ԵԼԻՑ
Գլուխ 12
Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին Եգիպտոսի մէջ՝ ըսելով.
2 «Այս ամիսը ձեզի ամիսներուն սկիզբն ըլլայ։ Ձեզի տարուան ամիսներուն առաջինն ըլլայ։
3 Իսրայէլի ժողովուրդին ըսէք. ‘Այս ամսուան տասին ամէն մէկը իրեն գառնուկ մը թող առնէ իրենց հայրերուն տանը համեմատ, այսինքն տուն գլուխ մէկ գառնուկ։
4 Եթէ մէկ տունը մէկ գառնուկի համար քիչ գայ, այն մարդը իր տանը դրացիին հետ հոգիներուն համրանքին համեմատ առնէ. գառնուկին վրայով ամէն մէկուն իր կերածին չափ հաշիւ ըրէք։
5 Ձեր գառնուկը անարատ, արու, մէկ տարեկան ըլլայ։ Ոչխարներէն կամ այծերէն առնէք զայն։
6 Մինչեւ այս ամսուան տասնըչորրորդ օրը պահէք զայն, ապա Իսրայէլի ժողովին բոլոր ժողովուրդը մորթեն զանիկա իրիկուան դէմ՝ ՝։
7 Անոր արիւնէն առնեն ու տուներուն երկու կողմի դրանդիքներուն ու վերի սեմին վրայ քսեն, ուր զանիկա պիտի ուտեն։
8 Միսը նոյն գիշերը ուտեն։ Զանիկա կրակի վրայ խորոված՝ բաղարջով ու լեղի խոտերով թող ուտեն։
9 Անկէ՝ հում կամ ջուրի մէջ եփած չուտէք, բայց կրակի վրայ խորոված, անոր գլուխը ոտքերովը ու փորոտիքովը ուտէք։
10 Անկէ բան մը չթողուք մինչեւ առտու։ Ինչ որ առտուն մնայ, կրակով այրեցէք։
11 Այսպէս պիտի ուտէք զայն. ձեր գօտիները մէջքերնիդ ու ձեր կօշիկները ոտքերնիդ եւ ձեր ցուպերը ձեռքերնիդ ըլլալով՝ զանիկա արտորնօք ուտէք։
12 Տէրոջը զատիկն է այն։ Այն գիշերը Եգիպտոսի երկրէն պիտի անցնիմ ու Եգիպտոսի երկրին մէջ բոլոր անդրանիկները, մարդ կամ անասուն, պիտի զարնեմ։ Եգիպտոսի բոլոր աստուածներուն վրայ դատաստան պիտի կատարեմ։ Ես եմ Տէրը։
13 Արիւնը ձեր տուներուն վրայ նշանի համար ըլլայ, որպէս զի երբ արիւնը տեսնեմ, ձեր վրայէն անցնիմ եւ հարուածը ձեր վրայ չգայ ձեզ կորսնցնելու, երբ Եգիպտոսի երկիրը զարնեմ։
14 Այն օրը ձեզի յիշատակի համար ըլլայ եւ զանիկա Տէրոջը տօն պահէք. ձեր սերունդին մէջ յաւիտենական կանոնով մը տօն պահէք զայն։
15 Եօթը օր բաղարջ պիտի ուտէք. առաջին օրը պէտք է ձեր տուներէն դուրս ձգէք խմորը, վասն զի առաջին օրէն մինչեւ եօթներորդ օրը ով որ խմորեալ հաց ուտէ, այն անձը Իսրայէլէն պիտի կորսուի։
16 Առաջին օրը սուրբ ժողով մը ըլլայ, եօթներորդ օրն ալ ձեզի սուրբ ժողով մը ըլլայ։ Այն օրերը պէտք չէ ոեւէ գործ գործէք, միայն ամէն մէկը իր ուտելիքը կրնայ պատրաստել։
17 Բաղարջներու տօնը պահեցէ՛ք, քանզի նոյն օրը ձեր զօրքերը Եգիպտոսի երկրէն պիտի հանեմ, ուստի ձեր սերունդին մէջ յաւիտենական կանոնով մը այն օրը պահեցէք։
18 Առաջին ամսուան տասնըչորրորդ օրուան իրիկունէն մինչեւ ամսուան քսանըմէկերորդ օրուան իրիկունը բաղարջ պիտի ուտէք։
19 Եօթը օր տուներնիդ խմոր պիտի չգտնուի. քանզի ով որ խմորեալ հաց ուտէ, այն անձը Իսրայէլէն պիտի կորսուի, օտարական ըլլայ թէ բնիկ։
20 Խմորեալ բան մը պիտի չուտէք։ Ձեր բոլոր բնակութիւններուն մէջ բաղարջ պիտի ուտէք’»։
21 Մովսէս կանչեց Իսրայէլին բոլոր ծերերը ու ըսաւ անոնց. «Ձեր ընտանիքներուն համեմատ ընտրեցէ՛ք, առէ՛ք ձեզի մէկմէկ գառ ու զատկին համար մորթեցէ՛ք։
22 Զոպայի փունջ մը առէք ու կոնքին մէջ եղած արիւնը թաթխեցէ՛ք եւ դրանը վրայի սեմին ու երկու քովի դրանդիքներուն վրայ՝ կոնքին մէջ եղած արիւնէն քսեցէք։ Մինչեւ առտու ձեզմէ մէ՛կը իր տանը դռնէն դուրս թող չելլէ.
