ԵԼԻՑ
Գլուխ 30
«Խունկ ծխելու սեղան մը շինէ՛ Սատիմի փայտէ շինէ՛ զանիկա։
2 Անոր երկայնութիւնը կանգուն մը ու անոր լայնութիւնը կանգուն մը, քառակուսի պիտի ըլլայ եւ անոր բարձրութիւնը երկու կանգուն։
3 Իր եղջիւրները իրմէ թող ըլլան։ Անոր գլուխը ու անոր քովերը շրջանակաձեւ եւ անոր եղջիւրները զուտ ոսկիով պատէ՛ ու շրջանակաձեւ ոսկի պսակ մը շինէ՛ անոր։
4 Եւ երկու ոսկի օղակներ շինէ՛ անոր. պսակին տակէն՝ անոր երկու քովերը երկու կողմերէն շինէ՛, որպէս զի անոնք վերցուելու համար ձողերուն անցընելու տեղերը ըլլան։
5 Ձողերը Սատիմի փայտէ շինէ՛ ու զանոնք ոսկիով պատէ՛։
6 Եւ զանիկա դի՛ր վկայութեանը վրայի քաւութեան առջեւ՝ վկայութեան տապանակին քով եղած վարագոյրին առջեւ, ուր ես քեզի պիտի հանդիպիմ։
7 Ահարոն անոր վրայ անուշահոտ խունկ պիտի ծխէ։ Ամէն առտու ճրագները շտկած ատենը խունկ պիտի ծխէ։
8 Ահարոն իրիկուան դէմ ճրագները վառած ատենը խունկ պիտի ծխէ, որ Տէրոջը առջեւ մշտնջենական խունկ ըլլայ ձեր ազգերուն մէջ։
9 Անոր վրայ օտար խունկ, կամ ողջակէզ, կամ հացի ընծայ չմատուցանէք. ո՛չ ալ անոր վրայ նուէր թափէք։
10 Ահարոն տարին անգամ մը անոր եղջիւրներուն վրայ քաւութիւն պիտի ընէ. անիկա քաւութիւններուն մեղքին պատարագին արիւնովը անոր վրայ քաւութիւն պիտի ընէ տարին անգամ մը ձեր ազգերուն մէջ։ Ասիկա ամենասուրբ է Տէրոջը»։
11 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ըսելով.
12 «Երբ Իսրայէլի որդիներուն հաշիւը առնելու ըլլաս՝ իրենց թիւին նայելով, այն ատեն անոնց ամէն մէկը իր հոգիին փրկանքը պիտի տայ Տէրոջը՝ զանոնք համրած ատենդ, որպէս զի անոնց մէջ հարուած չըլլայ երբ զանոնք համրես։
13 Անոնք ատիկա պիտի տան. ամէն մէկը որ կ’անցնի եւ կը համրուի, սրբարանին սիկղին համեմատ կէս սիկղ արծաթ պիտի տայ։ Մէկ սիկղը քսան կերատ է։ Տէրոջը ընծան կէս սիկղ պիտի ըլլայ։
14 Ամէն քսան տարեկանէն վեր եղողը որ կ’անցնի եւ կը համրուի, այս ընծան Տէրոջը պիտի տայ։
15 Երբ ձեր հոգիներուն քաւութիւն ընելու համար Տէրոջը ընծայ տաք՝ կէս սիկղէն ո՛չ հարուստը աւելի ու ո՛չ աղքատը պակաս պիտի տայ։
16 Իսրայէլի որդիներէն քաւութեան արծաթը ա՛ռ ու վկայութեան խորանին պաշտօնեային տա՛ր, որպէս զի Տէրոջը առջեւ յիշատակ ըլլայ Իսրայէլի որդիներուն՝ ձեր հոգիներուն քաւութիւն ընելու համար»։
17 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
18 «Նաեւ պղնձէ աւազան մը շինէ՛ լուացման համար ու անոր խարիսխն ալ պղնձէ ըլլայ եւ վկայութեան խորանին ու սեղանին մէջտեղ դիր զայն։ Անոր մէջ ջուր լեցո՛ւր։
19 Ահարոնն ու իր որդիները իրենց ձեռքերը ու ոտքերը թող լուան անով։
20 Երբ անոնք վկայութեան խորանը մտնելու ըլլան, կամ երբ սեղանին մօտենալու ըլլան՝ պաշտամունք կատարելու եւ կրակով Տէրոջը զոհ մատուցանելու համար, ջրով թող լուացուին, որպէս զի չմեռնին.
