։
14 Անոնց հայրերուն տուներուն գլուխները ասոնք են. Իսրայէլի անդրանիկին Ռուբէնին որդիները՝ Ենովք, Փաղղուս, Եսրոն եւ Քամի։ Ասոնք են Ռուբէնին տոհմերը։
15 Շմաւոնին որդիները՝ Յամուէլ, Յամին, Ոհադ, Յաքին, Սահառ եւ Քանանացի կնոջ որդին Սաւուղ։ Ասոնք են Շմաւոնին տոհմերը։
16 Ղեւիին որդիներուն անունները իրենց ծնունդներուն համեմատ ասոնք են՝ Գերսոն, Կահաթ եւ Մերարի։ Ղեւիին կեանքին տարիները հարիւր երեսունըեօթը տարի եղան։
17 Գերսոնին որդիները իրենց տոհմերուն համեմատ Ղոբենի ու Սեմէի էին։
18 Կահաթին որդիները՝ Ամրամ, Իսահառ, Քեբրոն ու Ոզիէլ։ Կահաթին կեանքին տարիները հարիւր երեսունըերեք տարի եղան։
19 Մերարիին որդիները՝ Մոողի ու Մուսի։ Ղեւիին տոհմերը իրենց ծնունդներուն համեմատ ասոնք են։
20 Ամրամ իր հօրաքոյրը Յոքաբէդը իրեն կին առաւ, որ ծնաւ իրեն Ահարոնը ու Մովսէսը։ Ամրամին կեանքին տարիները հարիւր երեսունըեօթը տարի եղան։
21 Իսահառին որդիները՝ Կորխ, Նափեկ եւ Զեքրի։
22 Ոզիէլին որդիները՝ Միսայէլ, Եղիսափան եւ Սեթրի։
23 Ահարոն իրեն կին առաւ Ամինադաբին աղջիկը, Նաասոնին քոյրը Եղիսաբէթը եւ ծնաւ իրեն Նադաբը ու Աբիուդը, Եղիազարը ու Իթամարը։
24 Կորխին որդիները՝ Ասիր, Եղկանա եւ Աբիասափ. ասոնք են Կորխին տոհմերը։
25 Ահարոնի որդին Եղիազար Փուտիէլի աղջիկներէն իրեն կին առաւ եւ ծնաւ իրեն Փենէհէսը։ Ասոնք են Ղեւտացիներու հայրերուն գլուխները իրենց տոհմերուն համեմատ։
26 Ասոնք են Ահարոնը ու Մովսէսը՝ որոնց ըսաւ Տէրը. «Իսրայէլի որդիները իրենց զօրքերովը Եգիպտոսի երկրէն հանեցէք»։
27 Իսրայէլի որդիները Եգիպտոսէն հանելու համար Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին խօսողները ասոնք են. այս Մովսէսը ու Ահարոնը։
28 Այն օրը Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ Եգիպտոսի երկրին մէջ։
29 Այն ատեն Տէրը Մովսէսին խօսեցաւ՝ ըսելով. «Ես եմ Եհովան. ամէն ինչ որ քեզի կ’ըսեմ, Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին ըսէ»։
30 Մովսէս Տէրոջը առջեւ ըսաւ. «Ահա ես ծանրալեզու եմ ու Փարաւոնը ի՞նչպէս մտիկ պիտի ընէ ինծի»։