ԵԼԻՑ
Գլուխ 5
Ետքը Մովսէս ու Ահարոն, Փարաւոնին գացին ու ըսին. «Իսրայէլի Եհովա Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Իմ ժողովուրդիս թուլատրէ, որպէս զի անապատին մէջ ինծի տօնախմբութիւն ընեն’»։
2 Եւ Փարաւոն ըսաւ. «Եհովան ո՞վ է, որ անոր խօսքին մտիկ ընելով՝ Իսրայէլին թուլատրեմ։ Եհովան չեմ ճանչնար եւ Իսրայէլին ալ չեմ թուլատրեր»։
3 Անոնք ըսին. «Եբրայեցիներուն Աստուածը մեզի հանդիպեցաւ։ Հրաման տուր, որ երեք օրուան ճամբայ երթանք անապատին մէջ ու մեր Եհովա Աստուծոյն զոհ մատուցանենք, որ չըլլայ թէ ժանտախտով կամ սրով մեզի դէմ ելլէ»։
4 Եգիպտոսի թագաւորն ըսաւ անոնց. «Ո՛վ Մովսէս ու Ահարոն, ինչո՞ւ ժողովուրդը իրենց գործերէն ետ կը թողուք. գացէ՛ք, աշխատեցէք»։
5 Փարաւոն ըսաւ. «Ահա հիմա երկրին ժողովուրդը շատ է ու դուք կը դադրեցնէք զանոնք գործելէ»,
6 Փարաւոն այն օրը ժողովուրդին գործավարներուն ու անոնց վերակացուներուն հրամայեց.
7 «Երէկուան ու միւս օրուան պէս՝ ա՛լ ժողովուրդին յարդ մի՛ տաք աղիւս շինելու համար։ Թող իրենք երթան ու իրենց յարդ հաւաքեն։
8 Անոնցմէ ա՛յնքան աղիւս պահանջեցէք, որքան առաջ կը շինէին ու անկէ բան մը մի՛ պակսեցնէք. վասն զի ծոյլ են ու անոր համար կը պոռան՝ ‘Երթանք, մեր Աստուծոյն զոհ մատուցանենք’։
9 Թող գործը այս մարդոց վրայ ծանրանայ, որպէս զի անով աշխատին ու փուճ խօսքերու մտիկ չընեն»։
10 Եւ ժողովուրդին գործավարներն ու վերակացուները ելան եւ ժողովուրդին խօսեցան՝ ըսելով. «Փարաւոն այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես ձեզի յարդ չեմ տար.
11 Դուք գացէք, ձեզի յարդ ճարեցէ՛ք, ուրկէ որ կրնաք գտնել’. բայց ձեր գործէն բան մը պիտի չպակսի»։
12 Այսպէս ժողովուրդը Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ ցրուեցան՝ յարդի տեղ խոզան հաւաքելու համար։
13 Գործավարները կը ստիպէին զանոնք՝ ըսելով. «Ձեր ամէն օրուան գործը կատարեցէք, ինչպէս երբ յարդ ունէիք»։
14 Փարաւոնին գործավարները Իսրայէլի որդիներուն վրայ իրենց դրած վերակացուները ծեծեցին ու ըսին. «Ձեր վրայ դրուած աղիւսներուն չափը երէկ ու այսօր ինչո՞ւ չլմնցուցիք առաջուան պէս»։
15 Իսրայէլի որդիներուն վերակացուները եկան ու Փարաւոնին բողոքեցին՝ ըսելով. «Ինչո՞ւ քու ծառաներուդ այսպէս կ’ընես։
16 Քու ծառաներուդ յարդ չեն տար ու մեզի կ’ըսեն՝ ‘Աղիւսներ շինեցէք’։ Ահա քու ծառաներդ ծեծ կերան, մինչ յանցանքը ժողովուրդինն է»։
17 Անիկա ըսաւ. «Ծոյլ էք դո՛ւք, ծոյլ, անոր համար կ’ըսէք թէ՝ ‘Երթանք Տէրոջը զոհ մատուցանենք’,
18 Ուստի հիմա գացէ՛ք, բանեցէք ու ձեզի յարդ պիտի չտրուի, բայց աղիւսներուն թիւը պիտի պահանջուի»։
19 Իսրայէլի որդիներուն վերակացուները ինքզինքնին փորձանքի մէջ տեսան, երբ ըսուեցաւ թէ ‘Ամէն օրուան ձեր վրայ դրուած աղիւսներուն թիւէն չպակսեցնէք’»։
20 Փարաւոնին քովէն դուրս ելած ատեննին հանդիպեցան Մովսէսին ու Ահարոնին, որ իրենց կը սպասէին
21 Ու ըսին անոնք. «Տէրը ձեզի նայի ու դատէ՛. վասն զի գարշելի ըրիք մեր հոտը Փարաւոնին առջեւ ու անոր ծառաներուն առջեւ, մեզ սպաննելու համար անոնց ձեռքը սուր տալով»։
22 Մովսէս Տէրոջը դարձաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ այս ժողովուրդը փորձանքի մէջ ձգեցիր եւ զիս ինչո՞ւ ղրկեցիր։
23 Քու անունովդ Փարաւոնին գալէս յետոյ, անիկա այս ժողովուրդը փորձանքի մէջ ձգեց ու դուն բնաւ չփրկեցիր քու ժողովուրդդ»։