21 Այսպէս իրենց ձեռքերը ու ոտքերը լուան, որպէս զի չմեռնին։ Ասիկա իրենց յաւիտենական կանոն պիտի ըլլայ, թէ՛ իրեն եւ թէ՛ իր սերունդին՝ իրենց ազգերուն մէջ»։
22 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
23 «Ա՛ռ քեզի պատուական համեմներ, զուտ զմուռս հինգ հարիւր սիկղ եւ անոր կէսին չափ՝ այսինքն երկու հարիւր յիսուն սիկղ անուշահոտ կինամոն ու երկու հարիւր յիսուն սիկղ անուշահոտ խնկեղէգն
24 Եւ հինգ հարիւր սիկղ կասիա՝ սրբարանին սիկղին համեմատ ու մէկ հիմէն ձէթ
25 Եւ սուրբ օծման իւղ պիտի ընես զայն՝ իւղագործի արհեստով բաղադրուած։ Անիկա սուրբ օծման իւղ պիտի ըլլայ։
26 Անով պիտի օծես վկայութեան խորանը ու վկայութեան տապանակը
27 Եւ սեղանը ու անոր բոլոր անօթները եւ աշտանակը ու անոր գործիքները եւ խունկին սեղանը։
28 Ողջակէզին սեղանը իր բոլոր գործիքներով եւ աւազանը ու անոր խարիսխը։
29 Պիտի սրբես զանոնք, որպէս զի ամենասուրբ ըլլան։ Ինչ որ անոնց դպչի՝ սուրբ պիտի ըլլայ։
30 Ահարոնն ու իր որդիները պիտի օծես ու սուրբ պիտի ընես զանոնք, որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընեն։
31 Իսրայէլի որդիներուն ըսէ. Ասիկա ինծի օծման սուրբ իւղ պիտի ըլլայ ձեր ազգերուն մէջ։
32 Մարդու մարմնի վրայ պիտի չթափուի ան եւ անոր բաղադրութեանը պէս անոր նմանը չշինէք։ Ասիկա սուրբ է ու ձեզի սուրբ պիտի ըլլայ։
33 Ով որ անոր նմանը շինէ, կամ ով որ անկէ օտարականի վրայ դնէ, իր ժողովուրդէն պիտի կորսուի»։
34 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ա՛ռ քեզի անուշահոտ համեմներ՝ այսինքն ստաշխն ու եղունգն եւ քաղբան։ Այս անուշահոտ համեմները մաքուր կնդրուկով, բոլորը հաւասար ծանրութեամբ թող ըլլան։
35 Եւ զանոնք իւղագործի արհեստով իրարու խառնուած՝ ՝ բաղադրութեամբ մը՝ խունկ շինէ մաքուր ու սուրբ։
36 Անկէ քիչ մը ծեծէ՛ շատ բարակ ու վկայութեան խորանին մէջ վկայութեան առջեւ դի՛ր, ուր ես քեզի պիտի հանդիպիմ։ Անիկա ձեզի ամենասուրբ պիտի ըլլայ։
37 Այն քու շինելու խունկիդ բաղադրութիւնը ձեզի համար չշինէք։ Անիկա քեզի սուրբ պիտի ըլլայ Տէրոջը համար։
38 Ով որ հոտոտելու համար անոր նմանը շինելու ըլլայ, իր ժողովուրդէն պիտի կորսուի»։