ԵԼԻՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40



Գլուխ 2

Ղեւիի տունէն մէկը գնաց ու Ղեւիի մէկ աղջիկը կին առաւ։
2 Կինը յղացաւ ու որդի մը ծնաւ։ Անոր գեղեցիկ ըլլալը տեսնելով՝ երեք ամիս պահեց զանիկա։
3 Երբ ա՛լ չէր կրնար պահել զանիկա, պրտուեղէն տապանակ մը առաւ անոր համար եւ կուպրով ու ձիւթով ծեփեց եւ տղան մէջը դրաւ ու գետին եզերքը եղած շամբին մէջ ձգեց։
4 Տղուն քոյրը հեռուն կայնեցաւ, որպէս զի տեսնէ թէ ի՞նչ պիտի պատահի անոր։
5 Երբ Փարաւոնին աղջիկը գետը իջաւ լուացուելու՝ անոր աղախինները գետին եզերքը կը պտըտէին։ Երբ շամբին մէջտեղը տապանակը տեսաւ, իր աղախինը ղրկեց, որ բերաւ զանիկա։
6 Երբ բացաւ՝ տղան տեսաւ։ Տղան կու լար։ Խղճաց անոր վրայ ու ըսաւ. «Ասիկա Եբրայեցիներու տղաքներէն է»։
7 Այն ատեն տղուն քոյրը ըսաւ Փարաւոնին աղջկան. «Երթամ ու քեզի Եբրայեցիներէն ծիծ տուող կին մը կանչե՞մ, որ տղան սնուցանէ քեզի համար»։
8 Փարաւոնին աղջիկը ըսաւ անոր. «Գնա՛»։ Աղջիկը գնաց ու իր մայրը կանչեց։
9 Փարաւոնին աղջիկը ըսաւ կնոջ. «Ա՛ռ այս տղան՝ սնուցանէ ինծի համար. ես քու վարձքդ կու տամ»։ Կինը առաւ տղան ու սնուցանեց զանիկա։
10 Երբ տղան մեծցաւ, Փարաւոնին աղջիկը բերաւ զանիկա, որը իրեն որդի ըրաւ եւ անոր անունը Մովսէս դրաւ ու ըսաւ. «Քանզի ջուրէն հանեցի զանիկա»։
11 Երբ Մովսէս մեծցաւ, իր եղբայրներուն գնաց ու անոնց ծանր գործերուն նայեցաւ։ Օր մը տեսաւ Եգիպտացի մը, որ իր Եբրայեցի եղբայրներէն մէկը կը ծեծէր։
12 Անդին ասդին նայելով տեսաւ որ մէ՛կը չկայ, մեռցուց Եգիպտացին ու աւազին մէջ թաղեց զանիկա։
13 Հետեւեալ օրը գնաց եւ ահա երկու Եբրայեցի մարդիկ կը կռուէին իրարու հետ։ Ըսաւ անոր, որ իրաւունք չունէր. «Ինչո՞ւ քու ընկերիդ կը զարնես»։
14 Անիկա ըսաւ. «Ո՞վ քեզ մեր վրայ իշխան ու դատաւոր դրաւ. զի՞ս ալ մեռցելու միտք ունիս, ինչպէս Եգիպտացին մեռցուցիր»։ Մովսէս վախցաւ ու ըսաւ. «Անշուշտ այս բանը իմացուած է»։
15 Երբ Փարաւոն լսեց այս բանը, Մովսէսը մեռցել ուզեց, բայց Մովսէս Փարաւոնին երեսէն փախաւ ու Մադիամի երկիրը գնաց եւ հորի մը քով նստաւ։
16 Մադիամի քուրմը եօթը աղջիկ ունէր։ Անոնք եկան եւ ջուր քաշեցին ու իրենց հօրը հօտին խմցնելու համար աւազանները լեցուցին։
17 Հովիւներ եկան ու վռնտեցին զանոնք. Մովսէս ելաւ ու օգնեց աղջիկներուն եւ անոնց հօտին ջուր խմցուց։
18 Երբ աղջիկները իրենց հօրը Ռագուէլին գացին, հայրը ըսաւ. «Ի՞նչ պատճառով այսօր շուտ եկաք»։
19 Անոնք ըսին. «Եգիպտացի մը մեզ հովիւներուն ձեռքէն ազատեց ու մեզի ալ շատ ջուր քաշեց ու հօտին խմցուց»։
20 Ան ալ ըսաւ իր աղջիկներուն. «Ո՞ւր է անիկա. ինչո՞ւ այն մարդը այդպէս թողուցիք. կանչեցէ՛ք զանիկա, որպէս զի հաց ուտէ»։
21 Մովսէս հաճեցաւ այն մարդուն հետ բնակիլ ու անիկա իր Սեպփօրա աղջիկը Մովսէսին կնութեան տուաւ։
22 Եւ կինը որդի մը ծնաւ եւ անիկա անոր անունը Գերսամ դրաւ. քանզի ըսաւ. «Պանդուխտ եղայ օտար երկրին մէջ»։
23 Շատ օրեր ետքը Եգիպտոսի թագաւորը մեռաւ։ Իսրայէլի որդիները ծառայութեան պատճառով հառաչեցին ու աղաղակեցին։ Ծառայութեան համար անոնք աղաղակեցին Աստուծոյ։
24 Աստուած անոնց հեծեծանքը լսեց ու Աստուած յիշեց իր ուխտը՝ որ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին հետ ըրեր էր։
25 Աստուած նայեցաւ Իսրայէլի որդիներուն վրայ, գիտցաւ անոնց վիճակը։