ԵԼԻՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40


Գլուխ 35

Մովսէս հաւաքեց բոլոր Իսրայէլի որդիները ու ըսաւ անոնց. «Ասոնք են այն բաները, որոնք Տէրը պատուիրեց, որ ընէք։
2 Վեց օր գործ պիտի գործուի, բայց եօթներորդ օրը սուրբ պիտի ըլլայ ձեզի, այսինքն հանգստութեան շաբաթ Տէրոջը։ Այն օրը գործ գործողը պիտի մեռցուի։
3 Շաբաթ օրը ձեր բոլոր բնակարաններուն մէջ կրակ պիտի չվառէք»։
4 Մովսէս խօսեցաւ բոլոր Իսրայէլի որդիներուն՝ ըսելով.
5 «Տէրոջը պատուիրած բանը այս է. ‘Ձեր մէջէն ընծայ առէ՛ք Տէրոջը։ Ով որ սրտով կը յօժարի, թող անիկա Տէրոջը ընծայ բերէ, ոսկի ու արծաթ եւ պղինձ
6 Ու կապուտակ եւ ծիրանեգոյն եւ կրկնակի կարմիր եւ բարակ քթան ու այծի մազ
7 Եւ կարմիր ներկուած խոյի մորթեր ու թէհաշի մորթեր եւ Սատիմի փայտեր
8 Ու լոյսի համար իւղ եւ օծման իւղի ու անուշահոտ խունկի համար համեմներ
9 Եւ եղնգնաքարեր ու եփուտին համար եւ լանջապանակին համար գամուելու քարեր»։
10 «Ձեր մէջ ամէն սրտով իմաստուն եղողները թող գան ու Տէրոջը բոլոր պատուիրած բաները շինեն՝
11 Խորանը, անոր վրանը ու անոր ծածկոցը, անոր ճարմանդները ու անոր տախտակները, անոր նիգերը, անոր սիւները եւ անոր խարիսխները,
12 Տապանակն ու ձողերը, քաւութիւնն ու ծածկող վարագոյրը,
13 Սեղանն ու անոր ձողերն ու բոլոր անօթները, առաջաւորութեան հացը
14 Եւ լոյսի աշտանակն ու անոր գործիքները եւ անոր ճրագներն ու լոյսի իւղը
15 Եւ խունկին սեղանն ու անոր ձողերը ու օծման իւղը եւ անուշահոտ խունկը ու խորանին դրան վարագոյրը,
16 Ողջակէզին սեղանն ու անոր պղնձէ ցանցակերպ կասկարան, անոր ձողերն ու բոլոր գործիքները, աւազանն ու անոր խարիսխը,
17 Սրահին վարագոյրները, անոր սիւներն ու խարիսխները եւ սրահին դրան վարագոյրը,
18 Խորանին ցիցերն ու սրահին ցիցերն ու անոնց չուանները,
19 Պաշտամունքին զգեստները՝ սրբարանին մէջ պաշտամունք ընելու համար եւ Ահարոն քահանային սուրբ զգեստներն ու անոր որդիներուն զգեստները, որպէս զի քահանայութիւն ընեն»։
20 Եւ Իսրայէլի բոլոր որդիները Մովսէսին առջեւէն անցան։
21 Յօժարասիրտ եղողներն ու բոլոր հոգիով կամեցողները եկան ու վկայութեան խորանին գործին համար եւ անոր բոլոր պաշտամունքին համար ու սուրբ զգեստներուն համար Տէրոջը ընծայ բերին։
22 Եկան այրեր ու կիներ, որչափ որ սրտով կամեցող կային ու ճարմանդներ եւ օղեր ու մատանիներ եւ մանեակներ, ամէն տեսակ ոսկի զարդեր բերին։ Ամէն ընծայ բերող ոսկի ընծայ բերաւ Տէրոջը։
23 Անոնք, որոնց քով կը գտնուէր կապուտակ ու ծիրանեգոյն եւ կրկնակի կարմիր եւ բարակ քթան եւ այծի մազ ու կարմիր ներկուած խոյի մորթեր եւ թէհաշի մորթեր՝ բերին։
24 Ով որ կրնար արծաթ ու պղինձ ընծայ տալ՝ Տէրոջը ընծայ բերաւ։ Որու քով որ պաշտամունքին պիտանի Սատիմի փայտեր կը գտնուէին՝ բերաւ։
25 Ամէն սրտով իմաստուն եղող կիները իրենց ձեռքերովը մանեցին ու իրենց մանած կապուտակը, ծիրանեգոյնը, կրկնակի կարմիրն ու բարակ քթանը բերին։
26 Եւ բոլոր սրտով փափաքող եւ մանելու կարողութիւն ունեցող կիները այծի մազ մանեցին։
27 Իշխանները եղնգնաքարեր ու եփուտին եւ լանջապանակին համար գամուելու քարեր բերին,
28 Նաեւ լոյսի ու օծման իւղի եւ անուշահոտ խունկի համար՝ համեմներ ու իւղ բերին։
29 Իսրայէլի որդիները յօժարակամ ընծայ բերին Տէրոջը։ Ամէն մարդ ու կին, որոնք յօժարութիւն ունէին բերելու, ոեւէ գործի համար, որ Տէրը Մովսէսին միջոցով պատուիրած էր, բերին։
30 Մովսէս ըսաւ Իսրայէլին որդիներուն. «Ահա Տէրը Յուդայի ցեղէն Ովրի որդիին Ուրիի որդին Բեսելիէլը կանչեց։
31 Աստուծոյ Հոգիովը՝ իմաստութիւնով, հանճարով եւ գիտութիւնով ու ամէն կերպ ճարտարութիւնով լեցուց զանիկա,
32 Որպէս զի արուեստական գործեր հնարելով՝ ոսկիի ու արծաթի եւ պղնձի վրայ բանի
33 Եւ գամելու համար քարեր բանելով ու փայտեր քանդակելով՝ ամէն կերպ արուեստի գործ ընէ։
34 Եւ անոր սրտին մէջ սորվեցնելու կարողութիւնը դրաւ։ Անորն ալ ու Դանի ցեղէն Աքիսամայի որդիին Ոողիաբին ալ։
35 Սրտի իմաստութիւնով լեցուց զանոնք, որպէս զի ամէն տեսակ գործեր եւ հնարքներ, քանդակագործի ու արուեստի գործեր, նաեւ կապուտակի ու ծիրանեգոյնի եւ կրկնակի կարմիրի եւ բարակ քթանի վրայ նկարագործողի եւ ոստայնանկի գործը ընեն։