ԵԼԻՑ
Գլուխ 37
Եւ Բեսելիէլ Սատիմի փայտէ շինեց տապանակը. անոր երկայնութիւնը երկուք ու կէս կանգուն ու անոր լայնութիւնը մէկ ու կէս կանգուն եւ անոր բարձրութիւնը մէկ ու կէս կանգուն էր։
2 Ներսէն ու դուրսէն զատ ոսկիով պատեց զանիկա եւ անոր բոլորտիքը ոսկի շրջանակ մը շինեց։
3 Եւ անոր չորս անկիւններուն համար չորս ոսկի օղակներ ձուլեց, այսինքն անոր մէկ կողմէն երկու օղակ՝ միւս կողմէն երկու օղակ։
4 Սատիմի փայտէ ձողեր շինեց ու զանոնք ոսկիով պատեց։
5 Եւ ձողերը տապանակին քովերը եղած օղակներուն անցուց, որպէս զի անոնցմով տապանակը վերցուի։
6 Եւ քաւութիւնը զուտ ոսկիէ շինեց. անոր երկայնութիւնը երկուք ու կէս կանգուն ու լայնութիւնը մէկ ու կէս կանգուն էր։
7 Երկու ոսկիէ քերովբէներ շինեց։ Զանոնք կռածոյ շինեց քաւութեան երկու ծայրերը։
8 Մէկ քերովբէն մէկ քովի ծայրը ու միւս քերովբէն միւս քովի ծայրը։ Քաւութեան երկու քերովբէները երկու ծայրերը շինեց։
9 Քերովբէները իրենց թեւերը վերէն տարածելով՝ իրենց թեւերովը քաւութիւնը կը ծածկէին։ Անոնց երեսները իրարու կը նայէին։ Քերովբէներուն երեսները քաւութեան վրայ էին։
10 Սեղանը Սատիմի փայտէ շինեց։ Անոր երկայնութիւնը՝ երկու կանգուն ու լայնութիւնը՝ մէկ կանգուն եւ բարձրութիւնը մէկ ու կէս կանգուն էր։
11 Զուտ ոսկիով պատեց զայն ու անոր բոլորտիքը ոսկի շրջանակ մը շինեց։
12 Անոր բոլորտիքն ալ չորս մատնաչափ սպառուած մը ու սպառուածին բոլորտիքը ոսկի շրջանակ մը շինեց։
13 Չորս ոսկի օղակ ձուլեց անոր համար ու օղակները անոր չորս ոտքերուն քով չորս անկիւնները դրաւ։
14 Օղակները սպառուածին քով՝ սեղանը վերցնելու համար ձողերուն տեղերն էին։
15 Սեղանը վերցնելու համար ձողերը Սատիմի փայտէ շինեց ու զանոնք ոսկիով պատեց։
16 Սեղանին վրայ եղած անօթները, անոր սկուտեղներն ու խնկամանները եւ նուէր մատուցանելու գաւաթներն ու բաժակները զուտ ոսկիէ շինեց։
17 Աշտանակը զուտ ոսկիէ շինեց։ Կռածոյ շինեց աշտանակը։ Անոր բունը ու ճիւղերը, անոր սկահակները, գնդակներն ու ծաղիկները իրմէ էին։
18 Անոր կողմերէն վեց ճիւղեր կ’ելլէին։ Աշտանակին մէկ կողմէն երեք ճիւղ ու աշտանակին միւս կողմէն՝ երեք ճիւղ։
19 Մէկ ճիւղին վրայ նշաձեւ երեք սկահակ՝ գնդակով ու ծաղիկով։ Աշտանակէն ելած վեց ճիւղերը այսպէս էին։
20 Աշտանակին վրայ գնդակներով ու ծաղիկներով չորս նշաձեւ սկահակներ կային։
21 Անկէ ելած վեց ճիւղերուն նայելով՝ երկու ճիւղին տակ իրմէ գնդակ մը ու երկու ճիւղին տակ իրմէ գնդակ մը կային։
22 Անոնց գնդակներն ու ճիւղերը իրմէ էին։ Բոլորը միասին զուտ ոսկիէ կռածոյ էին։
23 Անոր եօթը ճրագները եւ ունելիները ու անոր բազմակալները զուտ ոսկիէ շինեց։
24 Զանիկա իր բոլոր գործիքներովը մէկ տաղանդ զուտ ոսկիէ շինեց։
25 Խունկի սեղանը Սատիմի փայտէ շինեց։ Անոր երկայնութիւնը՝ կանգուն մը ու լայնութիւնը՝ կանգուն մը, քառակուսի ըլլալով։ Անոր բարձրութիւնը երկու կանգուն էր. անոր եղջիւրները իրմէ էին։
26 Անոր վրայ ու շրջանակին կողմերը եւ անոր եղջիւրները զուտ ոսկիով պատեց։ Բոլորտիքը ոսկի շրջանակ մը շինեց։
27 Անոր համար անոր շրջանակին տակէն՝ անոր երկու կողմերը երկու ոսկի օղակներ շինեց ձողերուն համար, որպէս զի անոնցմով վերցուին։
28 Ձողերը Սատիմի փայտէ շինեց ու զանոնք ոսկիով պատեց։ ՕԾՄԱՆ ԻՒՂԻՆ ԵՒ ԽՈՒՆԿԻՆ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ
29 Սուրբ օծման իւղը ու մաքուր անուշահոտ խունկը շինեց իւղագործի վարպետութեամբ։