23 Քանզի Տէրը պիտի անցնի Եգիպտացիները զարնելու համար։ Եթէ դրանը վրայի սեմին ու երկու կողմէ դրանդիքներուն վրայ արիւն տեսնէ, Տէրը այն դրանը վրայէն պիտի անցնի եւ պիտի չթողու սատակիչը՝ որ ձեր տուները մտնէ ձեզ զարնելու համար։
24 Այս բանը ձեզի ու ձեր որդիներուն կանոն ըլլալու համար պահեցէք յաւիտեան։
25 Երբ այն երկիրը երթաք, որ Տէրը ձեզի պիտի տայ իր խոստումին համաձայն, այս տօնը պահեցէք
26 Եթէ ձեր որդիները ձեզի ըսեն թէ ‘Այս տօնով ի՞նչ կ’ուզէք’,
27 Ըսէք թէ ‘Ասիկա Տէրոջը զատկին զոհն է, քանզի Եգիպտոսի մէջ Իսրայէլի որդիներուն տուներուն վրայէն անցաւ, երբ Եգիպտացիները զարկաւ, մեր տուները ազատեց’։ Ժողովուրդը խոնարհեցաւ ու երկրպագութիւն ըրաւ»։
28 Իսրայէլի որդիները գացին ու Տէրոջը Մովսէսին ու Ահարոնին պատուիրածին պէս ըրին։
29 Կէս գիշերին Տէրը Եգիպտոսի երկրին մէջ ամէն անդրանիկ զարկաւ, իր աթոռը նստող Փարավոնին անդրանիկէն մինչեւ բանտին մէջ եղած գերիին անդրանիկը եւ ամէն անասունի անդրանիկը։
30 Գիշերը Փարաւոն ելաւ ու անոր բոլոր ծառաները եւ բոլոր Եգիպտացիները ու Եգիպտոսի մէջ մեծ աղաղակ մը բարձրացաւ. քանզի տուն չկար, ուր մեռեալ չըլլար։
31 Գիշերով կանչեց Մովսէսն ու Ահարոնը եւ ըսաւ. «Ելէ՛ք իմ ժողովուրդիս մէջէն՝ դո՛ւք ալ եւ Իսրայէլի որդիներն ալ ու գացէ՛ք պաշտեցէ՛ք Եհովան՛ ինչպէս ըսիք։
32 Նաեւ ձեր հօտերն ու ձեր արջառները առէ՛ք ու գացէ՛ք եւ զիս ալ օրհնեցէ՛ք»։
33 Եգիպտացիները բռնադատեցին ժողովուրդը, որ շուտով այն երկրէն դուրս ղրկեն զանոնք. քանզի ըսին. «Ամէնքս ալ կը մեռնինք»։
34 Ժողովուրդը իրենց խմորի տաշտերը իրենց լաթերովը փաթթած ուսերնուն վրայ վերցուցին։
35 Իսրայէլի որդիները Մովսէսին խօսքին պէս ըրին ու Եգիպտացիներէն արծաթեղէն զարդեր եւ ոսկեղէն զարդեր ու հանդերձներ խնդրեցին։
36 Տէրը ժողովուրդին շնորհք տուաւ Եգիպտացիներուն առջեւ, այնպէս որ Եգիպտացիները անոնց խնդրածը տուին։ Անոնք կողոպտեցին Եգիպտացիները։
37 Իսրայէլի որդիները Ռամսէսէն դէպի Սոկքովթ չուեցին։ Ընտանիքներէն զատ վեց հարիւր հազարի չափ հետեւակ այր մարդիկ էին։
38 Անոնց հետ խառն բազմութիւն ալ ելաւ։ Ոչխարները ու արջառները խիստ շատ էին։
39 Եգիպտոսէն իրենց հանած զանգուածէն անխմոր շօթեր եփեցին, վասն զի խմորեալ չէր. քանզի Եգիպտոսէն վռնտուեցան ու չէին կրնար տնտնալ։ Իրենց պաշար ալ չէին պատրաստած։
40 Եգիպտոսի մէջ Իսրայէլի որդիներուն բնակած ժամանակը չորս հարիւր երեսուն տարի էր։
41 Չորս հարիւր երեսուն տարիներուն վերջին օրը Տէրոջը բոլոր զօրքերը Եգիպտոսի երկրէն ելան։
42 Ասիկա Տէրոջը համար պահելու գիշեր մըն է, վասն զի զանոնք Եգիպտոսի երկրէն հանեց։ Այդ այն գիշերն է Տէրոջը համար Իսրայէլի բոլոր որդիներէն իրենց ազգերուն մէջ պահուելու։
43 Տէրը ըսաւ Մովսէսին ու Ահարոնին. «Այս է զատկին կանոնը։ Բնաւ օտարական մը անկէ պիտի չուտէ,
44 Բայց ամէն մարդու ստակով ծախու առած ծառան, թլփատուելէ ետք կրնայ ուտել։
45 Օտարականն ու վարձկանը անկէ պիտի չուտեն։
46 Մէկ տան մէջ պիտի ուտուի ան։ Տունէն դուրս պիտի չհանուի այդ միսը ու անոր ոեւէ ոսկորը պիտի չկոտրէք։
47 Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդը այս թող ընէ։
48 Եթէ օտարական մը քու քովդ պանդխտանալու ըլլայ ու Տէրոջը զատիկ ընել ուզէ, թող թլփատուի։ Այն ատեն կրնայ մօտենալ ու ինք երկրի բնիկի պէս թող ըլլայ. քանզի անթլփատ մէկը բնաւ անկէ պիտի չուտէ։
49 Բնիկին ու ձեր մէջ բնակող օտարականին մէկ օրէնք ըլլալու է»։
50 Իսրայէլին բոլոր որդիները Տէրոջը Մովսէսին ու Ահարոնին պատուիրածին պէս ըրին։
51 Նոյն օրը Տէրը Եգիպտոսի երկրէն հանեց Իսրայէլի որդիները իրենց զօրքերովը։